
Ս. Խորանին կեդրոնական բաժնի հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն վրայ երկու փոքր խոռոչներ կան, որոնք կը կոչուին խորհրդանոց։
Հիւսիսային խորհրդանոցին մէջ Ս. Սկիհը կը դրուի, իսկ հարաւային խորհրդանոցին մէջ՝ սրուակով Ս. Միւռոն, եւ այլ անմիջական իրեր, որոնք կը գործածուին Ս. Պատարագի ընթացքին, ինչպէս նշխարը, գինին, որոնք պիտի ընծայուին Ս. Սեղանին, եւ Ս. Խորանի երգեցողութեան համար ժամագիրք մը։
Ս. Պատարագի սկզբնաւորութեան երբ պատարագիչը Ի յարկի սրբութեան կ՚ ըսէ, վարագոյրը կը փակուի եւ Ս. Սեղանին սպասարկող աւագ սարկաւագը հիւսիսային խորհրդանոցէն Ս. Սկիհը մաղզմայով կը բերէ Ս. Սեղան։

Պատարագիչ հոգերորականը մասնաւոր աղօթքներով կը նուիրագործէ ընծաները՝ նշխարն ու գինին, ապա գեղահիւս դաստառակով կը ծածկէ Ս. Սկիհը իր ընծաներով։
Սարկաւագը դարձեալ Ս. Սկիհը կը տանի հիւսիսային խորհրդանոց, ուր կը մնայ մինչեւ վերաբերումի սրբազան պահը, եւ երբ սրբասացութիւնը կ՚երգուի, աւագ սարկաւագը բուրվառակիրին խնկարկութեամբ, կեռոնակիրներու եւ քշոցակիրներուն մասնակցութեամբ թափօր կազմած սեղանին ետեւէն դառնալով Ս. Սկիհը կը բերէ եւ կը յանձնէ պատարագիչ եկեղեցականին։ Քրիստոս որպէս Թագաւոր փառաց կը հանգչի Ս. Սեղանին վրայ մեղսաքաւիչ Ս. Խորհուրդի կատարման համար։Տաղաւարներուն եւ այլ յիշատակելի տօներուն ընծաներու պատրաստութենէն ետք, Ս. Սկիհը տարբեր կողմնակի սեղանի մը վրայ եւ դրուի, ուրկէ կը կատարուի նաեւ վերաբերումը