Քրիստոնէական եկեղեցւոյ արարողութեանց թագն ու պսակն է Ս. Պատարագը, որու ընթացքին կը յիշատակուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մեր մեղքերուն համար զոհագործման, միաժամանակ՝ Նոր Ուխտի հաստատման խորհուրդը։
Յիսուս, իր երկրաւոր կեանքի աւարտին, իր աշակերտներուն հետ երբ հաւաքուած էր Վերնատան մէջ, ճաշակելու Վերջին Ընթրիքը, մինչ բոլորը կ’ուտէին, Յիսուս հացը առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, ըսելով. «Առէք, կերէք, ասիկա իմ մարմինս է»։ Ապա բաժակը առաւ, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտներուն, ըսելով.« Բոլորդ խմեցէք ասկէ. ասիկա իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Մատթէոս 26.26-28։ Մարկոս 14.22-24։ Ղուկաս 22.19-20։ Ա. Կորնթացիս 11.24-25)։ Եւ Յիսուս ըսաւ՝ «Ասիկա միշտ կատարեցէք» (Ա. Կորնթացիս 11.25)։ Ահա այս խորհո՛ւրդն է որ կը կատարենք ամէն անգամ որ Ս. Պատարագ կը մատուցանենք։
Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Հետեւաբար, ամէն անգամ որ այս հացը կ’ուտէք եւ բաժակէն կը խմէք, Տիրոջ մահը կը պատմէք, մինչեւ իր երկրորդ գալուստը» (Ա. Կորնթացիս 11.26)։
Ի՞նչպէս կազմուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցը։
Ոսկեդարու մեր հայրերու աշխատանքը եղաւ ո՛չ միայն Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանել, այլ թարգմանել նաեւ՝ ծիսարարողական գիրքեր, եկեղեցական հայրերու կոթողներ, իմաստասիրական գիրքեր, եւայլն։
Արդ, այսօրուան մեր Եկեղեցւոյ գործածած Պատարագամատոյցը առաւելապէս առնուած է յոյն եկեղեցւոյ Ս. Բարսեղ Կեսարացի եւ Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայրապետներու պատարագամատոյցներէն, որոնք հայերէնի թարգմանուելով եւ խմբագրուելով, ինչպէս նաեւ մեր սրբազան հայրապետներու կողմէ նոր աղօթքներու եւ շարականներու յօրինումով եւ ներմուծումով՝ կազմուեցաւ այսօրուան Պատարագամատոյցը։ (Պատարագամատոյց կամ Խորհրդատետր կը կոչուի այն գիրքը, որ կը պարունակէ Ս. Պատարագի խորհուրդին վերաբերող բոլոր աղօթքները)։
Քանի՞ մասերու կը բաժնուի մեր Ս. Պատարագը։
Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագը կը բաժնուի չորս մասերու.¬
Ա) Պատրաստութիւն, որու ընթացքին պատարագիչ եկեղեցականը կը զգեստաւորուի, խոստովանանք կ’ըլլայ եւ ապա Ս. Խորան բարձրանալով կը պատրաստէ Ընծաները, այսինքն՝ սրբագործուելիք նշխարն ու գինին։ Ապա թափօր կը դառնայ ժողովուրդին մէջ ու կը բարձրանայ Բեմ։ Այս բաժինը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Մարդեղութիւնը։
Բ) Երախայից կամ Ճաշու Պատարագ, որ կը սկսի Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին թագաւորութեան յայտարարումով։ Կ’երգուի «Ս. Աստուած»ը, կ’ընթերցուին մարգարէական եւ Առաքելական թուղթերէն հատուածներ, օրուան Ճաշու Աւետարանը, եւ կ’արտասանուի Հաւատոյ Հանգանակը՝ «Հաւատամք»ը։ Այս բաժինը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրաւոր գործունէութիւնը։ (Այս մասը Երախայից Պատարագ կը կոչուի անոր համար, որ հին ժամանակ երախաները, այսինքն՝ չմկրտուած անձերը, ինչպէս նաեւ ապաշխարողները, այսինքն՝ անոնք որոնք Ս. Հաղորդութեան չէին կրնար մասնակցիլ, անոնց արտօնելի էր Ս. Պատարագի մինչեւ այս բաժնին ներկայ ըլլալ, հաւատքի մէջ դաստիարակուելու համար, իսկ Ս. Պատարագի երրորդ բաժնին կը հրաւիրուէին դուրս, Եկեղեցւոյ Գաւիթը ելլել եւ հոնկէ Ս. Պատարագին հետեւիլ)։
Գ) Հաւատացելոց Պատարագ, որ կը սկսի նշխարի ու գինիի Վերաբերումէն եւ կ’երկարի մինչեւ Ս. Հաղորդութեան տուչութիւն։ Այս ժամանակ է, որ կ’երգուի «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», «Սուրբ, Սուրբ», Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին նուիրուած երգերը, «Հայր Մեր»ը, «Տէր, ողորմեա»ն, եւայլն։ Այս բաժինը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի կատարած Վերջին Ընթրիքը եւ Աւագ Շաբաթուան տնօրինական խորհուրդները։
Դ) Օրհնութիւն եւ Արձակում, որու ընթացքին շնորհակալութիւն կը յայտնուի Աստուծոյ իր պարգեւած մեծ Գանձին՝ Յիսուսի Ս. Մարմնին ու Արեան ճաշակման համար, եւ ապա օրհնութիւններով կ’արձակեն ժողովուրդը։ Այս բաժինը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Համբարձումը եւ Ս. Հոգիին Գալուստը։
Ե. Շարունակելի
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան