Աստուծոյ Նախախնամութիւնը

1. Արարածները կրնա՞ն իրենք զիրենք պահպանել։

-Ո՛չ, այլ Աստուծոյ հայրական հոգատարութիւնն է որ զանոնք կը պահպանէ։
[Տե՛ս Ելք ԻԲ. 13; Յոբ Ա. 12, Բ. 6, Ե. 6, ԼԲ. 14; Սաղմ. Հ. 9, Ձ. 6, ՃԵ. 14, ՃԺԳ. 7, ՃԼԲ. 1, ՃԽԷ. 6; Առակ. ԺԶ. 9, 33, ԺԹ. 21, Ի. 24, ԻԱ. 30; Եր. Ժ. 23; Մատթ. Զ. 26, Ժ. 29, 31.]

2. Աւելի՛ բացատրէ։

-Այն գերագոյն Էակը, որ երկիրը ոչինչէն ստեղծեց, երբեք զայն առանց խնամքի չի ձգեր, այլ միշտ կը հսկէ անոր վրայ, այնպէս որ այս երկրի վրայ ոչինչ տեղի կ’ունենայ առանց Աստուծոյ գիտութեան։

3. Ի՞նչ ապացոյց կայ Աստուծոյ Նախախնամութեան։

– Երեք գլխաւոր ապացոյցներ կարելի է տալ։ Առաջին՝ նոյնիսկ մարդիկ իրենց զաւակներն ու իրենց ձեռագործները չեն անտեսեր, եւ անկարելի է երեւակայել թէ մարդիկ Աստուծմէ աւելի բարի ըլլան. աւելի՛ եւս անկարելի է, որ Ան, որ մեզի գթառատ սիրտ տուաւ, Ինք առանց գթութեան ըլլայ։

4. Ի՞նչպէս Աստուած մեր պէտքերը կը հոգայ։

– Հայր մը, իր զաւակներուն պէտքերը հոգալու համար, շատ մտահոգութիւններով կ’աշխատի, մինչդեռ Աստուած մեր պէտքերը հոգալու մէջ երբեք ամէնէն փոքր դժուարութիւնն իսկ չի գտներ։ Անոր ամենակարող կամքը բաւարար է ամէն բանի։

5. Ո՞րն է Նախախնամութեան երկրորդ ապացոյցը։

– Մեր փորձառութիւնը, որովհետեւ առօրեայ կեանքին երեւոյթները բաւական են մեզ այդ բանին համոզելու։

6. Բացատրէ՛ ապացոյցը։

– Արեւուն, երկրին եւ աստղերուն կանոնաւոր ընթացքը, եղանակներուն փոփոխութիւնը, գիշերուան եւ ցերեկուան յաջորդականութիւնը, մարդոց եւ կենդանիներուն շարունակական ու կանոնաւոր աճումը, ամէն տարի սերմանման ու հունձքի կարգը, իւրաքանչիւր կլիմայի համաձայն չոր եւ անձրեւոտ եղանակներու միաւորումը, նաեւ տաքի եւ ցուրտի յաջորդականութիւնը՝ յստակապէս կը վկայեն, թէ Աստուած շարունակ կը հսկէ մեր երջանկութեան եւ բոլոր արարածներուն երջանկութեան վրայ։

7. Ո՞րն է Աստուծոյ Նախախնամութեան երրորդ ապացոյցը։

– Կենդանիներուն իրենց պահպանութեան համար տրուած բնազդը, եւ մարդկութեան տրուած միտքը, հասկացողութիւնն ու ներքին զգացումը, որպէսզի ապրի, աճի, շատնայ եւ երջանիկ ըլլայ։

8. Եթէ ոչինչ կարելի չէ ընել առանց Աստուծոյ կամքին, ապա ինչո՞ւ Ան մարդոց կը թոյլատրէ մեղք գործել։

– Որովհետեւ Աստուած մարդը ազատ ստեղծած է, այսինքն՝ որպէսզի կարենայ զանազանել առաքինութիւնը արատէն, ճշմարտութիւնը սուտէն, եւ ազատ կամքով ընտրէ առաքինութիւն կամ արատ, ճշմարտութիւն կամ սուտ։
[Տե՛ս Բ Օրէնք ԺԴ. 19; Հռոմ. Զ. 16-19.]

9. Եթէ ազատութիւնն է մեր մեղքերուն պատճառը, աւելի լաւ չէր ըլլա՞ր, որ Աստուած մեզ ազատ չստեղծէր։

– Բնաւ ո՛չ. որովհետեւ եթէ ազատ ստեղծուած չըլլայինք, Աստուծոյ կողմէ չէինք կրնար վարձատրուիլ՝ համաձայն մեր գործերուն արժանիքին։

10. Ինչո՞ւ այդպէս։

– Որովհետեւ անկարելի է մէկը վարձատրել այն բանին համար, զոր ան պէտք է ընէ ուզէ թէ չուզէ, կամ ալ այն բանին չընելուն համար, զոր—քանի որ ազատ չէր ընելու—անկարելի էր իրեն ընել։

11. Օրինակո՛վ բացատրէ։

– Եթէ մարդու մը ոտքերն ու ձեռքերը կապուած ըլլային, մենք զինք չէինք գովեր մարդասպանութիւն չգործելուն համար, որովհետեւ այդ վիճակին մէջ չէր կրնար մարդասպանութիւն գործել։ Բայց եթէ անոր ձեռքերն ու ոտքերը ազատ ըլլան, եւ Աստուծոյ սիրոյն համար ձեռնպահ մնայ իր անպաշտպան թշնամին սպաննելէ, եւ նոյնիսկ ամէնէն փոքր վնասը չհասցնելէ հեռու՝ իրեն կարող եղած ամբողջ բարին ընէ անոր, այդ մարդը պէտք է առաքինի համարուի եւ վարձատրութեան արժանանայ։

12. Ասկէ ի՞նչ կը հետեւի։

– Ասկէ կը հետեւի՝ առաջին, թէ մարդուն բնութեան գերագոյն ազնուութիւնը իր ազատութիւնն է. երկրորդ, թէ գանգատիլ, որ Աստուած մարդը ազատ ստեղծած է, նման է գանգատելու, թէ Աստուած մարդը արձան կամ մեքենայ չէ ստեղծած։

13. Երբ մարդիկ այս ազատութիւնը չար ձեւով կը գործածեն, իրաւունք ունի՞ն Աստուծոյ դէմ խօսելու։

– Բնաւ ո՛չ. որովհետեւ Աստուած մարդուն բանաւոր միտք տուած է, որպէսզի գիտնայ բարին ու չարը, եւ իր կարողութեան մէջ է բարին ընտրել ու չարը չգործել՝ մտիկ ընելով իր խղճմտանքի ձայնին եւ հետեւելով Աստուծոյ պատուիրաններուն։ Այսպէս կրնայ արժանի դառնալ այն երջանկութեան, զոր Արարիչը խոստացած է Իրեն հաւատարմօրէն ծառայողներուն։ Բայց եթէ մարդ իր ազատութիւնը չար կերպով գործածէ, այդ իր իսկ մեղքն է, եւ հետեւաբար իրաւունք չունի Աստուծոյ դէմ խօսելու կամ գանգատելու, երբ մեղքին հետեւանքները զգայ։

14. Օրինակով բացատրէ՛ ըսածդ։

– Եթէ թագաւոր մը ինծի պատուոյ սուր մը շնորհէ, եւ ես անով ինքզինքս սպաննեմ, իրաւունք ունի՞մ այդ ոճիրին մեղքը թագաւորին վրայ դնելու եւ զինք յանդիմանելու։

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)