Ի՞նչ է Ս. Հաղորդութիւնը

Ս. Հաղորդութիւնը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին կենարար եւ սուրբ Մարմինն ու Արիւնն է, ուստի պէտք է պատրաստուած հոգիով եւ երկիւղածութեամբ մօտենանք Ս. Խորան՝ ստանալու համար զԱյն։ Առաքելական կանոն է, որ այր մարդիկ բաց գլխով աղօթքի կանգնին, իսկ կիները՝ քօղով, գլխաշորով ծածկուած (տե՛ս Ա. Կորնթացիս 11.4-10)։ Պօղոս առաքեալ բոլորիս կ’ազդարարէ ըսելով. «Այսուհետեւ՝ ո՛վ որ անարժանութեամբ ուտէ այս հացը կամ խմէ Տիրոջ բաժակէն, Տիրոջ մարմինին եւ արեան դէմ մեղանչած կ’ըլլայ։ Ուստի ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ, որովհետեւ ով որ անարժանութեամբ կ’ուտէ եւ կը խմէ՝ այդ ուտելովն ու խմելովը ինքզինք դատապարտութեան կ’ենթարկէ, քանի որ զանազանութիւն չի դներ սովորական հացին եւ Տիրոջ մարմինին միջեւ» (Ա.Կորնթացիս 11.27-29)։

Ս. Հաղորդութիւն ստացած պահուն ի՞նչ պէտք է ըսենք։

Երբ կը մօտենանք Ս. Հաղորդութիւն ստանալու, նախ պէտք է խաչակնքենք մեր դէմքը, «Մեղայ Աստուծոյ» ըսենք, երկիւղածութեամբ ճաշակենք զայն, երկրպագենք՝ «Փառք քեզ Տէր Աստուած» ըսելով, ու ապա անցնինք մեր տեղը եւ շնորհակալութեան աղօթք ընելով խոնարհինք մեր հոգիին մէջ։

Ս. Հաղորդութիւն տուած պահուն պատարագիչ քահանայ հայրը մեզի համար այսպէ՛ս կ’աղօթէ. «Մարմին եւ Արիւն Տեառն մերոյ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի եղիցի քեզ փրկութիւն եւ առաջնորդ յանվախճան կեանսն»։  (Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Մարմինը եւ Արիւնը քեզի փրկութիւն ըլլան եւ առաջնորդ՝ յաւիտենական կեանք հասնելու)։

Պատարագիչիը Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի յօրինած այս աղօթքը կ’արտասանէ Ս. Հաղորդութիւն  բաշխելէ ետք.

Դուն, որ մեր տկար բնութեան փորձառութիւնը ունեցար, ո՜վ մեր Քահանայապետը՝ Յիսուս, քեզի՛ կը նայինք։ Դուն՝ որ մեզի համար մեղքի պատարագ եղար, որպէսզի մենք քեզի համար արդար ըլլանք։ Դուն՝ որ մեզի համար երկրաւոր եղար, որպէսզի մենք քեզի համար երկնաւոր ըլլանք։ Դուն՝ որ մեզի համար Հաց եղար, որպէսզի մենք քեզ ճաշակելով սրբուինք։ Տո՛ւր վիշտերով լեցուն քու Մարմինդ, որպէսզի բոլոր սիրտերը քեզ ճաշակեն եւ սրբուին։ Մատռուակէ՛ վտակի պէս կաթկթող քու անմեղ Արիւնդ, որպէսզի մարդիկ անմեղութեամբ յագենան։ Երկարէ՛ փրկական խաչդ՝ այս աշխարհի ծովուն մէջ լողացողներուս, մեզ վեր՝ դէպի քեզ բարձրացնելու համար։

Շնորհքի՛ կարօտ ենք, սփռէ՜. յոգնած ենք մեղանչելէ, քաւէ՛. խաւարի մէջ կը խարխափինք, ճառագայթէ՛. մեր հաւատքէն տապալած ենք, հաստատէ՛։ Դո՛ւն ես յոյսը, դո՛ւն ես լոյսը, դո՛ւն ես կեանքը, դո՛ւն ես քաւութիւնը, դուն ի՛նքդ ես անմահութիւնը։ Քեզի՛ կը սպասենք, քու շնորհքիդ կռթնածներս. քեզմէ՛ փրկութիւն ստանալու կարօտ ենք, քու Մարմինիդ միացածներս. քե՛զ իբրեւ քաւիչ Քահանայ ունինք, մենք՝ քու Արիւնովդ գնուած հօտդ։ Նայէ՛ բոլորիս, սփոփէ՛ մեր տարակուսանքները քու փրկագործութեամբդ, հանդարտեցո՛ւր մեր խռովութիւնները քու խաղաղութեամբդ, հանգստացո՛ւր մեր յոգնած հոգիները քու օթեւաններուդ մէջ, ուր դուն գացիր, ո՜վ Տէր, եւ նոյնը մեզի խոստացար։ Եւ արժանացո՛ւր մեզ՝ քեզի պատկանողներս, որ փառաւորենք քեզ, Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին՝ յաւիտեանս։ Ամէն։

Զ. Շարունակելի

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան