ՆՇԽԱՐ

Նշխարը Սուրբ Հաղորդութեան կամ Պատարագի համար յատուկ պատրաստուած շրջանակաձեւ (կլոր, մաքուր ալիւրով եւ առանց թթխմորի՝ բաղարջ ) հաց մըն է՝ վրան պատկերուած կ’ըլլայ Քրիստոսի Խաչելութեան կամ Յարութեան նկարը:
Պատարագի ընթացքին նշխարը կը սրբագործուի եւ կը վերածուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կենարար Մարմնին, Գինիին մէջ թաթխուելէ ետք, որպէս հաղորդութիւն կը բաժնուի հաւատացեալներուն:
Պատարագի Նշխարը ըստ առաքելական կանոնին, կը պատրաստուի Պատարագէն առաջ քահանային ներկայութեամբ: Պատրաստութեան ընթացքին, աղօթք եւ սաղմոսներ կ’արտասանուին քահանային կողմէ: Նշխարներ կը բաժնուին նաեւ Տնօրհնէքի ժամանակ:
Տաղաւար տօներուն, երբ Հաղորդուողներուն թիւը մեծ կ՚ըլլայ, աւելի մեծ նշխարներ կարելի է պատրաստել մեծ տիպերով։Ս. Պատարագի համար գործածելի նշխարը նոյն առաւօտեան պէտք է պատրաստուի, իսկ ինչ որ ժողովուրդին պիտի բաժնուի, կարելի է նախապէս պատրաստել։