ՏՆՏԵՍԻ  ԿԻՐԱԿԻ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 16.1-31

         Մեծ Պահոց չորրորդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի» Կիրակի: Քրիստոսի պատմած գեղեցկագոյն առակներէն է: Այս առակը դժուարիմաստ է խորքին մէջ, եթէ նիւթական անկիւնէն դիտուի հարցը, բայց իրականութեան մէջ Յիսուս կը փորձէ շօշափելիօրէն հասկցնել մարդուն թէ ինչպէ՞ս կը կայանայ նիւթականի եւ բարոյականի փոխ-յարաբերութիւնները:

         «Տնտեսի» առակը իր մէջ ճշմարտութիւններ կը բովանդակէ, որոնք հոգեւոր են, այլ խօսքով՝ մարդու հոգիի փրկութեան վերաբերող իրականութիւններ:

         Մեծահարուստ մարդ մը իր ունեցուածքին վրայ տնտես մը ունէր: Օր մը կ’իմանայ թէ տնտեսը կը վատնէ իր հարստութիւնը, ուստի զինք կը կանչէ եւ հաշիւ կը պահանջէ, իմանալէ ետք եղելութիւնը, զինք կը զրկէ իր պաշտօնէն:

«Տնտեսը» ինքնիրեն կը մտածէ թէ ի՞նչ ընեմ որ մարդիկ զիս կրկին ընդունին իրենց տուներէն ներս աշխատելու, ապա մէկ առ մէկ կը կանչէ իր տիրոջ պարտապանները եւ իւրաքանչիւրէն բաժին մը կը զեղչէ եւ հաշուեփակ կը կատարէ, որպէսզի գործէ արձակուելէ ետք, նոր բարեկամներ սիրաշահած ըլլայ: Աւետարանը կ’ըսէ. «Տէրը ասիկա լսելով՝ գովեց անիրաւ տնտեսը իր հնարամտութեան համար» (Ղկ 16.8):

         Մարդը տնտես նշանակուած է Աստուծոյ կողմէ ողջ աշխարհին եւ անոր անսահման բարիքներուն ու գանձերուն վրայ: Ան ինչպէ՞ս պէտք է վարէ իր «Տնտեսութիւն»ը: Ասկէ կը ծագի յատկապէս քրիստոնեային համար կարեւոր հարց մը, թէ տնտեսին ըրածը յանցա՞նք է:

         «Տնտեսի» առակը այս հարցին որոշակիօրէն կը պատասխանէ: Եթէ տնտեսին ըրածը, չարաշահութեան, վաշխառութեան եւ խաբէութեան արդիւնք չէ, այլ հնարամտութեան՝ ուրեմն յանցանք չէ. «Աշխարհիկ հարստութիւնը գործածեցէք այնպէս՝ որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահիք» (Ղկ 16.9):

         Աստուած մարդուն տնտես կարգեց եւ ուզեց, որ Իր ստեղծած մարդը միաժամանակ Իր գործակիցը ըլլայ, որպէսզի մարդը ինքն իր անձին վերակացուն ըլլալով, նաեւ տնօրինէ իր եւ շրջապատին բարոյական արժէքները եւ սատար հանդիսանայ բոլորին բարեկամութիւնը եւ համակրանքը շահելու:

         «Տնտեսի» առակին մէջ, թէեւ տնտեսը հեռացած էր իր պաշտօնէն, բայց եւ այնպէս կը խորհէր միջոց մը որդեգրել եւ կրկին դառնալ իր նախկին վիճակին: Ուզեց վերականգնիլ իր անկումէն եւ արթննալ մահուան քունէն: Ան չյուսահատեցաւ, այլ ճարպիկութեամբ փորձեց ելք մը գտնել, ուստի օգտագործեց յարմար առիթը: Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է՝ բարիք ընենք բոլորին, մանաւանդ հաւատքի ճամբով մեր հարազատներուն» (Գղ 6.10):

         Տէրը տնտեսին իմաստուն վերաբերմունքը տեսնելով զայն կը գովէ: Որովհետեւ առաջին հերթին, նիւթը օգտագործեց իր ապագան շահելու, երկրորդ, նիւթը օգտագործեց որպէս միջոց, մարդասիրութեան նպատակներով եւ ոչ թէ ինքնանպատակ:

         Մենք եւս պէտք է տնտեսին իմաստութիւնը ունենանք՝ բարեկամներ ապահովելու, ճշմարիտ եւ աստուածահաճոյ գործեր կատարելու համար: Ուշ կամ կանուխ մեզմէ եւս պիտի պահանջուի որպէս մարդ այս անցաւոր աշխարհէն բաժնուելէ ետք, Աստուած պիտի ըսէ. «Քեզի յանձնուած բոլոր ստացուածքներուն հաշիւը տուր» (Ղկ 16.2):

         Պատասխանատուութեան զգացումը եւ պարտականութեան գիտակցութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին առաքինութիւններն են, իսկ անոնցմէ զուրկ ըլլալը՝ յանցանք է եւ մեղք:

         Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ, որ մենք եւս շահինք Աստուծոյ բարեկամութիւնը: Աստուծոյ հետ բարեկամանալու համար հարկ է նախ մեղքէն հեռանալ: Տիրոջ հետ միանալու միակ միջոցը չարէն ու անոր գայթակղութիւններէն անջատուիլն է, ես-էն ու անոր կործանարար բնութենէն հրաժարիլ: Առակին մէջ, տանուտէրը Աստուած է, իսկ տնտեսը մարդը, աշխարհի հարստութիւնները եւ ստացուածքները Աստուծմէ տրուած բարիքներ են տրամադրուած, մարդը անոնց տէրը չէ, այլ մատակարարող պաշտօնեան՝ «Տնտես»ը:

         Աստուած այս աշխարհի բարիքները մարդուն յանձնած է, զանոնք գործածելով հանդերձեալ կեանքի տիրանալու:

         Առակին հիմնական նպատակն է, թէ մարդ պարտաւոր է, այս աշխարհէն ստացած բարիքներէն բաժին հանել, օգնել, նպաստել, ողորմիլ իր նմանին, որպէսզի ժառանգէ յաւիտենական կեանքը:

         Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս կը թելադրէ, որ մենք եւս շահինք Աստուծոյ բարեկամութիւնը: Աստուծոյ հետ բարեկամանալու համար հարկ է նախ մեղքէն հեռանալ: Տիրոջ հետ միանալու միակ միջոցը չարէն ու անոր գայթակղութիւններէն անջատուիլն է, մեր ես-էն ու անոր կործանարար բնութենէն հրաժարիլ:

Թող ամենաբարին Աստուած շնորհքի եւ հաւատքի թթխմորը առատացնէ մեր մէջ, որպէսզի խմորէ ամբողջ զանգուածը՝ մեր էութեան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան