ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

Հայ Եկեղեցւոյ արարողութիւններուն ընթացքին երգուող հոգեւոր երգերը կը կոչուին Շարական։ Շարականը օրհներգութիւն է՝ ձօնուած ամենակալ Աստուծոյ։

«Շարական» բառը պարզ ածանցաւոր բառ է՝ շար(ք) + ական։ Սակայն կայ նաեւ այլ կարծիք մը, ըստ որուն՝ Շարական բառը կազմուած շար  շարք եւ ակ  (թանկագին քար) բառերէն, ուստի կը նշանակէ՝ «Թանկարժէք քարերու շարան», նկատի առնելով շարականներէն իւրաքանչիւրին գոհարանման արժէքը։

Շարականներ բովանդակող ժողովածու գիրքը կը կոչուի «Շարակնոց»։

Շարականները գրուած են շուրջ 1000 տարիներու ընթացքին՝ հինգերորդ դարէն մինչեւ տասնչորրորդ դար։

Շարական գրող բանաստեղծ հայրերը կը կոչուին Շարականագիր Հայրեր։ Անոնցմէ գլխաւորներն են՝ Ս. Սահակ Պարթեւ, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Ս. Մովսէս Խորենացի, Թարգմանիչ Ս. Վարդապետները, Ս. Յովհան Օձնեցի, Ս. Սահակ Ձորափորեցի, Ստեփանոս Սիւնեցի, Ս. Ներսէս Շնորհալի, Վարդան Վրդ. Արեւելցի եւ Յովհաննէս Վրդ. Պլուզ, եւ դեռ շատ ուրիշներ։

Շարականները գրուած են ութ ձայներու վրայ։ Իւրաքանչիւր ձայն իրեն յատուկ եղանակը ունի եւ ատոր համեմատ կ’երգուի։ Շարականներուն եղանակները ընդհանրապէս յօրինուած ու երգուած են շարականը գրող բանաստեղծին կողմէ, որ միաժամանակ՝ երաժիշտ եղած է։

Տասներեքերորդ դարուն, Շարականներու երգեցողութիւնը դիւրացնելու համար՝ անոնց վրայ կը դրուին տեսակ մը երաժշտական նշաններ, որոնք ծանօթ են Խազ անունով։ Այդ խազերը չափով մը կատարած են ձայնագրութեան, այսինքն՝ նօթայի դերը, եւ պահպանած՝ եղանակներու նկարագիրը։

Հայ Եկեղեցւոյ շարականները շատ արժէքաւոր են իրենց վսեմ բովանդակութեամբ, բանաստեղծութեամբ եւ հոգեզմայլ երաժշտութեամբ, որով նոյնիսկ օտարներու հիացմունք պատճառած են։ Ըսուած է, որ եթէ նոյնիսկ օր մը յանկարծ Աստուածաշունչը վերանայ աշխարհի երեսէն, կարելի է զայն վերականգնել Հայ Եկեղեցւոյ շարականներէն քաղելով։

Վերջին շրջանին, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրերու եւ կարգ մը շարականագէտներու, «Շարակնոց»ը վերածուեցաւ եւրոպական նոթաներու: Ձայնագրեալ Շարականներ անուան տակ:

Թ. Շարունակելի