Բարի երեկոյ, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Նախ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Գարեգին Շխրտմեանին, քահանահայր՝ Տէր Տաթեւ Միքայէլեանին եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբին, որոնք այս առիթը ընծայեցին ինծի, որպէսզի միասին խորհրդածենք Աստուծոյ խօսքին շուրջ։
Ահաւասիկ հասած ենք Մեծ Պահոց այս օրհնեալ ճամբորդութեան վերջին շաբաթը։ Քառասնօրեայ այս ընթացքը մեզի համար եղաւ ոչ միայն պահեցողութեան շրջան, այլ՝ հոգեւոր վերանորոգումի, ինքնաքննութեան եւ Աստուծոյ մօտենալու ժամանակ։ Մենք լսեցինք խորհրդածութիւններ, մասնակցեցանք ժամերգութիւններու, եւ այսօր մենք մեզի պէտք է հարցնենք, եւ մենք մեզի խորհինք, թէ այդ բոլորը եւ այս քառասնօրեայ շրջանը ի՞նչ փոխեց մեր սրտին մէջ։
Այսօրուան մեր Աւետարանական ընթերցումը առնուած է Յովհաննու Աւետարանի 12-րդ գլխու1-11 համարներէն, ուր կը տեսնենք Յիսուս Բեթանիոյ մէջ՝ Ղազարոսի տան մէջ։ Այս տունը սովորական տուն մը չէր․ հոն սէր կար, բարեկամութիւն կար, եւ մանաւանդ Աստուծոյ զօրութեան կենդանի վկայութիւն մը. որովհետեւ Ղազարոսը, որուն տունին մէջ էր Յիսուս, Յիսուսի ձեռքով մեռելներէն յարութիւն առած էր, յիշեցնելով մեզի, թէ մեր եւ միակ Աստուածը կեանք տուող Աստուած է։
Այժմ կ’ընթերցեմ աւետարանական հատուածը։
«Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ, հոն՝ ուր Ղազարոսը կ’ապրէր, այն մարդը՝ որ մեռած էր եւ որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր։ Հոն իրեն ընթրիք պատրաստեցին։ Մարթան կը սպասարկէր եւ Ղազարոսն ալ սեղանակիցներէն մէկն էր։ Ընթրիքի ատեն Մարիամ շիշ մը ազնիւ եւ սուղ նարդոսի իւղ առնելով՝ օծեց Յիսուսի ոտքերը եւ իր մազերով սրբեց զանոնք։ Տունը իւղին անուշահոտութեամբ լեցուեցաւ։ Աշակերտներէն մէկը՝ Յուդա Իսկարիովտացին, որ զայն մատնողը պիտի ըլլար, ըսաւ
– Ինչո՞ւ այդ իւղը երեք հարիւր արծաթ դահեկանի չծախուէր եւ աղքատներուն չտրուէր։
Անիկա ըսաւ՝ ո՛չ թէ անոր համար որ կը մտահոգուէր աղքատներով, այլ որովհետեւ գող էր։ Իր քով կը գտնուէր գանձանակը եւ ի՛նչ որ հոն կը ձգուէր՝ անկէ կ’օգտուէր։ Յիսուս պատասխանեց.
– Ազա՛տ ձգէ զինք, որովհետեւ թաղումիս օրը ըլլալիքն է որ հիմա կ’ընէ։ Աղքատները ամէն ատեն ձեզի հետ ունիք, բայց զիս միշտ ձեզի հետ չունիք։
Այս դրուագին մէջ երեք կերպարներ կը յայտնուին մեր առջեւ՝ Մարթան, Մարիամը եւ Յուդան։ Բայց այս երեքը միայն անձեր չեն․ անոնք երեք հոգեւոր վիճակներ են, որոնք այսօր ալ մեր մէջ կը գտնուին։
Եկէք խօսինք իւրաքանչիւրին մասին։
Մարթան կը կարդանք որ ծառայութեամբ զբաղուած էր. զբաղ էր Տիրոջ ընթրիք պատրաստելով եւ սպասարկելով իրեն։ Ան զբաղած էր, կը հոգար, կը պատրաստէր, կը վազէր։ Անիկա վատ բան չէր ըներ։ Ընդհակառակը՝ ծառայութիւնը սուրբ է։ Բայց Մարթային վտանգը այն է, որ երբեմն ծառայութիւնը կրնայ փոխարինել ներկայութիւնը։ Այսինքն՝ մարդ կրնայ այնքան զբաղուիլ Աստուծոյ համար գործելով, որ մոռնայ Աստուծոյ հետ ըլլալը։
Մենք ալ այդ վիճակին մէջ չե՞նք կրնար գտնուիլ։ Այ՛ո կրնանք։ Երբ գործենք, հոգնինք, կազմակերպենք Աստուծոյ համար, բայց Աստուծոյ հետ ժամանակ չանցնենք։ Երբ մոռնանք, որ ամէն բանէ առաջ Աստուած մեր սիրտը կ’ուզէ իրեն նուիրենք։
Պատմութեան մէջ երկրորդ տիպարը՝ Մարիամն է։
Մարիամ, բոլորովին ուրիշ ճանապարհ մը ընտրած էր։ Միւս աւետարաններէն գիտենք, որ ան Տիրոջ ոտքերուն քով նստած էր եւ Անոր մտիկ կ’ընէր։ Տիրոջ ներկայութեան մէջ կ’ուզէր մնալ եւ կարծես աւելի կարեւոր բան չկար իրեն համար։ Իսկ Յովհաննու աւետարանիչը, նաեւ կը յիշէ, թէ ան շատ սուղ՝ նարդոսի իւղ մը բերաւ, թափեց Յիսուսի ոտքերուն եւ իր մազերով սրբեց Յիսուսի ոտքերը։ Եւ պատահական չէ որ Յովհաննէս աւետարանիչ կը յիշէ, թէ այս իւղը «ազնիւ» եւ «սուղ» իւղ էր։ Կարծես ըսել կ’ուզէր, եւ կ’ուզէր ցոյց տալ, թէ Մարիամին համար, որքա՜ն աւելի արժէքաւոր էր Յիսուս քան այն իւղը, որքա՜ն Յիսուս ամենէն լաւին արժանի էր։

Այս դէպքը այսօր մեզի յիշեցում մըն է։ Երբ մեր օրերը լեցուն են տարբեր տեսակ զբաղումներով, հեռաձայններով, աշխատանքով եւ անվերջ պարտաւորութիւններով, մենք յաճախ Աստուծոյ կու տանք միայն այն ինչ որ կը մնայ օրուայ հեւքէն անդին կը մնայ։ Բայց Մարիամ կը յիշեցնէ, թէ Տէրը արժանի է ոչ թէ մեր «մնացորդին», այլ՝ մեր լաւագոյնին։ Մարիամ մեզի համար դաս է, որ գիտակցաբար ընտրենք Յիսուսը՝ մեր օրուան կեդրոնը դարձնելով զայն. ժամանակ յատկացնենք աղօթքի, Աստուածաշունչի ընթերցման եւ Տիրոջ ներկայութեան մէջ մնալու, նոյնիսկ երբ կեանքը ծանր է եւ ժամանակը՝ սուղ։ Որովհետեւ պարտականութիւն չէ մեր հաւատքը, որ պէտք է լրացնենք երբ առիթը ունենանք, այլ յարաբերութիւն է, որ սիրոյ ծնունդը պէտք է ըլլայ այնպէս ինչպէս ուշադրութիւն կու տանք եւ մեր ժամանակն ու ամենալաւը կը տրամադրենք անոնց որոնց կը սիրենք։
Պէտք է մտածենք, ինչպէ՞ս կրնանք աղօթել երբ ժամանակ չունինք. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ ներկայութեան մէջ հաւաքուիլ եւ եկեղեցւոյ մէջ աղօթել, ո՛չ թէ միայն տօնական օրերուն այլ ամէն առիթի. Պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է աղօթել, երբ նաեւ ծանրաբեռնուած ենք ու խճողուած։
Մարիամի ըրածին մասին երբ կարդանք, աւետարանիչը կ’ըսէ «տունը լեցուեցաւ իւղի բոյրով»։ Մենք ալ, երբ Տիրոջ մեր լաւագոյնը տանք, մեր ալ կեանքը օրհնութեան բոյր կը դառնայ եւ ուրիշներ կը տեսնեն. Մեր հաւատքը կը զգացուի, մեր ներկայութիւնը կը ներգործէ եւ մեր կեանքը խօսուն կը դառնայ, որովհետեւ Տէրն է որ ներկայ կ’ըլլայ այդ կեանքին մէջ։
Վերջապէս կը հասնինք դրուագին մէջ գտնուող երրորդ անձնաւորութեան՝ Յուդան։
Յուդան, բոլորովին այլ պատկեր մը կը ներկայացնէ։ Ան կը քննադատէ, Մարիամին ըրածը։ կ’ըսէ, «ինչո՞ւ չծախուեցաւ եւ աղքատներուն չտրուեցաւ»։ Թէեւ անոր խօսքերը տրամաբանական են, եւ աղքատներուն օգնելու լաւ առիթ, սակայն աւետարանիչը կը բացայայտէ իր սիրտը՝ ըսելով որ ան գող էր։
Ահաւասիկ Յուդան որ Յիսուսի մօտ էր բայց Յիսուս իր մէջ չէր։ Արտաքնապէս կը հետեւէր Յիսուսին, բայց ներքուստ հեռու էր։
Մենք ո՞ւր ենք այսօր։
Մարիամի պէս՝ խոնարհ ու սիրով լեցուա՞ծ,
Մարթայի պէս՝ ծառայող, բայց երբեմն հոգնած ու շեղուա՞ծ,
Թէ՞ Յուդային պէս՝ մօտ, բայց սրտով հեռու։
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Մեծ Պահքը իր աւարտին կը մօտենայ, բայց անոր նպատակը այստեղ չի վերջանար։ Ան մեզ կը պատրաստէ Սուրբ Յարութեան ուրախութեան, բայց նախ մեր սիրտը փոխելու կը հրաւիրէ։ Եւ ասիկա ամենակարեւոր քայլն է՝ վերադառնալ Յիսուսի ոտքերուն քով, ո՛չ թէ մեծ խօսքերով, այլ՝ պարզ, անկեղծ սրտով։
Տանք Իրեն մեր ամենէն ազնուական ու սուղը. Տանք մեր ժամանակը, մեր սէրը, մեր կեանքը եւ ամբողջութիւնը, որովհետեւ Յիսուս արժանի է ոչ թէ քիչին, այլ՝ ամէնուն։
Իսկ մեր կեանքերը, Մարիամի իւղին պէս, լեցուին Աստուծոյ ներկայութեան բոյրով, եւ այդ բոյրը տարածուի մեր ընտանիքներուն, մեր համայնքին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ։
Ամէն։
Սեւանա Աւագեան