Բնաւ մտածա՞ծ էք այս հարցին մասին՝ «Ի՞նչ է կեանքը»։
Մենք բոլորս կ’ապրինք, կը շնչենք, կը շարժինք, կը սորվինք, կը գործենք եւ մեր ապագային համար երազներ կը կառուցենք։ Բայց շատ անգամ մարդ իր կեանքին մէջ պահ մը կանգ կ’առնէ եւ ինքն իրեն կը հարցնէ. «Ա՞յս է արդեօք կեանքը»։
Այս հարցումը յաճախ կը ծագի այն ատեն, երբ կը զգանք թէ բան մը պակաս է։ Կեանքը կարծես կ’ընթանայ իր ընթացքով, բայց մեր ներսի աշխարհը միշտ գոհ չէ։
Ոմանց համար կեանքը յաջողութեան մէջ է։ Ուրիշներու համար՝ հարստութեան։ Միւսներուն համար՝ համբաւի, հաճոյքի կամ ընտանիք կազմելու մէջ։ Բայց մարդկային փորձառութիւնը կը վկայէ, որ երբ մարդ հասնի նոյնիսկ իր երազած բաներուն, սիրտը շատ անգամ տակաւին անհանգիստ կը մնայ։
Աստուածաշունչը այս իրականութիւնը շատ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ։ «Ժողովողի գիրքը» կը պատմէ Սողոմոն իմաստունի մասին, որ կարծես կեանքին մէջ ամէն ինչ ունեցաւ։ Ան ունեցաւ հարստութիւն, իշխանութիւն, փառք եւ իմաստութիւն։ Ան փորձեց կեանքի գրեթէ բոլոր հաճոյքները եւ անցաւ տարբեր ճանապարհներով։
Բայց այս բոլոր փորձառութենէն ետք ան կը հասնի շատ զարմանալի եզրակացութեան եւ կը գոչէ. Ունայնութիւն ունայնութեանց, ամէն բան ունայնութիւն է։
Այս խօսքը մեզ կը յիշեցնէ կարեւոր ճշմարտութիւն մը. մարդ կրնայ շատ բան ունենալ, շատ բան իրագործել, բայց իր սիրտը տակաւին դատարկ մնալ։
Սակայն այս իրականութեան մէջ ուրիշ ձայն մըն ալ կը լսուի՝ Տիրոջ ձայնը։
Երբ մարդու ներքին ձայնը կը հարցնէ՝ «Ա՞յս է կեանքը», Յիսուս կը պատասխանէ.
«Ես եկայ որպէսզի կեանք ունենան եւ լեցուն կեանք ունենան» (Յհ 10.10)։
Այս խօսքը խոստում մըն է։ Բայց Քրիստոս սովորական կամ հեշտ կեանք չի խոստանար։ Ան լեցուն կեանք կը խոստանայ։
Բայց մենք բոլորս գիտենք, որ կեանքը միշտ ալ հեշտ չէ։ Մարդ կը հանդիպի դժուարութիւններու, կորուստներու, հիասթափութիւններու։ Երբեմն կը տեսնենք վաղահաս մահեր, պատերազմներ, տնտեսական դժուարութիւններ կամ ապագային մասին մտահոգութիւններ։
Քրիստոնեաներս այս իրականութենէն դուրս չենք։ Առաջին քրիստոնեաներէն շատեր նոյնիսկ հալածուեցան եւ նահատակուեցան առանց կեանք մը ունենալու։
Ուրեմն ի՞նչ կ’ըսէ Քրիստոս, երբ կը խօսի լեցուն կեանքի մասին։
Քրիստոս կը խօսի այն կեանքին մասին, որ մարդուն դարձեալ կը միացնէ Աստուծոյ հետ։
Աստուած մարդը ստեղծեց որպէսզի ապրի Իր հետ։ Աստուածաշունչը կը պատմէ, թէ առաջին մարդիկը՝ Ադամն ու Եւան, Աստուծոյ հետ ներդաշնակութեան մէջ կ’ապրէին։ Բայց երբ մարդը հեռացաւ Աստուծմէ, կորսնցուց նաեւ այդ ամբողջական կեանքը։
Եւ ահա այս պատճառով եկաւ Քրիստոս։
Ան չեկաւ միայն բարոյական դասեր տալու կամ գեղեցիկ գաղափարներ քարոզելու։ Ան եկաւ վերականգնելու մարդու կեանքի իսկական աղբիւրը։
Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնը եւ կեանքը»։ Ուրիշ տեղ ալ ըսաւ. «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը»։
Այս խօսքերով Քրիստոս կը յիշեցնէ մեզի, որ իսկական կեանքը կը գտնուի Աստուծոյ հետ միութեան մէջ։
Իրականութիւնը սա է. մարդ կրնայ Աստուծմէ հեռու ալ կեանք ապրիլ։ Մարդ կրնայ նոյնիսկ շատ յաջողութիւն ունենալ աշխարհի մէջ։ Բայց այդ կեանքը ամբողջական չի դառնար եւ չի հասնիր այն նպատակին, որուն համար մարդը ստեղծուած է։
Քրիստոս աշխարհ եկաւ մեզ վերադարձի հրաւիրելու։ Բայց այդ վերադարձը պէտք չէ հասկնալ որպէս ծանր պարտականութիւն։ Անիկա նախ եւ առաջ Աստուծոյ սիրոյ նշանն է։
Աստուած պատիւ կու տայ մարդուն, երբ զինք կը հրաւիրէ Իր ներկայութեան մէջ ապրելու։ Մեծ շնորհք է մարդուն համար Աստուծոյ սիրոյ հաղորդակից դառնալ եւ ժառանգել այն լեցուն կեանքը, զոր Աստուած խոստացած է։
Ասոր համար Քրիստոս եւ առաքեալները մեզ կը սորվեցնեն, որ քրիստոնէական կեանքը միայն օրէնքներու պահպանում չէ։ Ան նախ եւ առաջ յարաբերութիւն է Աստուծոյ հետ։
Երբ մարդ Քրիստոսի հետ կ’ապրի, կեանքը նոր իմաստ կը ստանայ։ Աղօթքը այլեւս պարտականութիւն չի մնար, այլ կը դառնայ հանդիպում Աստուծոյ հետ։ Սուրբ Գիրքը պարզ գիրք մը չի մնար, այլ կը դառնայ Աստուծոյ կենդանի խօսքը։ Եկեղեցին ալ պարզ կառոյց մը չի մնար, այլ կը դառնայ Աստուծոյ տունը։
Կեանքը միշտ դիւրին չէ։ Բայց այս դժուար աշխարհին մէջ Քրիստոս լոյս է, որ մեզ կը յիշեցնէ պահել հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։
Եւ երբ մարդ այս լոյսին մէջ կ՚’պրի, այն ատեն կը սկսի զգալ այն կեանքը, որուն համար ստեղծուած էր։
Ուստի, ընդունինք Քրիստոսի հրաւէրը եւ փորձենք մեր կեանքը ապրիլ Իր հետ։ Որովհետեւ իրական եւ լեցուն կեանքը ի վերջոյ կը գտնուի միայն Աստուծոյ մէջ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան