«Մի՛ շնար»
Եօթներորդ պատուիրանը կը շօշափէ այն մեղքը, որ հաւանաբար ամենատարածուածն է մարդկութեան պատմութեան մէջ, որ ապականած է ամբողջ աշխարհը՝ թէ՛ յետամնաց եւ թէ՛ խիստ զարգացած երկիրները։ Ցաւօք, այս մեղքը սահման չի ճանչնար եւ ներկայ է նոյնիսկ առցանց հարթակներու եւ հեռուստակայաններուն մէջ, որոնց միջոցով կը քայքայուին ընտանիքներ եւ կը խոցուին մանուկ, անմեղ հոգիներ։
Շնութիւնը թերեւս մեղքերուն մէջէն ամենէն տիրականը եղած է մարդոց կեանքին մէջ, եւ ինչպէս քիչ վերջ ակնարկութիւն մը պիտի ընենք, այդ մեղքը գոյութիւն ունեցած է մարդկութեան պատմութեան նոյնիսկ ամենէն վաղ ժամանակներէն։ Հակառակ այս ցաւալի իրականութեան, ապշեցուցիչ է ինչպէս մարդիկ երբ անոր մասին կը խօսին, կ’արտայայտուին իբրեւ «ամենէն անվնաս» արարքը։ Բայց ինչպէս կարելի է «անվնաս» նկատել մեղք մը, որ ընտանիքներուն քայքայման պատճառ կը դառնայ, տարբեր հիւանդութիւններու ծնունդ կու տայ, եւ կործանիչ զօրութեամբ կը ներթափանցէ մինչեւ մարդու արմատներուն խորքը։ Ուստի, պէտք չէ թեթեւութեամբ վերաբերիլ այս ապականիչ ախտին նկատմամբ։
Աստուածաշունչի կերպարներէն շատերուն ծանօթ է Սամսոնը, որուն Աստուած արտասովոր ուժ պարգեւած էր։ Հակառակ այդ մեծ շնորհքին, կը կարդանք, թէ շնութեան մեղքը պատճառ դարձաւ, որ Սամսոն կորսնցնէ իր աստուածատուր պարգեւը։ Նոյնպէս, ծանօթ է Սոդոմի եւ Գոմորի պատմութիւնը. որ սեռական այլասերուածութեան եւ շնութեան մեղքին պատճառով Արարիչը ոջնջացուց այդ երկու քաղաքները։
Աստուածաշունչը յստակ կը վկայէ. «մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ՝ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին։ Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ իր զօրութեամբ։ Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են։ Քրիստոսի անդամները առնենք պոռնիկի անդա՞մ դարձնենք… բոլոր միւս մեղքերը որ մարդ կը գործէ, իր մարմինին հետ կապ չունի. Բայց պոռնկութիւն ընողը իր մարմինին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կր 6.13-18)։
Առ այդ, երկու անձերու միջեւ յարաբերութիւնը պէտք է իրականացուի աստուածային թելադրութեան լոյսին տակ։ Աստուած այր մարդուն եւ կնոջ միութիւնը կը պատուիրէ (Ծնն. 2.24), կ’օրհնէ այդ միութիւնը եւ կը թելադրէ աճիլ ու բազմանալ (Ծնն 1.28)։ Ահա թէ ինչու, Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ «բոլորդ ալ պատուեցէ՛ք ամուսնութիւնը եւ ամուսնական կապը սուրբ պահեցէք, որովհետեւ Աստուած կը դատապարտէ շնացողներն ու պոռնկութիւն ընողները» (Եբր 13.4)։
Իսկ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, այս պատուիրանին լրջութիւնը ընդգծելու համար, ոչ թէ միայն շնութիւնը կը դատապարտէ, այլ նոյնիսկ անոնք՝ որոնք ցանկութեամբ իրենց միտքը այդ ուղղութեամբ կ’առաջնորդեն (Մտ 5.27-28), կամ իրենց կողակիցը կ’արձակեն առանց պոռնկութեան պատճառի (Մտ 5.31-32)։
Թէեւ այսօր շատեր իրենց արարքները արդարացնելու բազմաթիւ պատճառներ կրնան թուել, կամ ամուսնութենէն առաջ յարաբերութիւնները կը ջատագովեն ու կը չքմեղեն, կը բաւէ մտքին մէջ պահել, որ մեր կամքը պէտք է Աստուծոյ կամքին հնազանդեցնենք։ Ցաւօք, այս հնազանդութիւնը այն արժէքն է, որ այսօր կը պակսի աշխարհին մէջ։
Աստուած կ’ըսէ «իմ խորհուրդներս ձեր խորհուրդները չեն, ու իմ ճամբաներս ձեր ճամբաները չեն» (Ես 55.8-9). Ուրեմն, միայն բառերով «եղիցին կամք քո» աղօթելը բաւարար չէ. Անհրաժեշտ է այդ աղօթքը գործնապէս ապրիլ, կեանքի վերածել եւ մեր կամքէն առաջ Աստուծոյ կամքը կատարել։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան