Ամէն տարի Ծաղկազարդի տօնին նախորդ Շաբաթ օրը, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը տօնէ Ղազարոսի յարութեան յիշատակը:

Յիսուս երբ օր մը Երիքով կը գտնուէր, լսեց Մարթայի եւ Մարիամի եղբօր Ղազարոսի մահը եւ իր աշակերտներուն ըսաւ. «Մեր բարեկամը՝ Ղազարոս քնացած է, երթամ արթնցնեմ զինք» (Յհ 11.11): Երբ բեթանիա կը հասնի իր աշակերտներուն ընկերակցութեամբ, Ղազարոսին քոյրը՝ Մարթա լալով կը մօտենայ Քրիստոսի եւ կ’ըսէ. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ» (Յհ 11.12): Յիսուս կը պատասխանէ .«Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.23): Մարթա կը պատասխանէ. «Գիտեմ որ յարութիւն պիտի առնէ» (Յհ 11.24): Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպետեւ մեռնի՝ պիտի ապրի: Իսկ ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ երբեք պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ըսածիս: (Յհ 11 .25-26): «Այո՝, Տէ՜ր, պատասխանեց Մարթա, կը հաւատամ թէ դուն ես Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գայիր» (Յհ 11.27):
Մարթայի հետ ունեցած երկխօսութենէն Քրիստոս շատ գոհ կը մնայ, որովհետեւ այս զրոյցով Մարթայի ներսիդին գտնուած թերահաւատութիւնը կը վերածուի հաւատքի խոստովանութեան, Մարթա ըսել կ’ուզէ՝. «Ինչպէ՞ս չեմ հաւատար, Տէր իմ, միշտ ալ հաւատացած եւ խոստովանած եմ, թէ դուն բոլորիս սպասուած Մեսիան ես, Օծեալ Քրիստոսը, Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհի փրկութեան համար պիտի գայիր»:
Ո՞ւր դրիք զայն կ’ըսէ Յիսուս յուզուած: Երկու քոյրերը կ’առաջնորդեն զինք Ղազարոսի գերեզմանը: Հսկայ ամբոխ մը կը հետեւի անոնց: Յիսուս կը հրամայէ որ վերցնեն գերեզմանին քարը: Յետոյ կը մօտենայ, աչքերը երկինք կը բարձրացնէ ու կ’ըսէ.
«Հա՜յր, շնորհակալութիւն քեզի՝ որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս, բայց ինչ որ այսօր կ’ըսեմ՝ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ’ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս» (Յհ 11.41-42): Ապա բարձր ձայնով կը կանչէ. «Ղազրոս, դո՛ւրս եկուր» (Յհ 11.43): Յանկարծ գերմարդկային երեւոյթ մը կը պարզուի՝ իսկոյն մեռեալը կը հնազանդի եւ գերեզմանէն դուրս կ’ելլէ:
Ղազարոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ բոլոր քրիստոնեաներուն յարութինը՝ հանդերձեալ կեանքին մէջ: Քրիստոս կը փորձէ մարդոց հոգիէն վանել մահուան սարսափը, հաստատելով հոգիի անմահութեան գաղափարը: Այս արարքով Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ, թէ մահուան իմաստը կեանքին մէջ է: Անոնք որոնք գիտեն կեանքէն դէպի կեանք երթալ, իրենց հոգիին մէջ ունին Քրիստոսի խոստացած կեանքը, որովհետեւ ինք ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Իսկ ժամամուտի շարականը կ’ըսէ. «Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»:
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Մեծ Պահոց եօթներորդ Կիրակին կը կոչուի Ծաղկազարդ, որ կը ներկայացնէ Յիսուսի հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ, եւ ժողովուրդական խանդավառ ընդունելութիւնը «Ովսաննա՜, Օրհնեալ է թագաւորը որ կու գայ Տիրոջ անունով. Խաղաղութի՜ւն երկնքի մէջ եւ փա՜ռք Բարձրեալին Օրհնութիւն» (Ղկ 19.38):
Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը մաս կը կազմէր Աստուծոյ փրկագործական ծրագրին: Աստուած Զաքարիա մարգարէին բերնով ըսած էր. «Երուսաղէմի ըսէք. -Ահա թագաւորդ քեզի կու գայ անիկա հեզ է, նստած՝ իշու մը աւանակին վրայ» (Մտ 21.5):
Կանխաւ ըսուած մարգարէութիւնը իրականացաւ Քրիստոսով. «Պէտք է որ իրականանային Մովսէսի Օրէնքի գիրքին, մարգարէական գիրքերուն եւ սաղմոսներուն մէջ իմ մասիս գրուածները» (Ղկ 24.44): Այս խօսքերով Քրիստոս գործնականապէս ցոյց տուաւ իր անձի խոնարհութիւնը եւ Հօր Աստուծոյ հնազանդութիւնը: Ընդհանրական եկեղեցւոյ հայրերէն Յովհան Ոսկեբերան հիացումով կ’արտայայտուի ըսելով. «Երկնաւոր Երուսաղէմի երկրաչափը երկրաւոր Երուսաղէմ մուտք գործեց ո՛չ թէ հրեղէն կառքով, այլ՝ հեզ աւանակով»:
Ժողովուրդը մեծ խանդավարութեամբ դիմաւորեցին Քրիստոսը, սովորականէն տարբեր ընդունեցին զինք՝ արմաւենիի ոստեր, ձիթենի ճիւղեր գետնատարած սփռելով, օրհնութիւններ երգելով եւ ովսաննաներ կանչելով կը փառաւորէին զԱստուած:
Արմաւենին կը խորհրդանշէ արդար մարդը, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ. «Արդարը արմաւենիի պէս պիտի ծաղկի» (Սղ 92.12): Ձիթենիի ճիւղերը խաղաղութիւն կը խորհրդանշէ: Նոյ նահապետ երբ երկրորդ անգամ տապանէն աղաւնի մը արձակեց, աղաւնին վերադարձաւ ձիթենիի ճիւղով, ինչ որ ցոյց կու տար, թէ ջուրերը նուազած են, եւ խաղաղութիւն կը տիրէ ամէն կողմ:
Աստուած խաղաղութիւն հաստատեց իր Միածին Որդիով: Պօղոս առաքեալ կը վկայէ ըսելով. «Անոր ձեռքով ուզեց իր հետ հաշտեցնել ամէն բան, երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ, խաղաղութիւն հաստատելով խաչի վրայ մահուամբն անոր» (Կղ 1.20):
Հրեաներ կը կարծէին թէ Յիսուս եկած է երկրաւոր թագաւորութիւն հաստատելու, որովհետեւ կը հաւատային թէ Մեսիան պիտի գար ազատագրելու զիրենք հռոմէական իշխանութեան լուծէն: Սակայն Յիսուս աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը ազատելու մեղքի գերիշխանութենէն: Հրեաները իրենց այլամերժութեան պատճառաւ կուրցած էին, քանի չկրցան հասկնալ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան նպատակը:
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ կան ժողովրդական կարգ մը սովորութիւններ, որոնք աւելի յատկանշական կը դարձնեն օրուան տօնախմբութիւնը:
Ծաղկազարդի տօնին, եկեղեցին կը զարդարուի՝ արմաւենիի ոստերով եւ ձիթենիի ճիւղերով: Փոքրիկներ նոր զգեստներով, զարդարուած մոմերը ձեռքերնին մաս կը կազմեն եկեղեցական թափoրին: Նորապսակ զոյգեր, նոյն օրը եկեղեցիէն կ’ուղղուին դէպի հարսին ծնողքին այցելելու:
Ծաղկազարդի օրը նաեւ ժողովրդական սովորութեան համաձայն կը տօնախմբուի գարնանային եղանակի սկիզբը, ինչպէս յստակ է եւ նշմարելի բոլորին, ամէն կողմ բնութեան ծաղկումը, նոյն օրը եկեղեցւոյ մէջ ձիթենիի ճիւղեր կ’օրհնուին եւ կը բաժնուի ներկայ հաւատացեալներուն:
Ծաղկազարդի օրը, երեկոյեան հայ եկեղեցւոյ մէջ դռնբացէքի արարողութիւն կը կատարուի: Այս արարողութիւնը կը խորհրդանշէ Յիսուսի յաճախ խօսած վերջին դատաստանի գաղափարի գործնական արտայայտութիւնը: Դռնբացէքի արարողութիւնը հաւատացեալները կը պատրաստէ յաւիտենական կեանքի: Այս արարողութիւնը երկխօսութիւն մըն է երկրաւորներուն եւ երկնայիններուն միջեւ, սրտառուչ եւ ազդեցիք տպաւորութիւն կը թողու հաւատացեալներուն վրայ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան