Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն։
Մեծ Պահքի այս օրերուն, բազմիցս լսեցինք այս բառերը, որոնք պէտք է ամէն քրիստոնեայի հոգեւոր ճամբորդութեան ուղեկիցը ըլլան. Ապաշխարութիւն, ինքնաքննութիւն եւ ներքին վերանորոգում։
Թէ՝ շարականներուն մեղմ հնչիւններուն մէջ, թէ՝ աղօթքներու խորութեան մէջ եւ թէ ալ եկեղեցւոյ պատգամներու լոյսով, բոլորս հրաւիրուեցանք ոչ միայն լսելու, այլեւ՝ ապրելու այս երեք բառերը։
Բայց մտածա՞ծ ենք բնաւ, ինչու կարեւոր են այս երեքը։ Ինչո՞ւ կարեւոր են ոչ թէ միայն Մեծ Պահոց շրջանին, այլեւ յաճախ եւ նոյնիսկ ամէն օր մեր կեանքին ընթացքին։
1. Կարեւոր են, որովհետեւ մարդը իր բնութեամբ դիւրութեամբ կը շեղի ճշմարիտ ճանապարհէն։ Մեր հոգին դաշտի մը կը նմանի․ եթէ անոր խնամքը անտեսուի, շատ արագ փուշերով ու մոլախոտերով կը ծածկուի։ Սակայն այս դաշտը ուրիշը չի կրնար խնամել մեր փոխարէն․ այդ պատասխանատուութիւնը մեզի կը պատկանի։ Աստուած, Իր սիրոյն մէջ, մեզի տուած է անհրաժեշտ միջոցներն ու հոգեւոր գործիքները՝ աղօթք, Սուրբ Գիրք, եկեղեցական կեանք, որպէսզի օգտագործենք զանոնք եւ մեր հոգին պահենք մաքուր, առողջ եւ պտղաբեր։
2. Առանց ինքնաքննութեան՝ մարդը կը շարունակէ մակերեսային կեանք մը ապրիլ՝ անտեղեակ մնալով իր ներքին վիճակին եւ չնկատելով իր թերութիւնները։ Առանց ապաշխարութեան՝ մեղքերը կը կուտակուին մեր վրայ՝ դառնալով ծանր բեռ մը, որ կը ճնշէ, կը նեղէ եւ կը խեղդէ մեր հոգին։ Իսկ առանց ներքին վերանորոգման՝ մեր հոգեւոր կեանքը աստիճանաբար կը մաշի եւ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը եւ թարմութիւնը։
3. Ինչպէս ըսինք՝ մակերեսային կեանք մը կ’ապրինք, մեղքերով կը ծանրաբեռնուինք եւ մեր հոգեւոր թարմութիւնը կը կորսնցնենք։ Բայց վտանգը հոս չի կանգնիր։ Ասոնց ամենէն խոր եւ լուռ վտանգը այն է, որ մեզ կամաց-կամաց կը հեռացնեն Աստուծմէ։ Կը հեռացնեն այն Աստուծմէն, որ մեզ ստեղծեց Իր հետ հաղորդութեան մէջ ապրելու համար, եւ կը զրկեն մեզ մեր իսկական կոչումէն ու կեանքի նպատակը գիտակցելու շնորհէն։
Ուրեմն, այս բոլորը կարեւոր են, որովհետեւ եթէ մեր կեանքին մէջ չգործադրենք զանոնք, աստիճանաբար կը հեռանանք Աստուծմէ։ Մեղքը, որքան ալ փոքր թուի, շեղում մըն է Աստուծմէ. Իսկ երբ անտեսուի, կը վերածուի սովորութեան, եւ այդ սովորութիւնը՝ ի վերջոյ բաժանումի։
Ահա թէ ինչու եկեղեցւոյ համար ապաշխարութիւնը պարզապէս մեղաւոր ըլլալու խոստովանութիւնը չէ, այլ՝ գիտակից եւ գործնական քայլերով վերադարձի ճամբան բռնել է դէպի կենդանի եւ սիրառատ Աստուծոյ մօտ։ Նմանապէս, ինքնաքննութիւնը միայն լոյս սփռել չէ հոգիին մէջ, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքով մեր ամբողջ էութեան վերափոխումն է՝ նոր սիրտով, նոր մտքով, նոր հոգիով եւ նոր կեանքով։
Ուստի, ապաշխարութիւնը, ինքնաքննութիւնն ու վերանորոգումը պէտք է դառնան մեր կեանքի մշտական ուղեկիցները, որովհետեւ հաւաքը կը մաշի երբ նոյն տեղը մնայ. Պէտք է շարունակական վերելք արձանագրէ, անդադար աճի եւ դէպի Աստուած՝ առաջընթացքը պահէ։
Սակայն, պէտք է իրապաշտ ըլլալ եւ ընդունիլ, որ ապաշխարելը, ինքնաքննութիւն կատարելն ու ներքին վերանորոգումը դիւրին գործեր չեն։ Անոր համար, այս ճամբան քալելու համար անհրաժեշտ կը նկատեմ երեք հիմնական առաքինութիւններ՝ գիտակցութիւն, խոնարհութիւն եւ կամք։

Առաջին՝ գիտակցութիւն։ Մարդը շատ անգամ կը խուսափի իր ներսը նայելէ, որովհետեւ այնտեղ կը յայտնաբերէ իր տկարութիւնները, իր մեղքերը եւ իր անկատարութիւնը։ Բայց առանց այս առաջին քայլին՝ ոչ մէկ փոփոխութիւն հնարաւոր է։ Գիտակցութիւնը այն լոյսն է, որ կը լուսաւորէ մեր ներաշխարհը, կը բացայայտէ ճշմարտութիւնը մեր մասին եւ մեզ կը մղէ ընդունելու, որ փոփոխութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտ է, այլեւ հրատապ։
Երկրորդ՝ խոնարհութիւն։ Երբ մեր գիտակցութիւնը կը բացուի եւ մեր սխալներն ու անկատարութիւնը մեզի յստակ կը դառնան, անհրաժեշտ է խոնարհութեամբ ընդունիլ մեր սահմանափակութիւնը։ Խոնարհութիւնը այն դուռն է, որով Աստուծոյ շնորհքը կը մտնէ մեր կեանքին մէջ։ Ան կը նշանակէ՝ կանգնիլ Աստուծոյ մեծութեան, ողորմութեան եւ սիրոյն առջեւ՝ գիտակցելով, որ առանց Իր օգնութեան անկարող ենք իսկական փոփոխութեան հասնելու։ Խոնարհութիւն՝ մեր տկարութիւնը ճանչնալու, բայց միեւնոյն ժամանակ վստահութեամբ Աստուծոյ օգնութեան ձեռքը երկարելու։
Երրորդ՝ կամք։ Գիտակցութիւնն ու խոնարհութիւնը կը բանան ճամբան, բայց կամքն է, որ մեզ կը շարժէ այդ ճամբայէն անցնելու։ Առանց կամքի՝ ամէն լաւ որոշում կը մնայ միայն մտածումի մէջ։ Կամքը այն ներքին ուժն է, որ մեզ կը մղէ չվարանելու, չհուսահատելու եւ շարունակելու՝ քայլ առ քայլ առաջ ընթանալ, նոյնիսկ երբ ճանապարհը դժուար է, եւ փորձութիւնները՝ ծանր։
Բայց ինչո՞ւ պէտք է յանձնառու ըլլալ եւ բռնել այս դժուար ճանապարհը։ Ինչո՞ւ պէտք է քաջալերուիլ եւ շարունակել այս ուղղութեամբ, երբ այս ճամբան յաճախ դիւրին չէ, երբեմն ալ՝ յոգնեցուցիչ ու ծանր։
Պատասխանը Սաղմոսագիրը ի՛նք կու տայ մեզի։ Կ’ըսէ. «Թող արցունքով ցանողները ցնծութեամբ հնձեն։ Արդարեւ, լալով մեկնողները, որոնք սերմերը տարին իրենց հետ, ցնծութեամբ պիտի վերադառնան՝ ցորենի խուրձերով ծանրաբեռնուած» (Սղ 126.5-6)։
Այս խօսքերը մեզ կը յիշեցնեն, որ հոգեւոր կեանքին մէջ իւրաքանչիւր ջանք, իւրաքանչիւր պայքար եւ նոյնիսկ իւրաքանչիւր արցունք՝ անիմաստ չէ։ Ապաշխարութեան արցունքները, ինքնաքննութեան լռութիւնները եւ վերանորոգման պայքարը՝ բոլորը սերմեր են, որոնք այսօր գուցէ ցաւով կը ցանենք, բայց վաղը ուրախութեամբ պիտի հնձենք։
Այս ճամբան դժուար է, բայց անպտուղ չէ։ Ընդհակառակը՝ ան կը խոստանայ խոր ուրախութիւն մը, որ աշխարհը չի կրնար տալ, որովհետեւ ան կը բխի Աստուծոյ հետ վերագտնուած կենդանի յարաբերութենէն։
Եւ այս ուրախութիւնը ժամանակաւոր չէ, այլ՝ խոր եւ յաւիտենական, որովհետեւ կը բխի Աստուծոյ հետ վերագտնուած կենդանի հաղորդութենէն։ Եւ այս յոյսով է, որ կը լսենք Տիրոջ խոստումը. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը. Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25-26)։
Մենք կը պատրաստուինք Տիրոջ Հրաշափառ յարութեան տօնին։ Տօն մը որ կը յիշեցնէ Տիրոջ զօրութիւնը, ինչպէս նաեւ այս խոստումը, որ Քրիստոս տուաւ, որ իրեն հետ յարութիւն պիտի առնեն բոլոր անոնք, որոնք իրեն հաւատալով կը մեռնին։
Եզեկիէլ մարգարէն, իր գիրքի 37-րդ գլխուն մէջ, Աստուծոյ կեանք տուող զօրութիւն կը փոխանցէ մեզի, իր տեսիլքին ճամբով. Մարգարէն ինքզինք դաշտի մը մէջ կը գտնէ լեցուն մեռած մարդոց ոսկորներով։ Եւ կը լսէ Աստուծոյ ձայնը, որ կ’ըսէ. «Որդի Մարդոյ, այս ոսկորները կրնա՞ն կենդանանալ». Մարգարէն կը պատասխանէ, «Ով Տէր Եհովա, դուն գիտես»։ Աստուած կ’ըսէ անոնց, «այս ոսկորներուն վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛ ու անոնց ըսէ՛. Ով չորցած ոսկորներ, Տիրոջ խօսքը լսեցէ՛ք։ Այսպէս կ’ըսէ Տէր Եհովան այս ոսկորներուն. Ահա ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ ձեր վրայ ջիղեր պիտի դնեմ ու ձեզ միսով պիտի պատեմ ու ձեզ մորթով պիտի ծածկեմ եւ ձեր մէջ շունչ պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը» (Եզ 37.1-6)։
Այդ ոսկորները, երբեմն մեր հոգիի չորութիւնը կը խորհրդանշեն, որ սակայն Աստուծոյ շունչով կը կենդանանայ։ Անոր համար, մեր մեղքերէն յոգնած հոգիները այսօր եւ ամէն օր Աստուծոյ շնորհքին մօտեցնենք, ապաշխարութեամբ, ինքնաքննութեամբ եւ վերանորոգութեամբ, որպէսզի ապրինք Քրիստոսի յարութեան մասնակցելու ուրախութեամբ։ Ամէն։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան