Առաջնորդին Պատգամը Ս. Զատկուան Առիթով ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅՈՒՍԱԴՐԻՉ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ

 «Ո՞ւր է, մա՛հ, յաղթանակդ.

Ո՞ւր է, մա՛հ, քու խայթոցդ»

(Ա. Կորնթ. 15.58)։ 

            Մեծ Պահոց քառասնօրեայ հոգեւոր ճամբորդութեան ընթացքին, մեզի ուղեկից եղան ոսկեայ շղթայի նման իրար ագուցուած Կիրակիներու խորհուրդներն ու պատգամները։ Անդրադարձանք դրախտային, բարի ու աաստուածաշնորհ կեանքին։ Անհնազանդութիւնը՝ աստուածային կամքին, պատճառ դարձաւ մարդուն արտաքսման Աստուծոյ ներկայութենէն ու մեղքի տիղմին մէջ ընկղման։ Մարդը անառակ ու զեղխ կեանք ապրելով մսխեց իրեն տրուած աստուածապարգեւ կեանքը ու կորսնցուց աստուածային պատկերի նմանութիւնը։ Իրեն տրուեցաւ առիթ անդրադարձի՝ խոստովանութեամբ, զղջումով, ապաշխարութեամբ կեանքի ընթացքը փոխելու եւ վերադառնալու հայրական գիրկ, եւ բարի ու արդար տնտեսութեամբ վերականգնելու իր մէջ խաթարուած աստուածային ճշմարիտ պատկերը, սպասելով Տիրոջ գալուստին։

Այնպէս ինչպէս գարունը յաղթական մուտք կը գործէ բնութեան մէջ, Քրիստոս ալ յաղթական մուտք կը գործէ Երուսաղէմ, Աստուծոյ տունը, աղօթքի վայրը՝ տաճարը մաքրագործելու եւ սրբագործելու: Անգամ մը եւս խոնարհութիւն ու սէր կը բարձրաձայնէ, օրինակ դառնալով կը լուայ աշակերտներուն ոտքերը։ Բայց ահա Գեթսեմանիով եւ Գողգոթայով կարծէք ամէն ինչ կ՚աւարտի, գեղեցիկ կեանքի մը վարագոյրը կ‘իջնէ: Յուսահատութիւն, փախուստներ, ուրացում եւ գերեզման՝ վերջակէտը եւ քարով փակուած դուռը։ Նոյն պատկերը մեր կեանքի մրրկալից փոթորիկներու պատկերն է։ Յաճախ կը կանգնինք մեր «գերեզմաններուն» առջեւ, չբուժուած վէրքեր, կորուստներ, ցաւեր… Կը կանգնինք դժուարութիւներու դիմաց, անհանգստութիւններով կը տագնապինք, որպէս անհատ, ընտանիք կամ հաւաքականութիւն, եւ յուսահատօրէն կը կարծենք ամէն ինչ աւարտած է։ Յաճախ հարցում մը կը չարչրկէ մեր միտքն ու հոգին, «ո՞ւր է Աստուած» մեր տառապանքներուն ու դժուարութիւններուն մէջ։

Մարդկային կեանքի ընթացքին ալ կան պահեր, երբ ամէն ինչ գերեզմանի մը նման կը փակուի մեր դիմաց։ Երբ խաւարը աւելի տիրական կը դառնայ քան լոյսը։ Երբ աղօթքը կարծես կը լռէ եւ պատասխան չ‘ունենար։ Մահը սարսափելի ու վախազդու իրականութիւն կը դառնայ։ Բայց ի՜նչ մեծ հրաշք… Յաղթանակի երգը կը շեփորուի՝ մեծագոյն աւետիսը կը տրուի աշխարհին։ Եկինքն ու երկիրը իրար կը հանդիպին եւ զիրար կը գրկեն։
Մարդկային տագնապն ու տխրութիւնը կը վերանան ու մարդոց սրտերը աստուածային մխիթարութեամբ կը լեցուին։ Խաւարը կը փարատի եւ արդարութեան մշտնջենական լոյսն է, որ տիրական կը դառնայ։ Մարդը մեղքերու ծանրութենէն կը թեթեւնայ։ Մարդկային կեանքի ծովուն մրրկեալ ալիքները կը խաղաղին։ Վէրքերը կը բուժուին, մահուան սարսափը կը չքանայ։ Աշխարհը ուրախութեամբ ու ցնծութեամբ կը լսէ յաւիտենական ճշմարտութիւնը, որ գերեզմանի քարը գլորուած է. Գերեզմանը թափուր է. Քրիստոս յարութիւն առած է։ Եւ այս ճշմարտութիւնը կը փոխէ ամէն ինչ։ Քրիստոսի յարութեամբ յուսահատ առաքեալները կը յուսադրուին, նոր ոգիով զօրացած կը պատրաստուին շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը, դառնալու սիրոյ, խաղաղութեան եւ Լոյսին վկաները։

           Յարուցեալ Փրկչին հաստատակամ ձայնն է որ կը լսուի դարձեալ. «Մի՛ վախնար, միայն հաւատա»։  

           Հետեւաբար, ամբողջ սրտով սրտագինս գոչենք. Մահը պարտուած է, Սէրը յաղթանակած է։ Յոյսը յաղթած է։ Մարգարէին խօսքն է որ կ՛իրականանայ, եւ Պօղոս Առաքեալ քաջ ու յաղթական ձայնով դարձեալ կը յիշեցնէ, որ բոլորս բարձրաձայն աղաղակենք՝ «Մահը կլանուեցաւ յաղթանակը շահուեցաւ։ «Ո՞ւր է, մահ, յաղթանակդ. Ո՞ւր է, մա՜հ, քու խայթոցդ»։ Քրիստոս յարութիւն առաւ։ Հրեշտակները կը ցնծան։ Աշխարհը կը լսէ այս ճշմարտութիւնը։ Լոյսը յաղթեց խաւարին։ Սէրը յաղթեց եւ մեղքի խայթոցը պարտուեցաւ։

 Յարուցեալ փրկիչը՝ Քրիստոս մահուան վրայ յաղթանակ տարաւ եւ իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց։ Յարութիւնը դարձաւ սկիզբ նոր կեանքի։ Այլեւս ողորմութեան դուռը փակ չէր մեղաւոր մարդուն առջեւ, ընդհակառակը բացուած էր հոգեւոր վերածնունդի Նոր Ճանապարհը ։

 Թող Յարուցեալ Տէրը մխիթարէ, զօրացնէ եւ առաջնորդէ մեզ դէպի ՅՈՒԴԱԴՐԻՉ ՍԿԻԶԲԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ։  

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց։


Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։ Ամէն։ 

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Առաջնորդ

Գանատայի Հայոց Թեմի