Միջինքը Հայց. Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ, պարզապէս որպէս յիշեցում, թէ Մեծ Պահքը հասած է իր կէսին 24րդ օրուան, առաջին կէսին աւարտը եւ երկրորդ կէսին սկիզբը:
Միջինքը Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ չունի իւրայատուկ եկեղեցական արարողութիւն: Միայն հսկումի երեկոյեան, խաղաղական ժամերգութեանց աւարտին կ’երգուին յաւուր պատշաճի ստեղի շարական մը:
Միջինքը մեր ապաշախարութեան ընթացքին կարեւոր հանգրուանն է մեզի համար: Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ դեռեւս ժամանակ ունինք ապաշխարելու եւ իմաստաւորելու Մեծ Պահքի ժամանակաշրջանը:
Սակայն, Միջինքը իւրայատուկ կը նշուի հայկական տոհմիկ սովորութիւններով եւ աւանդութեամբ: Կը նշուի, Միջինքի առաւօտեան, Արեւագալի ժամերգութեան աւարտին, հաւատացեալներ կը հրաւիրուին եկեղեցւոյ սրահէն ներս, սիրոյ սեղանի շուրջ, պահքի ճաշեր վայելելու՝ շարականներու երգեցողութեամբ եւ ժողովրդային երգերով եւ արտասանութիւններով: Հայրենիքի կամ Սփիւռքի մէջ, գոյութիւն ունին Միջինքի խորհրդանիշ մնայուն սովորութիւններ՝ բաղարջին (անխմոր հաց) մէջ, Խաչ, ուլունք, ոսկիէ, արծաթէ կամ մետաղէ դրամ դնել, տեսնելու, թէ ո՞վ է այդ տարուան բախտաւորը, որմէ արատութիւն պիտի գայ աշխարհիս: Հետեւաբար, Մեծ Պահքի այս ապաշխարութեան օրերուն մեր սրտերը լեցնենք սիրով եւ բարեգործութեամբ, որպէսզի սրտի անհուն գոհունակութեամբ ամբողջացնենք մեր հոգեւոր սնունդի կատարելագործումը, Մեծ Պահոց երկրորդ շրջանը արժանավայել կերպով շարունակել, դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան Տօնը:
ՅՈՎՀԱՆ ՈՐՈՏՆԵՑԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Իմաստասիրութիւնը իր բազմադարեան գոյութեան ընթացքին մեծապէս նպաստած է հոգեւոր մշակոյթի եւ գիտական միտքի զարգացումին:
Հայ իմաստասիրական միտքը աննախադէպ զարգացում կ’ապրի 13-14րդ դարերուն: Հանդէս կու գան իմաստասէրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը մեծ աւանդ կ’ունենայ իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան բնագաւարներէն ներս:
Յովհան Որոտնեցի մեծանուն վարդապետը կը պատկանի այդ իմաստասէրներու փաղանգին: Ծնած է 1315-ին, պատմական Սիւնիք նահանգի Ծղուկ գաւառի Վաղանդի գիւղը: Ան Օրբելեան ազգատոհմէն՝ Իվանէ իշխանին որդին էր: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանայ Գլաձորի համալսարանին մէջ, ուսուցչապետ ունենալով նշանաւոր գիտնական՝ Եսայի Նչեցին: Որոտնեցին աստուածաբանութեան կողքին կ’ուսանի յունական դասական փիլիսոփաներուն՝ Պղատոնի, Արիստոտէլի, Պորփիւրի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւնները: Ան կը հետեւի նաեւ քերականութեան, ճարտասանութեան եւ բնագիտութեան:
1338-ին քաղաքական անբարենպաստ պայմաններու եւ Եսայի Նչեցիի մահուան պատճառով կը փակուի Գլաձորի համալսարանը: Որոտնեցի քանի մը տարի ետք Տաթեւի մէջ կը հիմնէ նոր համալսարան մը, դառնալով անոր ուսուցչապետը:
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ Յովհան Վարդապետ իր ուսումը կատարելագործելու միտումով 1340-ականներուն կը փոխադրուի Որոտանի վանքը, որմէ կը ստանայ Որոտնեցի մականունը:
Յովհան Որոտնեցի կը համարուի պարագլուխը այն շարժումին, որ 14-րդ դարու կիսուն հայ հոգեւորականութիւնը կազմակերպած էր Ունիթոռներուն դէմ: Ունիթոռները կը ձգտէին ոչնչացնել Հայ Եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը զայն ենթարկելու Հռոմէական եկեղեցւոյ, լատինացնելով հայութիւնը՝ կրօնքով, լեզուով եւ ուսուցումներով: Այդ պայքարը բարեբախտաբար վերջ կը գտնէ Հայ Եկեղեցւոյ յաղթանակով:
Որպէս արժանի հետեւորդ Սիւնեաց տոհմին, Յովհանին վերապահուած էր Արքեպիսկոպոսութեան աթոռը, սակայն ան կը հրաժարի անկէ եւ ամբողջովին կը նուիրուի եկեղեցւոյ:
Որոտնեցին Տաթեւի եւ Ապրակունիսի վանքերէն ներս հանդէս եկած է իր դասախօսութիւններով, որոնք որպէս փիլիսոփայական աշխատութիւններ, գիտական բազմազան ստեղծագործութիւններու կողքին, առանձնայատուկ տեղ գրաւած են:
Այդ աշխատութիւնները հետագային մշակած ու խմբագրած է իր աշակերտը՝ Գրիգոր Տաթեւացին:
Յովհան Որոտնեցի հաւատքի եւ բանականութեան յարաբերակցութեան հարցը վերլուծելով կ’եզրակացնէ, թէ՝ «Աստուծոյ գոյութիւնը կարելի է հիմնաւորել բանականութեան միջոցով»: Յովհան Որոտնեցի կը վախճանի 1386-ին, կը թաղուի Ապրակունեաց վանքին մէջ: Ան կը սրբադասուի Սիմէոն Երեւանցի Կաթողիկոսի կողմէ եւ անունը կը նշուի Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ: Որոտնեցիի շնորհիւ Հայ Եկեղեցին կ’ունենայ ուսեալ եւ քաջարի վարդապետներու ընտրանի մը, որոնք կը նուիրուին ազգային եկեղեցական գոյապայքարին:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան