Իմ Ճամբաս՝ Եկեղեցւոյ Ծառայութեան Մէջ

Անունս Սառա Սարգիսեան է: Եկեղեցիիս ծառայելը կեանքիս շատ կարեւոր մէկ մասն է։ Ծնած եմ Սուրիա եւ հինգ տարեկանիս տեղափոխուած եմ Գանատա։ Այդ օրէն ի վեր, ես եկեղեցւոյ մաս կը կազմեմ եւ միշտ կը փորձեմ օգտակար ըլլալ։ Փոքր տարիքէս սկսած եմ ծառայել եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեմ։ Եկեղեցին միայն վայր մը չէ, ուր կ’երթամ, ժամանակի ընթացքին, ան դարձած է իմ երկրորդ տունս։ 

Զանազան ձեւերով օգտակար կ՚ըլլամ մեր եկեղեցւոյ կեանքին։ Առաջին, մաս կը կազմեմ «Մեղրիկ Բարիքեան կրտսերաց դպրաց դաս»-ին։ Հոն, միայն երգել չէ։ Այլ՝ կը նշանակէ մասնակից դառնալ խմբային աշխատանքի եւ օգնել, որպէսզի եկեղեցին խաղաղ եւ գեղեցիկ ժամերգութիւն կատարէ։ Երբ կ՚երգենք, կը փորձենք մարդոց օգնել կեդրոնանալ, աղօթել, եւ Աստուծոյ աւելի մօտ զգալ։

Երկրորդ, ես նաեւ մաս կը կազմեմ Կիրակնօրեայ դպրոցին։ Հոն կը սորվիմ եւ միաժամանակ կը սորվեցնեմ փոքրիկներուն։ Նաեւ կամաւոր կերպով կը ծառայեմ կիրակնօրեայի ամառնային ճամբարին։ Այս փորձառութիւնը ինծի սորվեցուցած է համբերութիւն եւ առաջնորդութիւն։ Երբեմն կրնայ դժուար թուիլ, բայց շատ հաճելի է տեսնել պզտիկներուն ժպիտը երբ սորվիլ կ՚ուզեն։ 

Ինծի համար, որ եկեղեցւոյ մէջ մեծցած եմ, ան վայր մըն է, ուր ապահով եւ հանգիստ կը զգամ։ Հոն գործողները եւ ծառայողները ինծի համար ընտանիք են։ Անոնք ինծի քաջալերած են, ու քաջալերած իմ մասնակցութիւնս. այդ պատճառով ալ կ՚ուզեմ վերադարձնել այդ սէրը։ 

Ապագային, կը յուսամ շարունակել օգտակար ըլլալ զանազան միջոցներով իմ մասնակցութիւնս բերել եկեղեցւոյ կեանքին։ Կը քաջալերեմ նաեւ, որ ուրիշ պատանիներ ու երիտասարդներ ալ միանան եւ օգնեն, որովհետեւ այս միջավայրը իսկապէս մեծ տարբերութիւն կ՚ընէ մեր կեանքին մէջ։ 

Ի վերջոյ, իմ եկեղեցիս միայն շէնք մը չէ։ Ան համայնք մըն է, վայր մը, ուր ես մեծցած եմ, եւ իմ երկրորդ տունս է։ Անոր հոգալը մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար։

Սառա Սարգիսեան