Վեցերորդ պատուիրանը՝ «Մի՛ սպաններ», առաջին հայեացքով պարզ, կարճ եւ յստակ նախադասութիւն մըն է, բայց իրականութեան մէջ ան աւելի խոր է, քան այն ինչ որ կ’երեւի։
Աստուածաշունչը Աստուծոյ կենդանի խօսքն է մեզի համար, եւ երբ կը խօսի, կը խօսի տուեալ ժամանակի մարդոց համար. եւ այսօր, երբ տարբեր ձեւերով մարդ սպաննել կարելի դարձած է, «մի սպաններ» պատուիրանը, միայն զէնքով սպաննելու մասին չի սահմանափակուիր եւ պէտք չէ այդպէս հասկնալ։
Այս պատուիրանը, կը ստիպէ մեզ մտածել, թէ կեանքը պատահական իրականութիւն մը չէ, այլ պարգեւ մը Աստուծմէ, որուն նկատմամբ պատասխանատուութիւն ունինք եւ հաշուետու ենք Աստուծոյ։ Աստուած մեզի տուած այդ պարգեւին հանդէպ նախանձախնդիր է։
Քրիստոնէական հաւատքը կը յայտնէ, որ մարդը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած է։ Այսինքն, իւրաքանչիւր մարդու մէջ աստուածային դրոշմ մը կայ, անկախ իր ուժէն, վիճակէն կամ սխալներէն։ Երբ մարդ մը կը սպաննէ ուրիշը, ան ոչ միայն կեանք մը կը խլէ, այլ կը մեղանչէ այդ աստուածային պատկերի դէմ։ Այդ պատճառով Աստուածաշունչը սպաննութիւնը կը ներկայացնէ ոչ որպէս հասարակ յանցանք, այլ որպէս Արարիչին դէմ գործուած ծանր մեղք։ Երբ մարդը զԱստուած իր մտքէն դուրս կը ձգէ, կեանքը կը սկսի արժէք չունենալ, եւ այդտեղէն ալ կը ծնին նախանձը, ատելութիւնը, վրէժխնդրութիւնը եւ ի վերջոյ՝ սպաննութիւնը։
Սպաննութիւնը սիրոյ պակասէն կը ծնի։ Երբ ուրիշին հանդէպ մէկու մը սէրը ցամքի, եւ անկարեւոր նկատուի անոր ապրելու իրաւունքը, մարդ կրնայ սպաննել։ Խորքին մէջ սիրոյ մեծագոյն թշնամին՝ Սատանան է, եւ մարդասպանը սատանայի գործը կը կատարէ, որուն համար Յիսուս ըսաւ. «Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր» (Յհ 8.44)։
Այս պատուիրանին մասին երբ կը խօսինք, ինքնասպանութեան թեման անխուսափելի կը դառնայ։ Ինքնասպանութիւնը սովորաբար մէկ վայրկեանի որոշում չէ, այլ երկար ընթացքի մը արդիւնքը, երբ մարդը կամաց-կամաց կը կորսնցնէ իր կեանքի իմաստը։ Ճնշում, կորուստ, հիասթափութիւն, սխալ ըմբռնումներ կամ յուսահատութիւն՝ բոլորը կրնան մարդը հասցնել այն կէտին, ուր ան կը կարծէ, թէ իր չգոյութիւնը աւելի լաւ է, քան գոյութիւնը։ Բայց ինքնասպանութիւնը իրականութեան մէջ ոչինչ կը լուծէ։ Մարդ կրնայ սպաննել իր մարմինը, բայց չի կրնար ջնջել իր հոգին։ Իսկ երբ հոգին վաղաժամ կը բաժնուի մարմինէն, ան կը մնայ առանց այն հնարաւորութեան, որ կեանքի մէջ տակաւին ունէր՝ փոխուելու, բուժուելու, ապաշխարելու, լոյս գտնելու եւ Աստուծոյ ապաւինելու եւ արժեւորելու այդ կեանքը որ Աստուած իրեն վստահած էր։
Քրիստոնէութիւնը երբեք չի փառաբաներ ինքնասպանութիւնը, որովհետեւ ան մերժում մըն է Աստուծոյ տուած պարգեւին։ Իսկ Քրիստոս մեզի չսորվեցուց փախչիլ կեանքէն, այլ մնալ հաւատարիմ մինչեւ վերջ։
Այս պատուիրանը մեզի պատասխանատուութեան կը հրաւիրէ։ Քրիստոնէութիւնը անհատական փրկութեան ծրագիր մը չէ միայն, այլ նաեւ իրար բեռը կրելու կոչում։ Շատ անգամ ինքնասպանութեան եզրին գտնուող անհատը կը բարձրաձայնէ իր ցաւը, բայց ոչ ոք լրջօրէն կ’ընկալէ զինք։ Այդ անձերը, շատ անգամ լուծում չեն փնտռեր, այլ մէկը, որ լսէ իրենց, մնայ իրենց կողքին եւ յիշեցնէ, թէ ամէն մարդ դժուարութիւններ ունի եւ իրենք առանձին չեն իրենց տառապանքին մէջ. անոնք պէտք ունին վերյիշելու, որ կեանքը Աստուած տուած է, ուստի՝ արժէք ունի։
Վեցերորդ պատուիրանը, չի վերաբերի միայն բացայայտ սպաննութեան, այլեւ այն բոլոր պահերուն, երբ մենք կը լռենք, երբ չեն զգուշացներ, չենք պաշտպաներ, երբ խօսքով կամ վերաբերմունքով սիրտ կը սպաննենք։ Մարդ կարելի է սպաննել նաեւ հոգեպէս՝ գայթակղեցնելով, նսեմացնելով, եւ բոլոր այն ձեւերով որ մարդը կը հեռացնէ Աստուծմէ, որ կեանքի պարգեւիչն է եւ անկէ հեռու մնացողները իսկական մեռելներ են Աստուածաշունչին տրամաբանութեամբ։
Յովհաննէս Աւետարանիչ շատ պարզ կը ձեւակերպէ, թէ «Ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան մըն է» (Ա. Յհ 3.15)։ Այս խօսքը ծանր է, բայց կը ստիպէ մեր սրտին մէջ նայիլ եւ հարց տալ՝ եթէ մենք կեանքի՞ կը փոխանցենք, թէ կը խլենք։
Վեցերորդ պատուիրանը վերջ ի վերջոյ կեանքի պաշտպանութեան կոչում մըն է։ Ան մեզ կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր մարդ արժէք ունի, որովհետեւ Աստուծոյ պատկերն է, իսկ մեր խօսքը, վերաբերմունքը եւ ներկայութիւնը կրնան կամ կործանել, կամ փրկել։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան