Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Այսօր ձեզի հետ պիտի խորհրդածեմ Յովհաննու Աւետարանի 10-րդ գլուխէն՝ 11-16 համարները։ Հատուած մը, որ իսկապէս գեղեցիկ պատկեր մը կը ներկայացնէ։ Բայց միայն գեղեցիկ պատկեր չէ. այլ հատուած մը, որ պէտք է ձգենք մեր կեանքին ազդէ ու փոխէ զայն։
Երբ այս աշխարհին մէջ, մարդիկ առաջնորդներ կը փնտռեն, վստահութիւն կը փնտռեն, ապահովութիւն կը փնտռեն, Քրիստոս կը կանգնի եւ կ’ըսէ. Ե՛ս եմ. Ես եմ իրաւ հովիւ որ քեզի կ’առաջնորդեմ, հանգիստ եւ ապահովութիւն կու տամ։
Եկէք կարդանք այդ հատուածը։
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար։ Մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները, որովհետեւ վարձկանը չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով։ Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան, այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուն համար։ Տակաւին ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն դուրս են. պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել։ Անոնք ալ ինծի մտիկ պիտի ընեն, եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւով:
Մեր ժամանակներուն մարդիկ պատրաստ են խօսելու սիրոյ մասին, բայց զոհողութեան մասին՝ ոչ միշտ. Քրիստոսի սէրը՝ այդպիսին է. Զոհաբերական սէր է. Այսինքն սէր՝ որ զոհուիլ գիտէ եւ դժուարութեան ժամանակ չի հեռանար։
Յիսուս ոչ միայն իր կեանքը տուաւ մեզի՛ համար, այլեւ իր կեանքը մեզի՛ տուաւ։ Եւ մեր սուրբ եկեղեցին մեզի կը յիշեցնէ, որ Քրիստոսի փրկարար գործը միայն անցեալի դէպք մը չէր, այլ ներկայ իրականութիւն մը, որուն հրաւիրուած ենք հաւատքով մասնակից դառնալու։
Ուստի, ապակինինք իրաւ հովիւին, որովհետեւ ինչպէս 23-րդ Սաղմոսին բառերը կը յիշեցնեն, Ան մեզ ոեւէ բանի կարօտ չի ձգեր, կ’առաջնորդէ դալար արօտներու վրայ, եւ հանգստարար ջուրերու մօտ կը տանի։
Եւ այսօր, երբ երկրի առաջնորդներ, կառավարութիւններ եւ պետութիւնները մեզ թիւով կը ճանչնան, Յիսուս մեզ մեր անունով կը ճանչնայ ու կը կանչէ, ինչպէս Յովհաննէս աւետարանիչ կ’ըսէ. Բարի եւ Քաջ Հովիւը «իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները» (Յհ 10.3)։
Ան մեզ կը ճանչնայ մեր անուններով, տկարութիւններով ու խեղճութիւններով, մեր առաւելութիւններով ու պակասութիւններով։ Եւ կ’ընդունի մեզ ինչպէս որ ենք. չի մերժեր մեզ մեր տկարութիւններուն պատճառով. ընդհակառակը՝ կը բժշկէ մեր վէրքերը։ Մեր անկումները կը վերածէ վերելքներու։ Մեր մեղքերը կը վերածէ ապաշխարութեան ճանապարհի։
Աւետարանը կը շարունակէ Տիրոջ խօսքը, հետեւեալ տողերով.-
«Մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի… որովհետեւ վարձկանը չի մտահոգուիր ոչխարներուն վիճակով»։

Գայլեր այսօր ալ կան։ Անոնք կրնան ըլլալ աղանդներ, հերետիկոսութիւններ, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրող ուսուցումներ։ Բայց գայլերը նաեւ կրնան ըլլալ գաղափարներ, որոնք Աստուած կը հեռացնեն մարդու մտքէն ու կեանքէն։ Կրնան ըլլալ մշակոյթներ ու սովորութիւններ, որոնք մեղքը կը ներկայացնեն որպէս ազատութիւն եւ ճշմարտութիւնը՝ որպէս սահմանափակում։
Բայց Քրիստոս վարձկան Հովիւին պէս չէ որ կը փախի վտանգի ժամանակ. Ընդհակառակը, ան չփախաւ, երբ գայլերը շրջապատեցին զինք։ Չփախաւ, երբ ամբոխը «Խաչէ՛ զայն» աղաղակեց։ Չլռեց ճշմարտութեան մասին, երբ իշխանութիւնները սպառնացին իրեն։ Ան կանգնեցաւ ճշմարտութեան վրայ, որովհետեւ Ինք Ճշմարտութիւնն իսկ է։ Ան ընդունեց խաչը, որովհետեւ սէրը աւելի մեծ էր, քան մահուան վախը։ Մենք աւելի կարեւոր ենք իրեն համար, քան ամէն բան։
Յիսուս մեզ չի լքեր. Չի լքեր մեզ երբ դժուարութեան մէջ ենք, երբ կասկածի մէջ ենք, երբ մեղքով ընկղմած ենք. Կը մնայ մեր կողքին ու կը կանչէ մեզ. Կը բարձրացնէ մեզ երբ ինկած ենք, որովհետեւ մեր փրկութիւնը կ’ուզէ։ Չի հեռանար, որովհետեւ նոյնիսկ իր մահով, մահուան յաղթեց։
Այսօրուան հատուածը կ’ըսէ «Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար» (Յհ 10.15)։
Քրիստոսի կեանքը մեր մէջ կը շարունակուի, երբ մենք միացած կը մնանք իրեն։ Ինչպէս որ ճիւղ մը չապրիր երբ որթատունկէն անջատուի, այնպէս ալ մենք՝ չենք ապրիր ճշմարտապէս երբ Իրաւ Հովիւէն հեռանանք, որ ինքզինք աւետարանին մէջ նաեւ «որթատունկ» կը ներկայացնէ (Յհ 15.5)։
Պէտք չէ միայն անունով քրիստոնեայ ըլլալ. Պէտք է սնիլ իրմով, վստահիլ անոր, հետեւիլ անոր ու ապաւինիլ անոր։
Վերջապէս, այսօրուան հատուածը հետեւեալ բառերով կը վերջանայ.
«Տակաւին ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն դուրս են. պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել։ Անոնք ալ ինծի մտիկ պիտի ընեն, եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ՝ մէկ հովիւով» (Յհ 10.16)։
Այս խօսքերուն մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի սիրտը՝ բաց, ընդարձակ եւ սիրող։ Յիսուս միայն ներկայ հօտին մասին չի մտածեր։ Ան կը մտածէ նաեւ դուրս եղողներուն մասին։ Անոնք, որոնք հեռացած են։ Անոնք, որոնք մոլորած են։ Անոնք, որոնք հաւանաբար երբեք իր փարախը չեն մտած։
«Պարտաւոր եմ զանոնք եւս ներս բերել» կ’ըսէ Յիսուս։ Այս «պարտաւոր եմ»ը սիրո՛յ պարտաւորութիւն է, փրկարա՛ր կամք է, աստուածայի՛ն առաքելութիւն է։ Քրիստոս կորսուածը կը փնտռէ, որովհետեւ Ան Հովիւ է, եւ հովիւին սիրտը չի հանգստանար, երբ նոյնիսկ մէկ ոչխար ալ բացակայ է։
Եւ այստեղ խորունկ ճշմարտութիւն մը կայ. ներս բերողը Ինքն է։ Ոչ ոք իր սեփական ճիգով չի հասնիր փրկութեան փարախին։ Ոչ ոք իր իմաստութեամբ, իր արդարութեամբ կամ իր արժանիքներով չի մտներ արքայութիւն։ Քրիստոս է, որ կը կանչէ։ Քրիստոս է, որ դուռը կը բանայ։ Քրիստոս է, որ կը ներգրաւէ սիրտը։
Սակայն, սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս չի նշանակեր, որ մենք պարտականութիւն չունինք։ Ընդհակառակը։ Քրիստոս ներս բերողն է, բայց մենք կոչուած ենք ըլլալու Անոր գործիքները։ Ան կը կանչէ, բայց շատ անգամ մեր ձայնով։ Ան կը մօտենայ, բայց շատ անգամ մեր ձեռքերով։ Ան կը փնտռէ, մեր ճամբով։
Երբ մենք իսկական քրիստոնէական կեանք մը ապրինք՝ սիրով, ճշմարտութեամբ, համբերութեամբ, մաքրութեամբ, եւ արդարութեամբ, մենք Անոր հասցնող կամուրջը կը դառնանք։ Երբ մեր գործը արդար է, մեր խօսքը՝ շինիչ, մեր ընտանիքը՝ աղօթքի տուն, մեր եկեղեցական կեանքը՝ կենդանի, մարդիկ կը սկսին հարց տալ. «Ո՞ւր է, ո՞վ է այս խաղաղութեան աղբիւրը»։ Այդ ժամանակ մենք մատնացոյց եղած կ’ըլլանք Իրաւ Հովիւը եւ հոգիները առաջնորդած կ’ըլլան դէպի Ան, որ Հոգիները կը փրկէ։
Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, գուցէ այսօր մեր շրջապատին մէջ կան «դուրս եղողներ» անտարբերներ, վիրաւորուածներ, հիասթափուածներ, հաւատքէն հեռացածներ։ Քրիստոսի խօսքը մեզ կը յիշեցնէ, որ Ան զանոնք չի մոռնար։ Հարցումը մեզի է՝ մենք պատրա՞ստ ենք ըլլալու Անոր ձեռքերը, Անոր ոտքերը, Անոր ձայնը։
Թող մեր կեանքը հրաւէր ըլլայ, որպէսզի ամէն մարդ անոր ձայնը լսէ, որ օրհնեալ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս ամէն։
Թալին Մահսերէճեան