«ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ» ՇԱՐՔ

ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆ

Եկեղեցիներէն ներս զանգի գործածութիւնը ընդհանրանալէն ետք, անհրաժեշտ դարձաւ զայն կախել եկեղեցւոյ կից բարձրացող աշտարակի մը վրայ, որպէսզի անոր ղօղանջը լսելի դառնար նոյնիսկ հեռաւոր շրջաններ բնակութիւն հաստատած ժողովուրդին:

       Ընդհանրացած ձեւը այն էր, որ բարձրացող աշտարակին ծայրամասը կամարակապ բացութիւն մը ունենար, ուր կը կախուէր զանգակը:

       Յաճախ միջակ մեծութեամբ զանգակներ կախուած կ’ըլլային եկեղեցւոյ պատին ամրացուած երկաթէ մը. Ժամկոչին պարտականութիւնն էր որոշեալ ժամերուն զանգակին պարանը քաշել եւ հաւատացեալներուն տեղեակ պահել, թէ եկեղեցական ժամերգութիւնը պիտի սկսի:

       Յետագային, զանգակատունը եկեղեցական ճարտարապետութեան ընդհանուր կառոյցին մէջ ներառնելով՝ մայր մուտքին բարձրացող գեղակերտ կաթողիկէներով, եկեղեցւոյ արտաքին ոճին տուին եւս առաւել գեղեցկութիւն մը, որ պատշաճօրէն կը ներդաշնակուէր եւ կ’ընդելուզուէր եկեղեցւոյ ընդհանուր կառոյցին հետ:

       Երբեմն եկեղեցիներ չունենալով կեդրոնական կաթողիկէ գմբէթ, զանգակատունն էր որ իր խոյանքով կը բարձրանար՝ եկեղեցւոյ տալով ազգային կնիք եւ դիմագիծ: Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ զանգակատունը գեղեցկագոյն օրինակն է այսօր:

       Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարին շքեղ եւ լայնախարիսխ զանգակատունը, իր գեղակերտ քանդակներով, կառուցուած է հետագային, Մայր տաճարի մուտքին, վեհութեամբ զարդարելով արեւմտեան ճակատը՝ մայր դարպասը եկեղեցւոյ:       Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր մայր մուտքի հիւսիսային եւ հարաւային անկիւններէն բարձրացող զոյգ զանգակատուներ ունի, որոնք մայր գմբէթին հետ ներդաշնակուելով, որպէս երրեակ կաթողիկէներ՝ Աստուծոյ փառքն է որ կը ներբողեն բարձունքներուն մէջ: