ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՕԹԸ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ

Ի՞նչ կը նշանակէ Խորհուրդ։

Քրիստոնէական Եկեղեցին, մեկնելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի խօսքերէն եւ տնօրինումներէն, հաստատած է եօթը խորհուրդներ, որոնք կ’օգնեն քրիստոնեայ հաւատացեալին ինքզինք յարատեւ կերպով Աստուծոյ օրհնութեան եւ ներկայութեան մէջ պահելու։

Խորհուրդները արարողութիւններ են, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կատարուի ձեռնադրուած եկեղեցականի մը  կողմէ, շօշափելի տարբեր նիւթերով, արարողական տարբեր աղօթքներով, եւ տարբեր ժամանակներու ընթացքին։

Խորհուրդներու ընթացքին Աստուծոյ Սուրբ Հոգին է որ անտեսանելիօրէն կը ներգործէ հաւատացեալի կեանքին մէջ։ Մենք այդ ներգործումը շօշափելի կերպով չենք կրնար տեսնել, այլ միայն՝ հաւատքով կ’ըմբռնենք։ Անոր համար ալ անոնք խորհուրդ կը կոչուին։

Որո՞նք են Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդները։

Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներն են.¬

1. ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ. Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով կը կատարուի Ս. Մկրտութիւնը։ Մկրտուելով՝ երախան (= չմկրտուած անձ, ինչ տարիքի ալ որ պատկանի) Ադամական կամ Սկզբնական մեղքէն կը սրբուի, Քրիստոսի Սուրբ արիւնով մեղքի ծառայութենէն կը գնուի, Երկնաւոր Հօր որդեգիր զաւակ կը դառնայ, Քրիստոսի հետ ժառանգակից կը դառնայ, Ս. Հոգիի տաճար կը դառնայ, եւ կ’անդամագրուի ու մաս կը կազմէ քրիստոնէական եկեղեցւոյ։

2. ԴՐՈՇՄ. Կը յաջորդէ Ս. Մկրտութեան խորհուրդին, որ Ս. Հոգիին շնորհքները ստանալու խորհուրդը ունի իր մէջ։ Ինչպէս որ Յիսուսի մկրտութեան ընթացքին Ս. Հոգին աղաւնակերպ երկինքէն իջաւ եւ հանգչեցաւ անոր վրայ, նոյն խորհուրդով՝ Միւռոնաթափ աղաւնիին մէջ լեցուած Ս. Միւռոնով կ’օծուի մկրտուող անձը։ Կ’օծուին անոր մարմնին իննը  մասերը. ճակատը, աչքերը, ականջները, քիթը, բերանը, ձեռքերը, սիրտը, կռնակը եւ ոտքերը։

3. ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ. Մկրտութենէն ե՛տքն անգամ հաւատացեալ մարդը ենթակայ է գայթակղելու կամ մեղանչելու։ Մեղքին անդրադարձումը, զանիկա զղջալն ու խոստովանիլը քրիստոնեայ մարդը վերստին կը հաստատէ իր Աստուածային որդեգրութեան կոչումին մէջ։ Ահա ա՛յս է Ապաշխարութեան խորհուրդը՝ անդրադարձումով, զղջումով ու խոստովանութեամբ Աստուծմէ թողութիւն եւ ներում խնդրել, խոստանալով՝ վերստին չկրկնել նոյն մեղքը։

4. ՊՍԱԿ. Աստուածային օրհնութեամբ եւ տնօրինումով երկու տարբեր անձեր՝ այր ու կին, միանալով կը դառնան մէկ մարմին, մէկ խորհուրդ, մէկ սիրտ ու մէկ հոգի, բարոյական մաքուր ու անաղարտ կեանքի դաշինք մը կնքելով իրարու միջեւ՝ Աստուծոյ աներեւոյթ ներկայութեան, կազմելով օրինակելի ընտանեկան բոյն մը։ Ս. Պսակը կը խորհրդանշէ նաեւ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին միութիւնը, ինչպէս նաեւ Յիսուսի, որպէս Փեսայ  եւ Եկեղեցին, որպէս Հարս  միութիւնը։

5. Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ. Քրիստոսի կողմէ հաստատուած մեծագոյն խորհուրդն է, որով Ս. Պատարագի ընթացքին օրհնուած հացն ու գինին աղօթքներով եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ կը սրբագործուին եւ փոխակերպուին Քրիստոսի Մարմնին ու Արեան։ Ս. Հաղորդութեամբ քրիստոնեայ մարդուն մեղքերը կը ներուին, հոգին կը բժշկուի, եւ կ’ապրի Յիսուսի մէջ ու Յիսուս ալ անոր մէջ։

6. ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. Քրիստոս, մեր Տէրը, իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին յատուկ կարգ ու հեղինակութիւն տուաւ իր առաքեալներուն՝ զանազան խորհուրդներ մատակարարելու համար հաւատացեալներուն։ Առաքեալները իրենց կարգին այդ նոյն հեղինակութիւնը փոխանցեցին իրենց յաջորդներուն, եւ անկէ յետոյ ալ շարունակուեցաւ եկեղեցւոյ նուիրապետական իշխանութեան միջոցաւ, որով մինչեւ այսօր եկեղեցւոյ մէջ յատուկ անձեր Ս. Հոգիին շնորհքները կը մատակարարեն հաւատացեալներու կեանքին մէջ։ Անոնք՝ ձեռնադրուած եկեղեցականներ են։

7. ԿԱՐԳ ՀԻՒԱՆԴԱՑ. Հիւանդներու եւ յատկապէս ծանր պարագաներու համար եղած յատուկ կարգ է՝ աղօթքներով եւ օրհնուած ձէթով հիւանդները օծելու եւ անոնց ցաւերը թեթեւցնելու։

Ժ. Շարունակելի