Աղօթք Երկնաւոր Հօր Երանելի Յովհաննէս Գառնեցիի կողմէ

Յաւիտեաններու Աստուածը եւ բոլորին ստեղծիչը որ Քու ամենակարող զօրութեամբ սկիզբէն երկինքն ու երկիրը ստեղծեցիր, Քու հրամանովդ լոյսը ստեղծեցիր եւ լոյսը խաւարէն բաժնեցիր (Ծննդոց 1:3-4)։ Ահա մենք՝ տարբեր տարբեր անօրէնութեամբ խաւարին մէջ նստողներս կ՚աղաչենք Քեզի՝ իմ Տէրս եւ Աստուածս, բարին ընող եւ շատ ողորմութիւն ունեցող, Քու ողորմութեանդ լոյսը իմ վրաս ծագեցուր եւ չարին խաւարային խորհուրդները հեռացուր ինձմէ, որոնց միջոցաւ կորուստի անդունդին մէջ իյնալով կործանեցայ եւ տարակուսանքի մէջ եմ։

         Դուն որ ամէն ինչի կարող եւ հզօր ես, առանց շուքի լոյս ես, բարիքներու անսպառ աղբիւրը, կենդանութիւն տուողը, Քու Սուրբ Հոգիիդ սրբարար շնորհքներդ իմ վրաս ցոլացուր եւ իմ սրտիս եւ իմ հոգիս իմ մեղքերուս մթութենէն եւ բոլոր տեսակի աղտողութենէն մաքրէ, որոնցմով շլացած եմ եւ չեմ կրնար Քու աստուածային պատուիրաններուդ լոյսին նայիլ եւ արդարութենէն ճամբէն քալել։

         Նոր Իսրայէլի անքուն պահապանը եւ ամենատես աչքը, որ քերովբէներուն մէջ կը նստիս եւ անդունդներուն կը նայիս, քաղցրագոյն աչքերով Քու ապիկար ծառայիդ նայիր, որ մեղքերու անդունդներուն մէջ խորասուզուած է, կարողութիւնը եւ զօրութիւնը չունիմ ինքզինքս այս անդունդէն դուրս բերելու եւ ինծի ձեռնտու եւ օգնական չկայ այս անհնարին տարակուսանքներէն ազատելու։ Բայց Դուն, ո՜վ Տէր, այցելէ ինծի եւ պաշտպանէ զիս եւ Քու աննահանջելի հրամանովդ զիս այս անբաւ չարերու խորքերէն ազատագրէ, որովհետեւ ոչինչ գոյութիւն ունի որ Քու ամենակարող զօրութիւնդ կրնայ արգիլել։

         Ո՜վ ողորմած, կ՚աղաչեմ Քեզի, Քու աստուածութեանդ հոգին առաքէ ինծի, որ ջուրերուն վրայ շրջելով Քու արարածներդ կը կենսագործէ, որովհետեւ իմ մտքիս ամլութիւնը կը փառատես եւ Քու կամքիդ հաճոյական մաղթանքները իմ մտքիս մէջ սերմանէ, որովհետեւ առանց Քու օգնութեանդ, ես չեմ գիտեր թէ ի՛նչ պէտք է խնդրեմ Քեզմէ, որովհետեւ Ան, որ ամէն ինչ գիտէ եւ նոյնիսկ Աստուծոյ խորհուրդներըը կը քննէ, Ան նաեւ գիտէ մեր պէտքերն ու կարիքները մեր խնդրածէն եւ գիտցածէն աւելի եւ մեր տկարութեան դողալով, մեզի կը սորվեցնէ հաւատքով խնդրել եւ Քեզմէ գտնել մեր մեղքերուն թողութիւնը։

         Քու բարեբանուած երեսներէդ զիս մի՛ մերժեր, որովհետեւ ուխտիս մէջ չմնացի, որ Քեզի ուխտած էի փրկութեան օրը եւ Քու օրէնքներուդ ճամբաներէն շեղեցայ մոլորութեան իշխանին խրատներուն մտիկ ընելով, երկինք առաջնորդող պողոտայէդ շեղեցայ եւ մեղքերու ու մահուան փշոտ ճամբաներուն մէջ գացի։ Այլ Դուն՝ խնամող Տէր, որ բարերարութիւնդ ընելէ չես ձանձրանար եւ ողորմածութիւն ցոյց տալէ չես յապա-ղիր, Քու Հոգիիդ զօրութեամբ Քու անդրդուելի պատուիրաններուդ մէջ վերահաստատէ զիս, իմ ոտքերս ուղղելով դէպի կեանք տուող աղբիւրը։

         Արդ՝ մարդասէր եւ ամենակարող Տէր, որ Քու ժառանգութեանդ արքայութիւնը, որ Քու սուրբերուդ համար նախքան երկնքի եւ երկրի ստեղծագործութիւնը պատրաստեցիր, զիս իմ բոլոր տեսակի անօրէնութիւններէն սրբէ եւ արժանի ըրէ սուրբերուդ հետ Քու երկնային արքայութիւնդ մտնելու, գոհութեամբ փառաւորելու Քու ամենազօր տէրութիւնդ, յաւիտեաններուն յաւիտեանը, ամէն։


[i] Յովհաննէս Գառնեցի (1180 – 1245) 12րդ դարու աստուածաբան մըն էր։ Նշանաւոր վարդապետ եւ հանրածանօթ է իր «Յովհաննէս Վարդապետ Գառնեցիի Աղօթամատոյց» գրքով, որ նաեւ կը կոչուի «Աղօթքներու Գիրք»։ Իր ժամանակակիցները այդ աղօթքները կը նկարագրեն որպէս հրաշագործ աղօթքներ։ Այս աղօթքներէն, մասնաւորաբար, յայտնի են շաբթուան եօթը օրերու աղօթքները, ուր իւրաքանչիւր աղօթք կը սկսի իր անուան առաջին տառերուն համաձայն (Յ, Ո, Վ, Ա, Ն, Է, Ս)։