Յիսուս երբ գիտցաւ թէ պիտի գան զինք բռնութեամբ թագաւոր ընելու, դարձեալ լեռը ելաւ, առանձին:
Երեկոյեան, Յիսուսի աշակերտները լիճին եզերքը իջան եւ նաւակ մտնելով՝ սկսան երթալ լիճին դիմացի կողմը, դէպի Կափառնաում: Երբ մթնցաւ, տակաւին Յիսուս իրենց չէր եկած: Լիճը զօրաւոր հովէն կ’ալեկոծէր:
Աշակերտները հազիւ հինգ կամ վեց քիլոմեթր նաւարկած էին, երբ տեսան Յիսուսը, որ լիճին վրայէն քալելով կը մօտենար նաւակին: Բոլորը սարսափեցան: Յիսուս ըսաւ անոնց.
-Ես եմ, մի՛ վախնաք:
Անոնք կ’ուզէին զինք նաւակին մէջ առնել, բայց արդէն նաւակը հասաւ այն տեղը, ուր կ’երթային:
Աւետարանական այս հատուածը երբ ընթերցենք, մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ հիմնական կարգ մը ճշմարութեանց վրայ: Անկասկած որ, Քրիստոս իր հետեւորդներուն համար խոնարհութեան, համեստութեան ու հեզութեան խորհրդանիշ դարձաւ: Ան պարզ մսուրի մը մէջ ծնաւ: Որպէս մեղապարտ դատապարտուեցաւ եւ խաչ հանուեցաւ: Ան երբեք փառք չփնտռեց, ընդհակառակը ժողովուրդը զինք փառաւորեց, բայց հակառակ այս բոլորին, Ան յաւիտենական փառքի ճանապարհը ցոյց տուաւ մեզի երբ ըսաւ. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը: Միայն ինձմով կարելի է Հօրս երթալ» (Յհ 1.46): Ան ամբողջ արարչագործութեան թագաւորն է. Իր թագաւորութիւնը անսկիզբ եւ անվախճան է: Աշխարհ եկաւ մեզ ժառանգակից դարձնելու իրեն:
Քրիստոսի ծովուն վրայէն քալելը մարդկային մտքով անկարելի բան մըն է:

Քրիստոս այս արաքով ըսել կ’ուզէ իր առաքեալներուն եւ մեզի այսօր, թէ ինչ որ մարդկային մտքով անկարելի է, Աստուծոյ համար կարելի է եւ հնարաւոր: Բայց ինչպէս որ յստակ է բոլորիս, այս եւ նման այլ բազմաթիւ հրաշքներ անբաւարար էին մարդուն եսը քանդելու եւ ճշմարտութիւնը տեսնելու: Առիթով մը Յիսուս ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ ինծի չէք հաւատար, բայց գործերուս հաւատացէք, որպէսզի գիտնաք ու ճանչնաք թէ Հայրը իմ մէջս է եւ ես՝ Հօրս մէջ» (Յհ 10.38): Փարիսեցիներ եւ օրէնքի ուսուցիչներ նշան ուզեցին եւ Քրիստոս անոնց ըսաւ. «Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք. բայց Յովնան մարգարէի նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի» (Մտ 12.39):
19-րդ համարին մէջ աշակերտներուն վախը կը փաստէր թէ տակաւին անոնք ալ շփոթի մէջ էին: Քրիստոս բազմիցս յանդիմանեց զիրենք իրենց անհաւատութեան համար. (Մտ 8.26): Այլ առիթով մը երբ Պետրոս ուզեց ծովուն վրայէն քալել եւ Քրիստոսի քով երթալ, յանկարծ ընկղմեցաւ, Յիսուս ըսաւ իրեն. «Թերահաւա՛տ ինչո՞ւ կասկածեցար» (Մտ 14.28-31):
20-րդ համարին մէջ կը լսենք Յիսուսի հայրական սիրով լեցուն ձայնը որ կ’ըսէ. «Ես եմ մի վախնաք»: Առաքեալներուն վրայ ծանրացող ամպերը փարատեցնող եւ ծովերուն ալեկոծութիւնները խաղաղեցնող ձայնն էր: Աշակերտները կը հանդարտին, երբ Քրիստոս՝ սիրելի վարդապետը, կը միանայ իրենց. իսկոյն ներքին խաղաղութեան կը վերատիրանան:
Այսօր մենք եւս պէտք ունինք լսելու բարի հովիւին՝ Քրիստոսի ձայնը լսելու, որ մեզի կ’ըսէ. «մի վախնաք ես եմ»:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան