ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ

Երկուշաբթի, 6 Ապրիլ 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ մեռելոցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյ սարկաւագները իսկ երգեհոնը նուագեց՝ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեան։

Իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը խորհրդածեց Մարկոս Աւետարանի 16-րդ գլխուն 1–8 համարներուն վրայ՝ Զատկական առաւօտեան դէպքերուն խոր իմաստը ներկայացնելով։

Ան ըսաւ, թէ Զատկուան պատմութիւնը միայն Քրիստոսի յարութեան մասին չէ, այլ նաեւ այն մեծ ճշմարտութեան, որ Աստուած Ինք կը գլորէ մեր կեանքին մէջ գտնուող «քարերը»՝ վախերը, մեղքերը եւ արգելքները, որոնք մեզ կը հեռացնեն Իրմէ։ Ինչպէս կիները հաւատքով քալեցին դէպի գերեզմանը, նոյնպէս մենք եւս կոչուած ենք վստահելու Աստուծոյ, նոյնիսկ երբ չենք տեսներ լուծումը։ Յարուցեալ Քրիստոսը կը մտնէ մեր «փակ դռներուն» ետեւ, կ’ազատէ մեզ վախէն եւ կը նորոգէ մեր կեանքը՝ մեզ դարձնելով Իր կենդանի վկաները։ Ուստի, Զատիկը յոյսի եւ ազատութեան կոչ մըն է, վստահեցնելով, թէ Աստուծոյ համար գոյութիւն չունի ոեւէ մէկ քար, որ Ան չի կրնար գլորել։