ԻՋՄԱՆ Ս. ՍԵՂԱՆ

Երբ կ’այցելենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ հաւատքով ու երկիղածութեամբ մուտք կը գործենք Միածնաէջ Ս. Տաճարէն ներս, առաջին ուշագրաւ երեւոյթը Ատեանի մէջ հաստատուած այն Սրբութիւն Սրբոց Սեղանն է, որ կը կոչուի Իջման Ս. Սեղան:
Իջման Ս. Սեղանը յատուկ է Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին: Ան խորհրդանիշն է դարերու ընդերքէն մեզի հասած հրաշապատում այն տեսիլքին, որ Ագաթանգեղոս պատմիչի վկայախօսութեամբ՝ Հայոց բազմաչարչար Հայրապետը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կ’ունենար, քրիստոնէական հաւատքի իր ներհուն խորասուզումին մէջ: Ան կը տեսնէր թէ Աստուածորդին, որպէս լոյս յաւերժական, կ’իջնէր Արարատեան դաշտ եւ հրեղէն մուրճով կը թակէր գետնին, ուրուագծելով յատակագիծը Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքի հնոցին:
Այսօր 1700 տարիներ ետք, Ս. Էջմիածինը, որպէս աղբիւր հաւատքի, կը ճառագայթէ հայ կեանքէն ներս: Նաեւ որպէս պատմական վկայութիւն՝ թէ Աստուածորդին իջած է եւ իր աստուածային սրբութեամբ օծած եւ նուիրագործած հայ հաւատքի առաջին արգասիքը՝ Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին:
Պատմական հրաշապատում այս դէպքին վկայութիւնն է, որ մեզի կը բերէ եւ մեզ հաղորդակից կը դարձնէ Իջման Ս. Սեղանը, մեր շրթներուն ծաղկեցնելով սրբազան շարականագիրին բառերը թէ՝ «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ քանզի ի սմա ծագեաց մեզ լոյս ի Հայաստան աշխարհիս»:
ՋԱՀ

Բազմաճիւղ աշտանակներով կազմուած եւ մասնաւոր պատուանդանի մը վրայ հաստատուած համագումար լոյսով լուսաւորելու կարողութեամբ օժտուած մեծ աշտանակ մըն է ջահը։
Ջահը այսօր մենք կը տեսնենք մեր եկեղեցւոյ կամարներէն կախուած, որպէս լուսասփիւռ։
Եկեղեցական այս ջահերը ընդանրապէս անցեալին շինուած կ’ըլլային երկաթէ կամ պղինձէ, որոնք բազում լոյս մոմերով զարդարուած՝ հնարաւորութիւն կ’ունենային իրենց լուսաւորութեան դաշտը ընդարձակելու։
Այսօր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կիլիկիա գանձատան մէջ կը գտնուի զուտ արձաթեայ հսկայ ջահ մը, զարդարուած 4 Աւետարանիչներուն, 11 Առաքեալներուն (Մաթէոս եւ Յովհաննէս Առաքեալները որպէս Աւետարանիչ նկատուած են, յաւելեալ Պօղոս Առաքեալի) եւ 18 մարգարէներուն քանդանակներով, որ եղած է Սսոյ Կաթողիոսարանին Ս. Սոֆիա մայր Եկեղեցւոյ կեդրոնական ջահը։
Վերջին յիսնամեակին, մեր բոլոր եկեղեցիները սկսան զարդարուիլ ընտիր բիւրեղապակիէ (Crystale) ջահերով, որոնք ներքին յաւելեալ լուսաւորումով առաւել կը պայծառացնեն մեր եկեղեցիները։