Այսօրուան աշխարհը արագ փոփոխութեան մէջ է։ Մարդկային կեանքը, մտածողութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցները եւ արժէքներու ընկալումը գրեթէ ամէն օր նոր ձեւեր կը ստանան։ Այս բոլոր փոփոխութիւններուն մէջ, յատկապէս մեր երիտասարդները կը գտնուին բազմաթիւ ազդեցութիւններու, հրապոյրներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ Սակայն այս իրականութեան մէջ իսկ աւելի հրատապ կը դառնայ մէկ մեծ հարցում՝ ինչպէ՞ս կրնանք պահել մեր ինքնութիւնը, մեր մշակութային ժառանգութիւնը եւ մեր սուրբ եկեղեցական աւանդութիւնները։
Հայ ժողովուրդին համար մշակոյթն ու հաւատքը իրարու խոտոր չեն։ Անոնք դարեր շարունակ կազմած են մեր ազգային էութեան երկու սիւները։ Մեր լեզուն, մեր երգը, մեր պատմութիւնը, մեր սրբավայրերը, մեր տօները, մեր ծէսերը եւ մեր եկեղեցին՝ բոլորը միասին հիւսած են այն հոգեւոր ու ազգային հարստութիւնը, զոր ժառանգած ենք մեր նախահայրերէն։ Այս ժառանգութիւնը միայն անցեալի յիշատակ մը չէ, այլ կենդանի աւանդ մը, որ պէտք է ապրի ներկային մէջ եւ փոխանցուի ապագայ սերունդներուն։
Այս առումով, երիտասարդութիւնը պարզապէս ապագայի յոյսը չէ. ան նաեւ ներկայի պատասխանատուն է։ Եթէ երիտասարդը չճանչնայ իր արմատները, դժուար պիտի ըլլայ անոր համար հաստատ մնալ ժամանակակից աշխարհի հոսանքներուն մէջ։ Իսկ եթէ ան սիրով մօտենայ իր լեզուին, իր եկեղեցիին, իր աւանդութիւններուն եւ իր պատմութեան, ապա ան ոչ միայն պիտի պահէ իր ինքնութիւնը, այլ նաեւ նոր կեանք պիտի տայ անոնց։
Մեր օրերուն, դժբախտաբար, շատ երիտասարդներ ենթակայ են այն մտածողութեան, թէ յառաջդիմութիւն կը նշանակէ հեռանալ սեփական արմատներէն։ Սակայն ճշմարիտ յառաջդիմութիւնը ինքնութիւնը կորսնցնել չէ, այլ՝ սեփական արմատներուն վրայ ամուր կանգնելով դէպի ապագայ ընթանալ։ Ժամանակակից ըլլալը չի նշանակեր մոռնալ մեր լեզուն, անտեսել մեր եկեղեցին, կամ թուլացնել մեր ազգային ու հոգեւոր պատկանելիութիւնը։ Ընդհակառակը, այս բոլորին գիտակից պահպանումն է, որ երիտասարդը կը դարձնէ աւելի ամբողջական, աւելի վստահ եւ աւելի խորունկ անհատ։

Այս գործին մէջ ընտանիքը, դպրոցը եւ եկեղեցին ունին անփոխարինելի եւ մեծ դեր։ Ընտանիքը առաջին վայրն է, ուր երեխան կը լսէ մայրենի լեզուն, կը սորվի աղօթել, կը ծանօթանայ իր ժողովուրդի պատմութեան եւ կը զգայ իր պատկանելիութիւնը։ Դպրոցը այդ հիմքին վրայ կը կառուցէ գիտելիք եւ գիտակցութիւն։ Իսկ եկեղեցին երիտասարդին կու տայ ոչ միայն հոգեւոր սնունդ, այլ նաեւ ապրող համայնքի զգացում՝ հաւատքի, սիրոյ եւ ծառայութեան մէջ։
Մասնաւորաբար այսօր, երբ շատ բաներ կրնան շեղել երիտասարդը իր կոչումէն ու ինքնութենէն, եկեղեցին պէտք է դառնայ անոր համար ոչ միայն աղօթավայր, այլ նաեւ տուն, դպրոց եւ ուղեցոյց։ Մեր երիտասարդները պէտք ունին զգալու, թէ եկեղեցին իրե՛նց կը պատկանի, թէ անոնք հոն սոսկ հանդիսատես չեն, այլ՝ մասնակիցներ, ծառայողներ եւ ժառանգորդներ։ Երբ երիտասարդը ներգրաւուի եկեղեցական կեանքին մէջ՝ որպէս դպրաց դասի անդամ, երգչախումբի մասնակից, երիտասարդական միութեան գործակից, կամ կամաւոր ծառայող, ան աւելի խոր կերպով կը զգայ իր կապը հաւատքին ու ազգին հետ։
Մշակութային ժառանգութեան պահպանումը նոյնպէս մեծ կարեւորութիւն ունի։ Հայ երգը, պարերը, գրականութիւնը, ազգային տօները, յիշատակի օրերը եւ մեր պատմական գիտակցութիւնը պէտք է ապրին երիտասարդ սրտերուն մէջ։ Ժառանգութիւնը թանգարանային իր մը չէ, որ միայն դիտուի հեռուէն. ան ապրելիք իրականութիւն է։ Երիտասարդը պէտք է գիտնայ, թէ ինք ո՛վ է, ուրկէ՛ կու գայ, եւ ինչպիսի՛ արժէքներու ժառանգորդ է։ Միայն այդ գիտակցութեամբ կրնայ ան արժանաւոր կերպով շինել իր ապագան։
Այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է քաջալերելու երիտասարդ սերունդը՝ սիրելու իր լեզուն, ապրելու իր հաւատքը եւ պահելու իր ազգային դիմագիծը։ Ոչ թէ պարտադրանքով, այլ սիրով. ոչ թէ խստութեամբ միայն, այլ օրինակով. ոչ թէ սոսկ խօսքով, այլ կենդանի վկայութեամբ։ Երիտասարդները աւելի դիւրութեամբ կը հետեւին այն ճշմարտութիւններուն, որոնք կ’ապրին իրենց դիմաց, քան անոնց, որոնք միայն կը քարոզուին։
Պէտք է ամէն ճիգ թափել, որ հայ երիտասարդը մնայ արթուն իր կոչումին նկատմամբ, ամուր՝ իր հաւատքին մէջ, հպարտ՝ իր ինքնութեամբ, եւ պատրաստ՝ պահելու ու փոխանցելու այն սրբազան ժառանգութիւնը, զոր մեզի աւանդած են մեր նախնիները։ Որովհետեւ երբ երիտասարդութիւնը կը պահէ իր մշակոյթն ու հաւատքը, այն ատեն ժողովուրդ մը ոչ միայն կը շարունակէ գոյատեւել, այլ նաեւ կը վերածնի՝ նոր ուժով ու նոր յոյսով։
Ե.