3. ՀԱՒԱՏԱՑԵԼՈՑ ՊԱՏԱՐԱԳ

Հաւատացելոց Պատարագը Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի կատարումն է ու բաշխումը:

           Երախայից Պատարագի լրումին դպիրները կը սկսին երգել «Մարմին Տէրունական» երգը: Այն ատեն կը սկսի Հաւատացելոց Պատարագը՝ Ընծայի (Հացին ու Գինիին) վերաբերումով:

           Մինչ քահանան Ս. Սեղանին առջեւ բազկատարած ցած ձայնով կը սկսի աղօթել սրբուելու եւ մաքրուելու համար իր մեղքերէն՝ արժանի ըլլալու համար Ս. Ընծան մատուցանելու, սարկաւագը խորանին աջակողմեան խորհրդանոցէն կ’առնէ Ընծան եւ Սկիհը վեր բարձրացնելով՝ Ս. Սեղանին ետեւէն կը դառնայ ու հանդիսաւորապէս կը բերէ Սեղանին առջեւ, ուր սաղմոս կ’արտասանեն ինք եւ քահանան, ապա կը յանձնէ սկիհը քահանային, որ իր կարգին Սկիհով կ’օրհնէ ժողովուրդը եւ կը դառնայ դէպի Խորան:

           Ս. Եկեղեցին կը հաւատայ, թէ Ընծայի վերաբերումէն ետք Քրիստոս աներեւութապէս կը բազմի Ս. Սեղանին վրայ՝ հրեշտակներով շրջապատուած: Ուստի սարկաւագը կը թելադրէ հաւատացեալներուն, որ հաւատքով, սրբութեամբ եւ  պատշաճ ձեւով կանգնին Աստուծոյ Ս. Սեղանին առջեւ, որպէսզի արժանի ըլլան Տիրոջ ողորմութեան: Այս միջոցին քահանան դարձեալ կ’աղօթէ ծածկաբար եւ Հօր Աստուծմէ կը խնդրէ, որ ընդունի նուիրուող Ընծան, ու ճաշակողներուն համար ալ զայն պարգեւէ իբրեւ դեղ՝ մեղքերու թողութեան:

           Կը հասնի Ողջոյնի պահը, որ Քրիստոսի աներեւութաբար Սեղան իջնելուն եւ յայտնուելուն աւետիսն է: Սարկաւագը համբուրելով քահանային ձեռքն ու խորանը կը ստանայ ողջոյնը, կ’իջնէ Խորանէն եւ կը յանձնէ դասին մէջ կանգնած աւագ եկեղեցականին, որ իր կարգին կը փոխանցէ ժողովուրդին եւ անոնք ալ՝ իրարու: Ողջոյն փոխանցողը կ’ըսէ, «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ», իսկ ընդունողը կը պատասխանէ «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»:

           Ողջոյնին կը յաջորդէ Ընծաներու մատուցման պահը, երբ դպիրներ կ’երգեն «Սուրբ, Սուրբ» շարականը: Այդ միջոցին քահանան ծածուկ կ’աղօթէ, ապա Ընծային ծածկոցը վերցնելով, կ’առնէ հացը, վեր կը բարձրացնէ զայն ժողովուրդին աչքին առջեւ ու բարձր ձայնով կը կրկնէ Վերջին Ընթրիքի ժամանակ Յիսուսի արտասանած խօսքը. «Առէք, կերէք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի եւ շատերու համար կը բաշխուի որպէս քաւութիւն եւ մեղքերու թողութիւն»:

           Այս միջոցին ժողովուրդը ոտքի կանգնած կ’ըլլայ եւ երկիւղածութեամբ կը խոնարհի ու կը խաչակնքէ, իսկ դպիրները կ’երգեն «Ամէն», որ կը նշանակէ եղիցի, թող ըլլայ:

           Քահանան վեր կը բարձրացնէ նաեւ գինիին բաժակը՝ Սկիհը եւ կը շարունակէ կրկնել. «Ամենքդ խմեցէք ասկէ, այս է նոր ուխտի իմ արիւնս, որ ձեզի եւ շատերուն համար կը թափուի՝ որպէս քաւութիւն եւ մեղքերու թողութիւն»: Ասոր կը յաջորդէ «Հայր երկնաւոր», «Որդի Աստուծոյ», եւ «Հոգի Աստուծոյ» շարականները դպիրներու երգեցողութեամբ, մինչ այդ քահանան ծածուկ կ’աղօթէ, կը խնկարկէ եւ կ’օրհնէ Ընծան: Կ’աղօթէ բոլոր մարդկութեան բարօրութեան եւ առողջութեան համար:

           Սուրբ Եկեղեցին կը հաւատայ եւ կ’ընդունի «Որդի Աստուծոյ» շարականին երգեցողութեան ընթացքին, պատարագիչ քահանային աղօթքէն ետք Ս. Հոգին կը ներգործէ մատուցող հացին ու գինիին եւ անոնք իրենց մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը ընդունելով, կը գոյափոխուին Անոր մարմինին եւ արեան: Հետեւաբար, Սուրբ Սեղանին վրայ նուիրուող Ընծան, զոհը կամ պատարագը Աստուծոյ Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոսն է: Ուստի պատարագիչը Հօր Աստուծոյ ընծայուող «պատարագուող» Յիսուս Քրիստոսի անունովը համարձակութիւն կ’ունենայ իր եւ իր ժողովուրդին մեղքերուն համար թողութիւն խնդրելու եւ նաեւ այլ շնորհներ եւս: Դարձեալ ծածուկ աղօթքներ կ’արտասանէ աշխարհի խաղաղութեան, ննջեցեալներու եւ ապրողներու համար, ապա կ’երգուի Տէրունական աղօթքը:

           Տէրունական աղօթքը երգելով հաւատացեալներ Աստուծոյ կը յայտնեն իրենց որդիական սէրը, հաւատարմութիւնն ու հրճուանքը: ԶԱյն կը դաւանին իբրեւ Երկնաւոր Հայր, Թագաւոր եւ Փրկիչ: Կը յայտնեն նաեւ իրենց հպատակութիւնը եւ քաղաքացիութիւնը Երկինքի Արքայութեան: Եւ առ այդ կը խնդրեն Տիրոջ ողորմութիւնն ու շնորհները եւ երկնքի թագաւորութեան տարածումը մարդոց սրտերէն ներս:

           Պատարագը կը շարունակուի, քահանան ծածուկ աղօթքներով կը թաթխէ նշխարը գինիին մէջ, ապա կը դառնայ ժողովուրդին եւ կ’օրհնէ. վարագոյրը կը գոցուի, որմէ ետք պատարագիչը կ’ամփոփուի, յատուկ աղօթքներով կը հաղորդուի: Վարագոյրը բացուելով, խոստովանելէ ետք  ժողովուրդն ալ կը հաղորդուի:

Դարձեալ վարագոյրը կը գոցուի, մինչ այդ քահանան Սկիհը կը լուայ, կը պատրաստուի Խորանէն վար իջնելու: Այդ միջոցին դպիրները կ’երգեն «Լցաք» եւ «Գոհանամք» շարականները: Այս երգերով հաւատացեալները շնորհակալութիւն կը յայտնեն Տիրոջ, որ կերակրեց զիրենք անմահական սեղանէն, բաշխելով Իր մարմինն ու արիւնը իբրեւ փրկութիւն աշխարհի եւ կեանք՝ մեր անձերուն համար:

Դ. Շարունակելի

ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ  ԱՒԵՏԱՐԱՆ  7.37-52

Կեանքի ջուրին աղբիւրը

           Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ’ըսէր.

           -Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ: Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ՝ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին»:

           Յիսուս ասիկա կ’ըսէր Հոգիին համար, որ իրեն հաւատացողները պիտի ընդունէին. Իսկ Հոգին տակաւին չէր տրուած, քանի Յիսուս փառաւորուած չէր:

           Կրկին վէճ Յիսուս անձին մասին.

           Ժողովուրդէն ոմանք լսեցին այս խօսքերը, ըսին.

           -Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն:

           Ուրիշներ կ’ըսէին.

           -Քրիստոսն է:

           Իսկ ոմանք ալ կ’ըսէին.

           -Միթէ Գալիլեաէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը: Սուրբ գիրքը չ’ըսե՞ր՝ թէ Քրիստոս Դաւիթ թագաւորի սերունդէն պիտի ըլլայ եւ Դաւիթի քաղաքէն՝ Բեթլեհէմի մէջ պիտի ծնի:

           Եւ Յիսուսի պատճառով տարակարծութիւններ յառաջ եկան ժողովուրդին մէջ: Ոմանք ուզեցին ձերբակալել զինք, բայց ոչ ոք համարձակեցաւ ձեռք զարնել:

           Երբ տաճարին պահակները վերադարձան, աւագ քահանաներն ու Փարիսեցիները հարցուցին անոնց.         

           -Ինչո՞ւ զինք հոս չբերիք:

           Պահակները պատասխանեցին.

           -Այս մարդուն պէս խօսող երբեք չենք տեսած:

           Փարիսեցիները ըսին.

           Ի՞նչ, դո՞ւք ալ խաբուեցաք: Իշխանաւորներէն կամ Փարիսեցիներէն ոեւէ մէկը, հաւատա՞ց անոր: Մեր Օրէնքը չգիտցող տգէտ ամբոխը միայն հաւատաց: Անոնք արդէն իսկ նզովուած են:

           Նիկոդեմոս, Փարիսեցիներէն մէկը, որ նախապէս գիշերով եկած էր Յիսուսի մօտ, ըսաւ անոնց.

           -Արդեօք մեր Օրէնքը մարդս կը դատէ՞ նախ քան զինք լսելը եւ գիտնալը թէ ի՛նչ ըրած է:

           Անոնք պատասխանեցին Նիկոդեմոսի.

           -Միթէ դո՞ւն ալ Գալիլեայէն ես. Քննէ՛ Սուրբ գիրքերը եւ պիտի տեսնես, թէ Գալիլեայէն մարգարէ չ’ելլեր:

Եբրայեցի ժողովուրդին մեծագոյն տօներէն էր Տաղաւարահարաց տօնը, որու տեւողութիւնը եօթը օր էր: Տօնը կը խորհրդանշէ անոնց անտուն անհայրենիք թափառիլը անապատին մէջ: Սովորութեան համաձայն եբրայեցիները Երուսաղէմ հաւաքուելով, եօթը օր վրաններու մէջ կը բնակէին, օրէնքը կ’ըսէ. «Եօթը օր տաղաւարներո՛ւ մէջ բնակեցէք. Բոլոր Իսրայէլցի բնիկները, որպէսզի ձեր սերունդները գիտնան թէ երբ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ տաղաւարներուն մէջ բնակեցուցի զանոնք: Ե՛ս եմ Տէ՛րը՝ ձեր Աստուածը» (Ղւ 23.42-43):

           Տօնին երկրորդ իմաստը՝ աշնանային բերքահաւաքի տօնն էր, որուն ընթացքին ուրախութեամբ եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, երախտագիտութիւն կը յայտնէին Աստուծոյ իր պարգեւած ջուրին եւ երկրի բոլոր բարիքներուն համար, այս պատճառաւ նաեւ տօնը կոչուած էր բերքահաւաքի տօն:

           Վերոյիշեալ տօնին ժողովուրդը արմաւենիի ճիւղերով տաճար կը մտնէր եւ կը շրջապատէր մեծ խորանը, մինչ քահանաներէն մէկը ոսկեայ սափորով ջուր կը բերէր Սելովամի աւազանէն եւ կը լուար տաճարին յատակն ու զոհասեղանը, ի յիշատակ Մովսէս մարգարէին գաւազանով ժայռէն ջուր բխեցնելուն:

           Եօթնօրեայ տօնին վերջին օրը, Քրիստոս Ինքզինք կը յայտնէ ու հանգամանօրէն կը գոչէ. «Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ, ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ’ըսէ. «Անոր սրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (Յհ 7.37-39):

           Տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալները լսելով Յիսուսի խօսքերը իրարու կ’ըսէին. «Ասիկա է ճշմարիտ մարգարէն», իսկ ուրիշներ՝ «Օծեալն է Քրիստոսը», ոմանք ալ կասկածելով իրարու կ’ըսէին. «Միթէ Գալիլեայէ՞ն պիտի գայ Քրիստոսը» (Յհ 7.40-41):

           Յիսուսի խօսքերը ունկնդիրներուն առջեւ կը բանար կեանքի նոր հորիզոններ: Մարդկային կեանքի բնական երեւոյթներէն է ծարաւնալը, բայց «մարդ»ով այգենալը, այսինքն Քրիստոսով, ո՛չ միայն նորութիւն էր, այլեւ անհասկնալի:

           Բնականաբար նիւթական ծարաւի մասին չէր խօսքը, որովհետեւ նիւթական ջուրը նիւթեղէն մարդուն համար է եւ ժամանակաւորապէս կը յագեցնէ մեր ծարաւը: Իսկ Քրիստոսի ակնարկած «ջուրը» աննիւթական է՝ մարդուն ոգեղէն էութեան համար եւ ժամանակի սահմաններէն դուրս կու գայ յաւիտենական ըլլալու: Եթէ անկէ խմենք յաւիտենապէս պիտի չծարաւինք:

           Քրիստոս առիթով մը, Սամարիոյ Սիւքար քաղաքի Յակոբի ջրհորին մօտ, սամարացի կնոջմէ ջուր խնդրեց: Կինը զարմացած ըսաւ. «Դուն որ Հրեայ մըն ես, ինչպէ՞ս ինձմէ՝ Սամարացի կնոջմէ մը խմելու ջուր կ’ուզես» (Յհ 4.9): Յիսուս կը պատասխանէ անոր ըսելով. «Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ: Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ» (Յհ 4.13-14):

           Աստուածաշնչական այս դրուագով կ’իմանանք, թէ Քրիստոս Ինքզինք յայտնած է որպէս կեանք ջուր, որմէ խմողը ոչ թէ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ, այլեւ «Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բղխին» (Յհ 7.38):          

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերոյիշեալ մտածումներու լոյսին տակ կարելի է եզրակացնել, որ ինք եղաւ զօրութեան աղբիւր բոլոր անոնց, որոնք ըմպեցին Իր տուած կենսատու ջուրէն: Հետագային, Քրիստոսի առաքեալները եկեղեցիներ հիմնեցին այդ «Հոգեւոր վէմին վրայ, որ Քրիստոսն է»:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան