ՄԻՋ-ՅԱՐԱՆՈՒԱՆԱԿԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 111-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի Միջ-յարանուանական Մարմնին, Հայոց Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։

Արարողութեան ներկայ էին Թորոնթոյի հայ յարանուանութիւններու հոգեւորականները, ազգային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները, Լիբանանի Պատուոյ Հիւպատոսը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Շաբաթօրեայ Վարժարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ փունջ մը երգերով։ Այնուհետեւ օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Հայկ Քհնյ. Շահինեան։

Ապա, հոգեւորականներն ու ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը թափօրով ուղղուեցան Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին առջեւ, ուր կատարուեցաւ Բարեխօսական կարգը եւ տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղումը ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։

Օրուան յուշարար մթնոլորտը իր աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեամբ։

Իսկ Կիրակի, 26 Ապրիլ 2026-ին, եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հայրերը ներկայ եղան Հայ Կեդրոնէն ներս կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-ամեակի ոգեկոչական պաշտօնական ձեռնարկին, որուն ներկայ էին Հայ Կեդրոնին մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու անոնց ներկայացուցիչները եւ մեր ժողովուրդի զաւակները։ Աւարտին Գերպ. Հայր Սուրբը աղօթքով փակեց ձեռնարկը։