ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀՐԱՇԱՓԱՌ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու խուռներամ մասնակցութեամբ, հանդիսաւորապէս մատուցուեցաւ Զատկուայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։

Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։

Սուրբ Խորանին սպասարկեցին սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, իսկ պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Ազնաւորեան» Դպրաց Դասը՝ Տիկ. Անուշ Գալստանեանի խմբավարութեամբ։

Իր քարոզին մէջ Գերպ. Հայր Սուրբը լուսաբանեց Սուրբ Յարութեան խորունկ խորհուրդը՝ ընդգծելով, թէ Աւագ Շաբաթը, որ սկսաւ Տիրոջ յաղթական մուտքով Երուսաղէմ, իր փառաւոր աւարտին հասաւ Յարութեան անսահման ուրախութեամբ։ Ան յիշեցուց, թէ մեր Տէրը, չարչարանքներու եւ խաչելութեան ճամբով անցնելով, Գողգոթա բարձրացաւ իբրեւ կատարեալ, անբիծ եւ անմեղ զոհ՝ հաճելի Աստուծոյ։ Սակայն այդ չարչարանքները վերջ չեղան, այլ նախաբան եղան Յարութեան հրաշափառ յաղթանակին։

Հայր Սուրբը նաեւ շեշտեց, որ այս խորհուրդը միայն պատմական իրադարձութիւն մը չէ, այլ մեր կեանքի կենդանի իրականութիւնը։ Մարդը կ’անցնի փորձութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ, բայց ան որ կը մնայ Տիրոջ հետ եւ հաւատարիմ կը շարունակէ իր ճամբան, ի վերջոյ կը մասնակցի Յարութեան լոյսին եւ փառքին։

Պատարագի աւարտին, սարկաւագաց դասը անգամ մը եւս հնչեցուց Քրիստոսի Յարութիւնը աւետող «Այսօր Յարեաւ» շարականը՝ լեցնելով եկեղեցին ու հաւատացեալներու սիրտերը՝ հոգեւոր ցնծութեամբ։ Սուրբ Հաղորդութենէն ետք, փոքրիկներուն բաժնուեցան շոկոլատներ՝ աւելցնելով տօնական ուրախ մթնոլորտը եւ Զատկուան ցնծութիւնը անոնց սրտերուն մէջ։