ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՀՍԿՈՒՄ

Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքի Հսկումի արարողութիւնը, որուն աւարտին խորհրդածութիւնը կատարեց քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի անդամներէն՝ Տիար Գրիգոր Արթինեան։
Տիար Արթինեան իր խորհրդածութիւնը կատարեց Մատթէոս Աւետարանի 16։24-28 համարներուն վրայ, ուր Տէրը կը ներկայացնէ Իրեն հետեւելու երեք հիմնարար օրէնքները՝ ինքնուրացում, խաչի կրում եւ հնազանդութիւն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին խօսելով, ան շեշտեց, որ մարդը կոչուած է ճանչնալու իր ճշմարիտ անձը, ձերբազատուելու՝ մեղքով եւ աշխարհային ազդեցութիւններով ձեւաւորուած կեղծ ինքնութենէն եւ աղօթքի միջոցաւ վերագտնելու ներքին լոյսը։
Անդրադառնալով մարդու ներքին պայքարին, ան յիշեց Պօղոս առաքեալի վկայութիւնը, որ կը բացայայտէ մեղքին եւ բարին կամեցող սրտին միջեւ ընթացող պայքարը, ընդգծելով, որ ազատութիւնը կարելի է միայն Քրիստոսի շնորհքով։ Վերջապէս, ան հրաւիրեց հաւատացեալները Մեծ Պահքի այս շրջանին նորոգելու իրենց հոգեւոր կեանքը, խոնարհութեամբ ընդունելու իրենց տկարութիւնները եւ հաստատ քայլերով հետեւելու Քրիստոսի՝ դէպի երկնքի արքայութիւն։