Ուրբաթ 23 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան Ս. Աստուածածին եկեղեցի այցելեցին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Պատանեկան Միութեան անդամները, պատասխանատուներու առաջնորդութեամբ:
Պատանիները եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցան Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ:
Տէր Հայրը ներկաներուն բացատրեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ազգային եւ հոգեւոր դիմագիծն ու ծառայութիւնը, նաեւ թելադրեց պատանիներուն, որ սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ չորս նուիրական գործօններու, որոնք հայակերտումի եւ հայապահպանուի կարեւոր հիմնարկներ են.
ա- Հայ Դպրոցը
բ- Հայ Եկեղեցին
գ- Հայ Ակումբը եւ մանաւանդ շեշտեց
դ- Հայ Ընտանիքը:
Պատանիները ուխտեցին տէր կանգնիլ եւ պաշտպանել զանոնք ի գին ամէն զոհողութեան: