ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀՍԿՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի Հսկումի արարողութիւնը, որուն աւարտին խորհրդածութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Ուսուցչուհիներէն՝ Տիկին Սեւանա Աւագեան։ Տիկին Աւագեան իր խորհրդածութեան նիւթը դարցուց Յովհաննու Աւետարանի 12.1-11 համարները, ուր կը նկարագրուի Տիրոջ ներկայութիւնը Բեթանիոյ մէջ՝ Ղազարոսի տան մէջ։ Ան շեշտեց, թէ այս դրուագը միայն պատմական դէպք մը չէ, այլ՝ հոգեւոր հայելի մը, ուր կը բացայայտուին երեք տարբեր հոգեվիճակներ՝ Մարթա, Մարիամ եւ Յուդա։ Խօսելով Մարթայի մասին՝ ան ընդգծեց ծառայութեան արժէքը, սակայն նաեւ զգուշացուց այն վտանգէն, երբ ծառայութիւնը կրնայ փոխարինել Աստուծոյ ներկայութեան հետ կենդանի յարաբերութիւնը։

Ան յիշեցուց, որ մարդը կրնայ այնքան զբաղուիլ Աստուծոյ համար գործելով, որ մոռնայ Աստուծոյ հետ ըլլալը։ Անդրադառնալով Մարիամի կերպարին՝ ան շեշտեց, որ ան ընտրեց Տիրոջ ներկայութիւնը եւ Իրեն ընծայեց իր ամենէն ազնուականը։ Մարիամի օրինակը ներկայացուեցաւ որպէս հրաւէր՝ մեր կեանքին մէջ Յիսուսը ներկայութիւնը կեդրոնական դարձնելու եւ Անոր մեր ժամանակը, սէրը եւ ամբողջ նուիրումը յատկացնելու։ Ի հակադրութիւն՝ Յուդայի կերպարը ներկայացուեցաւ որպէս երկերեսանցութեան օրինակ․ ան մօտ էր Յիսուսին, բայց սրտով հեռու։ Տիկ. Աւագեան հրաւիրեց ներկաները ինքնաքննութեամբ հարց տալու իրենք իրենց, թէ ո՞ր դիրքին մէջ կը գտնուին՝ Մարիամին սիրո՞վ, Մարթային ծառայութեա՞մբ, թէ՞ Յուդային, որ երեւութապէս կը հետեւէր Յիսուսին, բայց հեռու էր իրմէ։