ԿԱՆՈՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔ-ի Նախորդ Յօդուածին շարունակութիւնը

1. Արդեօք Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ՞, որ գոյութիւն ունի Աստուածային Նախախնամութիւն։
Այն որ մեր վրայ կայ հսկող եւ արթուն Նախախնամութիւն մը, ոչ միայն մարդկային բանականութեամբ կ’ընդունուի, այլ նաեւ չենք կրնար ատոր մասին տարակուսիլ, որովհետեւ Սուրբ Գրութիւնները նոյնը մեզի կը սորվեցնեն (Սղմ. լդ 22)։ Իսկ Քրիստոս՝ մեր Տէրը, բացայայտօրէն նոյն ճշմարտութիւնը քարոզեց՝ մարդոց սփոփելու եւ քաջալերելու համար։ Ճիշդ է, մեր տկար միտքով չենք կրնար բացատրել երկրի վրայ տեսնուած բոլոր անհաւասարութիւնները։ Որովհետեւ, ինչպէս առաքեալը կ’ըսէ. «Ո՞վ ճանչցաւ Տիրոջ միտքը» (Հռոմ. ԺԱ 34)։ Սակայն Սուրբ Գրքին մէջ կան նշանաւոր օրինակներ, որոնք կը հռչակեն Աստուծոյ տնօրինութիւններուն արդարութիւնը։

2. Ո՞րն է քու առաջին օրինակդ։
(1) — Աստուած երբեմն կ’արտօնէ, որ չարիքներ եւ նեղութիւններ պատահին, որպէսզի անոնցմէ աւելի մեծ բարիք դուրս բերէ։ Այսպէս, Ան արտօնեց, որ նահապետ Յովսէփը վաճառուի եւ ապա անմեղաբար բանտարկուի, որպէսզի անմեղին ապագայ փառքը սկսի բանտէն։ Նոյն կերպով ալ առաքեալներն ու սուրբերը չարչարուեցան եւ մեռան, բայց իրենց մահը զիրենք անմահացուց։

3. Ո՞րն է երկրորդ օրինակը։
(2) — Աստուած շատ անգամներ կ’արտօնէ, որ ամբարիշտները բարգաւաճին, բայց այդ բարգաւաճումը ժամանակաւոր է միայն, որովհետեւ անոնք, զայն անօրէն միջոցներով ստացած ըլլալով, օր մը պիտի կորսնցնեն զայն։ Փորձառութիւնն ու պատմութիւնը ցոյց կու տան, թէ հազիւ թէ որեւէ բռնակալ պատուաւոր եւ խաղաղ վախճան ունեցած ըլլայ։ Իմաստութիւնը կ’ըսէ. «Տիրոջ անէծքը ամբարիշտին տան մէջ է» (Առակ. Գ 33)։

4. Ո՞րն է քու երրորդ օրինակդ։
(3) — Թէեւ երբեմն մենք ամբարիշտները բարգաւաճութեան մէջ տեսնելով կը կարծենք, թէ անոնք երջանիկ են, բայց պէտք չէ արտաքին երեւոյթով խաբուինք։ Անոնց սիրտերը կը տանջուին ագահութեամբ, հպարտութեամբ, երկիւղով, չարութեամբ եւ մանաւանդ խղճմտանքի սաստիկ խայթոցներով։ Մինչդեռ առաքինին ազատ է խղճմտանքի խայթոցներէն եւ կիրքերու տանջանքներէն։

5. Ո՞րն է քու չորրորդ օրինակդ։
(4) — Եթէ արդարօրէն քննենք մեր նեղութիւններուն մեծ մասը, պիտի գտնենք, որ անոնք մեր ծուլութեան, թեթեւամտութեան, անխոհեմութեան, ագահութեան եւ արատներուն հետեւանքներն են։ Ուստի, բոլորովին իրաւունք չունինք Աստուծոյ դէմ տրտնջալու, երբ մենք ինքներս եղած ենք մեր նեղութիւններուն պատճառը։ Աստուած պարտաւոր չէ օգնելու անոնց, որոնք չեն աշխատիր եւ ծոյլ, անհամեստ ու ապականած կեանք կը վարեն։

6. Ո՞րն է քու հինգերորդ օրինակդ։
(5) — Երբեմն ճիշդ է, մեր վրայ կու գան վտանգներ, կորուստներ, նեղութիւններ, հիւանդութիւններ եւ մինչեւ իսկ մահուան ցաւեր՝ անկախ մեր կամքէն, բայց այս բոլորն ալ մեր բնութեան պայմաններուն հետեւանքներն են, որոնց թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար մարդիկ հաւասարապէս ենթակայ են։ Արարիչը պարտաւոր չէ հաշիւ տալու Իր արարածներուն՝ Իր անըմբռնելի տնօրինութիւններուն մասին։

7. Ո՞րն է քու վեցերորդ օրինակդ։
(6) — Աշխարհի մէջ տեսնուած անհաւասարութիւնները անհրաժեշտ են եւ կը նպաստեն ընդհանուր բարի կարգին, զոր Աստուծոյ Նախախնամութիւնը կը պահէ։ Անոնք նաեւ օգտակար են մեզի, որովհետեւ մեզ կը մղեն ջանասիրութեան եւ աշխատանքի, խոնարհութեան եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդութեան։

8. Ո՞րն է քու ութերորդ օրինակդ։
(7) — Ամբարիշտներն ալ Աստուծոյ որդիներն են, ուստի Աստուած երբեմն անոնց բարգաւաճութիւն կու տայ, որպէսզի ապաշխարեն. երբեմն ալ այդ բարգաւաճութիւնը կու տայ՝ վարձատրելու համար այս աշխարհին մէջ իրենց գործած որոշ բարի գործերը, որոնք կրնան մեզի անհայտ ըլլալ, բայց Աստուծոյ՝ յայտնի։

9. Ո՞րն է քու ութերորդ օրինակդ։
(8) — Եթէ Աստուած միշտ աշխարհի հաճոյքները շնորհէր բարի մարդոց՝ իբրեւ իրենց վարձատրութիւն, մարդիկ առաքինութիւն պիտի գործադրէին ոչ թէ Աստուծոյ սիրոյն, այլ աշխարհային հաճոյքներ ձեռք ձգելու համար։

10. Ո՞րն է քու իններորդ օրինակդ։
(9) — Եթէ մարդիկ միշտ բարգաւաճութեան մէջ ապրելու ըլլային, պիտի մոռնային Աստուած։ Ուստի նեղութիւնն ու վիշտը օգտակար են մեզի, որովհետեւ աշխարհը մեզի անհագեցուցիչ կը դարձնեն եւ մեզ կը հակեցնեն մօտենալու Աստուծոյ։

11. Ո՞րն է քու տասներորդ օրինակդ։
(10) — Նեղութիւնները շատ յաճախ մեր մեղքերուն պատիժ իբրեւ կ’արտօնուին։ Աստուած կրնար միայն մէկ մեղաւոր արարքին համար մեզ կեանքէ զրկել, բայց իբրեւ Հայր՝ մեզ զրկել կու տայ միայն աշխարհային բարիքներէն։ Մարգարէն հառաչելով կ’ըսէ. «Տէրը զիս խստիւ պատժեց, բայց մահուան չմատնեց»։

12. Ո՞րն է քու տասնմէկերորդ օրինակդ։
(11) — Մեր դժբախտութիւնները շատ յաճախ Աստուծոյ սիրոյ նշաններ են, որովհետեւ Ան նեղութիւններու միջոցաւ կը մաքրէ մեր սիրտը, կը զօրացնէ մեր հոգին եւ զայն աշխարհային կիրքներէն վեր կը բարձրացնէ։ «Զի Տէրը զով որ սիրէ՝ կը խրատէ, եւ կը գանակոծէ ամէն որդի, զոր կ’ընդունի» (Եբր. ԺԲ 6)։

13. Ո՞րն է քու տասներկուերորդ օրինակդ։
(12) — Այս աշխարհին մէջ կեանքը մարդուն համար փորձութեան շրջան մըն է. նախ պէտք է պայքարի եւ յաղթէ, ապա միայն պսակուի (Յայտ. Բ 7-26, ԻԱ 7)։ Ինչպէս մարդ նախ պէտք է սերմանէ, որպէսզի յետոյ հնձէ (Գաղ. Զ 8)։

14. Ո՞րն է քու տասներեքերորդ օրինակդ։
(13) — Քանի որ մարդուն կեանքը կարճ է, ան չպէտք է մեծ բան համարէ այն նեղութիւնները, զորս կրնայ կրել այդ կարճ ժամանակին մէջ, երբ մտաբերէ, թէ ինչպիսի՜ անվերջ վարձատրութիւն եւ երջանկութիւն զինք կը սպասէ գալիք աշխարհին մէջ։

15. Ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ գերիշխող Նախախնամութեան կենդանի զգացումը։
Ան պէտք է մեզ քաջալերէ. նախ՝ շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ այն բոլոր բարիքներուն համար, որոնք Իրմէ ստացած եւ կը վայելենք։
Երկրորդ՝ մեզ ամրացնէ, որպէսզի նեղութիւնները համբերութեամբ տանենք եւ արժանի ըլլանք Աստուծոյ պաշտպանութեան, միշտ ջանալով ապրիլ այն գիտակցութեամբ, թէ Իր ամէնատես Աչքերը միշտ մեր վրայ են, եւ կը տեսնեն այն ամէնը, զոր կը կրենք Իր անուան փառքին համար։ Եւ մեզ կը մխիթարեն այն համոզումով, թէ եթէ հաւատարմօրէն համբերենք, Իր սէրը օր մը ամբողջապէս պիտի վարձատրէ մեզ։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)