«Ան թաղուեցաւ… որպէսզի մենք ապրինք»։
Թաղումը ոչ սովորական մարդու մը, այլ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի։
Խաչէն ետք գերեզմանի առջեւ է, որ կը կանգնինք։
Երկինքը մթագնած է եւ մարդուն սիրտը խաւարացած։
Կեանքի պարգեւիչը անշունչ պառկած է։
Խոր լռութիւն կը տիրէ։
Ծանր է պահը եւ սակայն լռութեան մէջ խօսուն պատգամ մը կայ՝ ՅՈՅՍԻ։

Յովսէփ Արիմաթացին ամենայն յարգանքով եւ պատւով կը թաղէ մարմինը Յիսուս Քրիստոսի։
Կարծէք աւարտած էր ամէն ինչ։ Մեր կեանքին մէջ ալ յաճախ «թաղումներ» կ՚ունենանք. երազներ եւ յոյսեր կը թաղենք։ Նոյնիսկ ամենաթանկը՝ մեր հաւատքը կը թաղենք, կը գերեզմանենք պահի տակ, մոռնալով ճշմարիտը։
Այո՛, Աստուած լուռ է եւ մենք խաւարին մէջ։
Լռութիւնը սակայն, Աստուծոյ բացակայութիւնը չէ, այլ պատգամը՝ ՅՈՅՍԻ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԻ եւ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ։
Գերեզմանը, ոչ թէ կը դառնայ վախճանը կեանքի, այլ՝ կամուրջը յաւիտենական կեանքի։
Քարը գլորուած է գերեզմանի մուտքին, բայց ոչ վերջնականապէս։
Գերեզմանը լուռ է, բայց ոչ մշտական։
Քրիստոս թաղուած է… բայց գերեզմանէն ՅՈՅՍԻ, ԼՈՅՍԻ եւ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ բոյրն է, որ կը տարածուի։
Քրիստոս մահը ճաշակեց, որպէսզի մենք կեանքը ճաշակենք։
Քրիստոս գերեզման իջաւ, որպէսզի մեղաւոր մարդն ալ գերեզման իջնէ. հին մարդը թաղուի եւ ՆՈՐ ՄԱՐԴԸ յարութիւն առնէ Քրիստոսով։
Աղօթարար՝
ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի