ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՏԿԱՆԻՇԵՐԸ

  1. Ինչո՞ւ կ’ըսուի, թէ Աստուած ամենաբարի է։

Որովհետեւ Աստուած անսահման կերպով միշտ բարին կ’ուզէ իր բոլոր արարածներուն համար։

  1. Տո՛ւր ապացոյց Աստուծոյ ամենաբարութեան։

Մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ամենաբարութեան ապացոյցները կը տեսնուին այն բազմաթիւ ողորմութիւններուն ու բարի պարգեւներուն մէջ, որ կը վայելենք։ Ան կը յայտնուի նաեւ մեր տկարութիւններուն նկատմամբ Իր երկայնամտութեան մէջ, եւ այն յաւիտենական երանութեան մէջ, որ պատրաստած է՝ վայելելու համար բոլոր անոնք, որոնք կը սիրեն ու կը հնազանդին Իրեն։
Բայց եթէ Աստուած ամենաբարի է եւ ամենազօր, ինչո՞ւ մարդը ենթակայ է այսքան հիւանդութիւններու, դժբախտութիւններու, վիշտերու եւ զրկանքներու։

Այս բոլորը բնաւ ապացոյց չեն Աստուծոյ ամենաբարութեան, ամենազօրութեան եւ կատարեալ արդարութեան դէմ։

  1. Ինչո՞ւ։

Նախ՝ եթէ մարդիկ չափաւոր ու խոհեմ ըլլային, զերծ կը մնային մարմնական հիւանդութիւններուն մեծ մասէն։ Մեր հիւանդութիւններուն մեծ մասը հետեւանք է մեր անխոհեմութեան ու անչափաւորութեան։

  1. Տո՛ւր երկրորդ պատճառ մը։

Որովհետեւ Աստուած իր անսահման բարութեամբ ժամանակ առ ժամանակ այս աշխարհին մէջ մեզ կը պատժէ, որպէսզի մեր հպարտութիւնը կոտրուի, մեր գոռոզութիւնը զսպուի, եւ մենք հեռու մնանաք ամէն տեսակ արատներէ։ Իր զաւակները սիրող հայրը նոյնպէս այսպէս կը սրբէ (կը խրատէ) զանոնք։

  1. Տո՛ւր երրորդ պատճառ մը։

Որովհետեւ երբ մարդը բարօրութեան մէջ է, շատ անգամ կը մոռնայ զԱստուած։ Ահա թէ ինչո՞ւ փորձանքը կրնայ օգտակար ըլլալ, քանի որ կը մղէ մեզ Աստուած յիշելու եւ զԻնք որոնելու։ Ան կը մաշեցնէ մեր սէրը դէպի այս ցաւալի ու անցողիկ աշխարհը, եւ մեզի կ’օգնէ՝ սրբազան կարօտ մը ունենալու գալիք աշխարհի խաղաղութեան հանդէպ։

  1. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ՝ ԱՄԵՆԱԻՄԱՍՏ ըլլալը։

Կը նշանակէ, թէ «Իր ըմբռնումը անսահման է» (Սղմ. ՃԽԶ. 5)։ Մարդու միտքը՝ Աստուծոյ անսահման իմաստութեան համեմատ, նման է ծովուն մէջ ջուրի կաթիլի մը։ Մենք կը տեսնենք Աստուծոյ իմաստութեան գործերը՝ ինչպէս հոսանքը իր մագնիսական, ձգող եւ լուսաւորիչ կարողութիւններով, բայց չենք կրնար հասկնալ, թէ հոսանքը ինքնին ի՛նչ է։ Անոր, որ բնութեան հրաշալի կերպարանանքները ստեղծեց, միայն Իր անսահման իմաստութեամբ կարելի է հասկնալ զանոնք։ [Տե՛ս Յոբ Թ. 4, ԼԶ. 5; Սղմ. ՂԲ. 5; ՃԴ. 24; ՃԽԶ. 4-5; Ես. ԻԸ. 29; Հռոմ. ԺԶ. 27; Ա Կորնթ. Գ. 19-20; Ա Տիմ. Ա. 17]:

  1. Տիեզերքի կարգաւորութիւնը ի՞նչ կը փաստէ։

Տիեզերքի ամենահրաշալի կազմաւորութիւնը հզօր ապացոյց է Աստուծոյ անըմբռնելի իմաստութեան։ Որքան աւելի խորապէս դիտենք Աստուծոյ ձեռագործները, այնքան աւելի կը զարմանանք ու կը շփոթինք, եւ նոյնիսկ ամենափոքր բաներուն մէջ կը բացայայտենք Իր իմաստուն ամենազօրութեան կնիքը։

  1. Ինչո՞ւ Աստուած կը կոչուի ԱՄԵՆԱՍՈՒՐԲ։

Որովհետեւ Ան ինքնին սուրբ է. հետեւաբար կ’ատէ ամէն արատ ու մեղք, եւ անսահման կերպով կը սիրէ առաքինութիւնը։

  1. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Աստուած ամԵնասուրբ է։

Որովհետեւ այն բոլոր պատճառները, որոնք մեզ կը հրապուրեն մեղքի, Աստուծոյ մտքին վրայ նոյնիսկ ամենաջնջին ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ։

  1. Որո՞նք են մեր մեղքին պատճառները։

Երբեմն կը մեղանչենք անգիտակցաբար՝ կարծելով, թէ մեր ըրածը անմեղ է. բայց շատ ու շատ անգամներ կը մեղանչենք գիտակցաբար եւ կամովին։

  1. Ինչո՞ւ կը մեղանչենք գիտակցաբար։

Որովհետեւ երբ չենք կրնար հասնիլ մեր ցանկութիւններուն բարի ու պատշաճ միջոցներով, կը գայթակղինք չար միջոցներու դիմելու՝ զանոնք ստանալու համար, եւ կը մերժենք լսել մեր խղճմտանքին ձայնը։

  1. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ՝ ԱՄԵՆԱՐԴԱՐ ըլլալը։

Նախ՝ կը նշանակէ, թէ Աստուած գերազանցօրէն արդար է, եւ հետեւաբար ինչ որ կ’ընէ՝ արդար դատաստանով կ’ընէ։ Երկրորդ՝ որ Աստուծոյ պահանջները մեր նկատմամբ ամենայն ճիշդ ու խոհեմ են եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ՝ կատարելու։ Աւելին՝ Ան մեզի տուած է ազատ ընտրութիւնը՝ ընդունելու կամ մերժելու, հնազանդելու կամ չհնազանդելու Իրեն, եւ մեզ չի ստիպեր։

  1. Ինչպէ՞ս գիտենք այս։

Որովհետեւ նախ՝ Ան է, որ ստեղծած է մեզ։ «Ան գիտէ, թէ ինչէն շինուած ենք» (Սղմ. ՃԳ. 14), հետեւաբար երբեք չի կրնար սխալ դատել մեր ուժին չափը, որ Ան մեզմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնայ։ [Տե՛ս Սղմ. ԽԴ. 21; Երեմ. Ժ. 24; Ղուկ. ԺԶ. 15; Յովհ. Գ. 20]

  1. Տո՛ւր երկրորդ ապացոյց մը Աստուծոյ արդարութեան։

Աստուծոյ սուրբ օրէնքներուն ամփոփումը սա է՝ սիրել զԻնք մեր ամբողջ սրտով, եւ մեր մերձաւորը՝ իբրեւ ինքներս մեզ։ Եւ ասիկա կրնանք ընել Իր շնորհքին օգնութեամբ։ Բոլոր մարդկութեան խիղճը կը վկայէ, թէ այս պատուիրանը չափազանց քաղցր ու օգտակար է։ [Տե՛ս Օրին. Զ. 5; Ժ. 12; Գաղ. Դ. 6; Ե. 14; Յովհ. ԺԳ. 34; ԺԵ. 12, 17; Ղեւտ. ԺԹ. 18; Մատթ. Ե. 43; ԺԹ. 19; ԻԲ. 39; Մարկ. ԺԲ. 31; Ղուկ. Ժ. 27; Հռոմ. ԺԳ. 9; Յակ. Բ. 8]:

(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն)