ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ամէն տարուան Փետրուար ամսուն, հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Անթիլիասի Մայրավանքին թէ թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, յատուկ հոգեհանգստեան կարգ կը կատարէ հոգիներուն համար իր երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբան հայրերու, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին մեր եկեղեցւոյ, մեր Հայրենիքին, մեր մշակոյթին եւ մեր ժողովուրդին։

Արդարեւ, Կիրակի, 8 Փետրուար 2026-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Հայր սուրբը քարոզի բնաբան վերցուցած էր Դաւիթ սաղմոսերգուի տողերէն. «Սորվեցո՛ւր ինծի քու ճամբադ, Տէ՜ր, որպէսզի ես հաւատարիմ մնամ քեզի» (Սղ 86.11»։ Ան իր մտածումները ամփոփեց երկու հիմնական կէտերու մէջ. ա) հաւատարիմ մնալ մեր առաքելութեան մէջ եւ բ) հաւատարիմ մնալ մեր խորհրդանիշերուն ու մեծութիւններուն։ Խօսելով առաջին կէտին մասին՝ հայր սուրբը ընդգծեց Քրիստոսի կողմէ մեզի առաքելութիւն յանձնուած ըլլալու եւ զայն իրագործելու անհրաժեշտութիւնը՝ մեր կեանքին եւ մեր շրջապատին մէջ։ Իսկ խօսելով երկրորդ կէտին մասին՝ հայր Սարգիս ըսաւ, թէ «հայ ազգը պատմութեան ընծայած է անձնաւորութիւններ, որոնք խորհրդանիշ ու մեծութիւն դարձած են: Հայ ազգի մեծանուն դէմքերը իրենց կեանքով ու հաւատքով բոլորին համար ուսանելի դարձած են: Հուրէ, ջուրէ ու սուրէ անցած են, սակայն մնացած են կանգուն՝ դառնալով խորհրդանիշեր ու մեծութիւններ»։ Իր մտածումները օղակելով օրուան խորհուրդին՝ ան յիշեց հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ վերջին 100 տարուան ընթացքին մեր ազգի պատմութեան ուղղութիւն տուող խորհրդանիշերն ու անձնաւորութիւնները, որոնք ծնան ու ծառայեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր երդիքին տակ.- Սահակ վշտակիր կաթողիկոսը, Բաբգէն Աստուածուսոյց կաթողիկոսը, Պետրոս շինարար կաթողիկոսը, Գարեգին Ա. հայակերտ կաթողիկոսը, Զարեհ մեծ կաթողիկոսը, Խորէն ծառայասէր կաթողիկոսը եւ Գարեգին պայծառամիտ կաթողիկոսը։ Քարոզի աւարտին, հայր սուրբը իր խօսքը ուղղելով Արամ Ա. ազգընտիր Կաթողիկոսին՝ ընդգծեց. «դուք, Արամ ազգընտիր Կաթողիկոս, որ 30 տարիէ ի վեր ձեր տեսլականով, շունչով ու շուքով կեանքի նոր ու յարափոփոխ մարտահրաւէրներուն դիմաց կ՚առաջնորդէք մեզ՝ ողջ հայ ազգը: Իսկապէս դարձաք խորհրդանիշ եւ Անթիլիասը դարձուցիք խորհրդանիշ ծառայական առաքելութեան: Մեզի սորվեցուցիք ու կը շարունակէք սորվեցնել, թէ հայ հոգեւորականը պէտք է ըլլայ հո՛ն, ուր ծառայութեան պահանջքը կայ: Խորհրդանիշը դարձաք հոգեմտաւոր զարգացման, եկեղեցին իր պատերէն անդին տանելու եւ զայն գրաւիչ դարձնելու առաքելութեան: Խորհրդանիշը դարձաք մեր փոքր ածուն իր փոքրութեան մէջ մեծցնելու, պահանջատիրութեան ու հայուն մէջ իսկական հայը կերտելու: Խորհրդանիշ դարձաք երիտասարդութիւնը ներգրաւելու:  Ահաւասիկ ձեր կաթողիկոսական գահակալութեան 30 եւ աւելի տարիներու վաստակին արդիւնքը.- այսօր Անթիլիասը լո՛յս է հայ կեանքին, ա՛ղ է հայ աշխարհին եւ սրբութիւն է հայ ազգին»։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Կաթողիկոսին հանդիսապդտութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան, ուր միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ հայ եկեղեցւոյ երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ լուսահոգի միաբան հայրերու հոգիներուն համար։

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ