Պատուանդանը փայտեղէն կամ քարեղէն այն բարձրութիւնն է, որ անհատը գետնէն քիչ մը բարձր կը պահէ:
Եկեղեցւոյ յարկէն ներս նման մի քանի մնայուն պատուանդաններ կան:

Առաջին՝ պատուանդան հասկացողութեամբ չէ անշուշտ, բայց կ’արձանագրենք, որովհետեւ գետնէն շուրջ չորս մատ բարձրութիւն մը ունի, այդ Աջակողմեան դասէն մինչեւ Ձախակողմեան դասն է, ներգրաւելով Մայր Խորանին եւ բեմին կից այն բաժինը, որ տրամադրուած է եկեղեցականներուն եւ ծիսական արարողութեանց մասնակցողներուն:
Երկրորդ՝ բեմին վրայ ճիշդ սեղանին կից, ուր պատարագիչ եկեղեցականը կը կենայ, չորս մատ բարձրութեամբ պատուանդան մը կայ: Անցեալին պատուանդանի փոխարէն բարձ մը կամ բազմոց մը կը դնէին պատարագիչի ոտքերուն տակ:

Երրորդ՝ Հայրապետական կամ առաջնորդական գահին ներքեւ, բազկաթոռը բարձր պահելու դիտաւորութեամբ: Երբ պատուանդանը որոշ բարձրութենէ մը աւելի ըլլայ սանդղամատ մը կ’աւելցնեն, բարձրանալը դիւրացնելու համար:
Երբեմն Ձախակողմեան դասին մէջ, երբ պատուակալ արքեպիսկոպոս մը հիւր ըլլար, բազկաթոռին տակ մասնաւոր պատուանդան մը կը դնէին նախ յարգանքի եւ ապա աչքառու դարձնելու համար հիւրին ներկայութիւնը:
Վերջապէս պատուանդան հասկացողութեամբ մենք պէտք է իմանանք նաեւ Ս. Սեղանի բազմոցին սանդղամատերուն վրայ դրուած հաստատուն այն մասերը, որոնց վրայ աւելի ապահով հանգչած կը մնան եկեղեցական զանազան սպասները՝ խաչերն ու ճաճանչները: