1) «Ս. Աստուած» երգին պատմութիւնը։
Ս. Պատարագի ընթացքին երգուող հոգեւոր երգերէն ժողովուրդին համար ամենէն ծանօթը եւ սիրելին «Ս. Աստուած» երգն է, որ ծանօթ է նաեւ «Երեքսրբեան» անունով։ Հետաքրքրական չէ՞ գիտնալ, թէ ե՞րբ եւ ո՞վ երգած է այդ երգը առաջին անգամ։
«Ս. Աստուած» երգը այնքան հին է, որքան հին է քրիստոնէութիւնը ինք։ Ըստ աւանդութեան, Յովսէփ Արիմաթացին, որ կրցած էր արտօնութիւն առնել Պիղատոսէն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարմինը Խաչէն վար իջեցնելու եւ թաղելու (Մատթէոս 27.57-58), երբ կը փորձէր Խաչէն վար իջեցնել Տիրոջ մարմինը, սաստիկ փոթորիկ մը կը սկսի փչել եւ Յիսուսի խոցուած վէրքերէն լոյս ճառագայթել, ահ ու դողի մատնելով Խաչին մօտ կանգնողները։ Բոլորն ալ կը զգան որ պիտի կորսուին։ Ահա այդ ժամանակ՝ Յովսէփ Արիմաթացին, երկու ձեռքերը բարձրացնելով Յիսուսի կը նայի ու այսպէ՛ս կ’աղօթէ. «Սո՛ւրբ Աստուած, Սո՛ւրբ եւ Հզօր, Սո՛ւրբ եւ Անմահ, որ խաչեցար վասն մեր, ողորմեա՛ մեզ»։ Այս խօսքերէն ետք՝ իսկոյն փոթորիկը կը դադրի ու Յիսուսի մարմինը խաչէն վար իջեցնելով՝ կը զետեղեն նորափոր գերեզմանի մը մէջ։
Իսկ ժամերգութեանց ընթացքին «Ս. Աստուած» երգին յաջորդող «Փառաւորեալ» մաղթանքը առաջին անգամ երգած է Թովմաս առաքեալը՝ Աստուածամօր Վերափոխման առիթով, ուր կ’ըսէ. «Փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սուրբ Կոյս Աստուածածին Մարիամ, Մա՜յր Քրիստոսի, մատո՛ զաղաչանս մեր Որդւոյ քո եւ Աստուծոյ մերոյ» (Ո՜վ փառաւորեալ եւ օրհնեալ միշտ սուրբ Կոյս Մարիամ, Աստուծոյ Մա՛յրը, մեր աղաչանքները ներկայացո՛ւր քու Որդիիդ՝ մեր Աստուծոյն)։
2) «Առաւօտ Լուսոյ» երգին պատմութիւնը։

Ս. Ներսէս Շնորհալիի գրած բազմահարիւր շարականներէն ամենէն շատ սիրուած երգերէն մէկն է «Առաւօտ լուսոյ»ն, որուն մասին աւանդութիւնը այսպէս կը պատմէ.
Ս. Ներսէս Շնորհալի տեսլիքի մը ընթացքին կը գտնուէր խոր վիրապի մը մէջ։ Սուրբ Հոգիին խորհուրդով կը սկսի երգել շարականի առաջին տունը, եւ կը յայտնուի արծաթափայլ աստիճան մը։ Կ’երգէ երկրորդ տունը, կը յայտնուի երկրորդ արծաթափայլ աստիճանը։ Եւ այսպէս՝ 36 տուն՝ Հայոց այբուբենի 36 գիրերուն համապատասխան։ Եւ Ք տառին հասնելով՝ վերջին 36-րդ աստիճանով կը հասնի խոր վիրապի ելքին եւ դուրս կու գայ անկէ։
Ի՜նչ վեհ խորհուրդ։ Նախքան այս շարականը եղանակելը՝ երգողը ինքզինք հոգեպէս կը զգայ մութին մէջ՝ մարմնական ու աշխարհիկ վայելքներու եւ ցանկութիւններու ճահիճին մէջ։ Երգելով ու ինքնամաքրող լոյսով լեցուելով՝ կարծես կը յայտնուի հոգեւոր փրկութեան լուսեղէն աստիճանի սանդխամատներուն վրայ, որոնք մարդը կը բարձրացնեն հոգիի մութէն՝ անոր պարգեւելով լոյսի ծփանք՝ ներսէն ու դուրսէն։
Ահա 36 տուներէն մի քանին.
Առաւօտ լուսոյ՝
Արեգակն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա։
Բղխո՛ւմն ի Հօրէ
Բղխեա՛ ի հոգւոյս
Բան քեզ ի հաճոյս։
Գանձդ ողորմութեան,
Գանձիդ ծածկելով
Գտող զիս արա։
Դո՛ւռն ողորմութեան,
Դաւանողիս բաց,
Դասեցո՛ վերնոցն։
Սէր անուն Յիսուս,
Սիրով քո ճմլեա՛
Սիրտ իմ քարեղէն։
Վասն գթութեան,
Վասն ողորմութեան,
Վերստին կեցո՛։
Փրկիչ բոլորից,
Փութա՛ զիս փրկել,
Փորձութեանց մեղաց։
Քաւիչ յանցանաց,
Քաւեա՛ զօրհնաբանս
Քեզ երգել զփառս։
Ժ. Շարունակելի