«Պատուէ հայրդ ու մայրդ որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան այն երկրին վրայ, որ քու Տէր Աստուածդ կու տայ քեզի» (Ել 20.12)
Եթէ աչքէ անցնէք տասը պատուիրանները, պիտի նկատէք որ միայն հինգերորդ պատուիրանն է, որ իր մէջ խոստում մը ունի զայն կատարողին համար. Կ’ըսէ «որպէս զի քու օրերդ երկայն ըլլան»։
Խոստում պարունակող այս պատուիրանը, միայն բարոյական պահանջ չէ, այլ աստուածային խոստումով օժտուած ճանապարհ մը՝ մարդուն անհատական, ընտանեկան եւ հասարակական կեանքը առողջ կերպով կերտելու համար։
Եբրայերէն բնագրին մէջ «պատուել» բառին համար գործածուած kabed եզրը խոր աստուածաբանական իմաստ ունի։ Ան կը նշանակէ «ծանրութիւն տալ», «արժէք վերագրել», «լուրջ ընդունիլ»։ Ծնողքը պատուելը, հետեւաբար, սահմանափակուած չէ հնազանդութեամբ․ ան կը ներառէ խոր յարգանք, ներքին երախտագիտութիւն, խնամք եւ գիտակցութիւն ծնողներուն դերին ու զոհողութիւններուն նկատմամբ։
Անվիճելի է, որ ընտանիքը միշտ չէ, որ խաղաղ ու ներդաշնակ իրականութիւն է։ Ամէն ընտանիք ունի իր լարուածութիւնները, վերքերը եւ հակասութիւնները։ Երեխաներ եւ երիտասարդներ յաճախ դժուարութիւն կ’ունենան իրենց ծնողներուն հետ յարաբերութեան մէջ, իսկ ծնողները՝ իրենց հերթին, անկատար մարդիկ են։ Երբեմն անոնք չեն գիտեր կամ չեն կրնար փոխանցել այն, ինչ իրենց զաւակները հոգեւոր ու մարդկային առումով կը պահանջեն։ Աւելին՝ մեր ժամանակներուն մէջ չենք կրնար անտեսել այն ցաւալի իրականութիւնը, որ կան ծնողներ, որոնք բացակայ են կամ նոյնիսկ վնաս պատճառած են իրենց զաւակներուն։
Այս բոլորին մէջ, սակայն, Աստուածաշունչը չի նահանջեր իր պատգամէն։ Մենք կ’ապրինք կոտրուած աշխարհի մը մէջ, ուր մեղքը աղաւաղած է Աստուծոյ նախնական ծրագիրը։ Սակայն Աստուած Իր սիրով մարդը կը հրաւիրէ ոչ թէ կոտրուածութեան մէջ մնալու, այլ փրկութեան կեանքը ապրելու։
Հինգերորդ Պատուիրանը փրկութեան հրաւէրին մաս կը կազմէ։ Ան մեզ կը կոչէ վեր բարձրանալու անձնական վիրաւորանքներէն եւ ապրելու աստուածային ճշմարտութեան լոյսին մէջ։
Ծնողքը պատուելու Պատուիրանը ընտանիքը կը դարձնէ Աստուծոյ ուխտին առաջին դպրոցը։ Ընտանիքին մէջ սորված յարգանքը, հնազանդութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը դառնան այն հոգեւոր արժէքները, որոնց վրայ կը կառուցուի ողջ հասարակութիւնը։ Ծնողքը պատուելով՝ մարդ կը սորվի յարգել իշխանութիւնը, պատասխանատուութիւն ընդունիլ եւ գիտակցիլ, որ իր կեանքը ինքնաբուխ իրականութիւն չէ, այլ պարգեւ։
Թէեւ Հին Կտակարանին մէջ Աստուած միշտ չէ, որ բացայայտօրէն «Հայր» կը կոչուի, սակայն ան կը ներկայացուի որպէս Արարիչ եւ Կեանքի Աղբիւր։ Ծնողքը պատուելը, այս իմաստով, նաեւ Աստուծոյ հանդէպ ունեցած մեր վերաբերմունքի արտացոլումն է։
Իսկ ամենէն կարեւոր բանը, մանաւանդ այսօր, այն է թէ այս պատուիրանը պայմանաւորուած չէ ծնողներուն արժանիութեամբ։ Աստուած չըսեր «եթէ քու ծնողներդ անթերի ըլլան»։ Պատուիրանը կը հիմնուի ոչ թէ մարդկային կատարելութեան, այլ աստուածային կամքին վրայ։
Այս ճշմարտութիւնը մեզ կը յիշեցնէ, որ ծնողքը պատուելը նախ եւ առաջ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեան արտայայտութիւն է։ Ան խոստում ունի, որովհետեւ Աստուած կը տեսնէ սրտին տրամադրութիւնը եւ Իր ժամանակին մէջ օրհնութիւն կը պարգեւէ։
Առակաց գիրքը շատ կը շեշտէ ծնողական խրատի եւ ուսուցման արժէքը՝ զայն ներկայացնելով որպէս կեանքի զարդ եւ պսակ։ Նոյն գիրքը կը յորդորէ չարհամարհել մայրը իր ծերութեան մէջ, որովհետեւ ծնողները կեանք տուած են մեզի։
Պօղոս առաքեալ ալ այդ սկզբունքը կը պահպանէ եւ այդ մասին կ’անդրադառնայ Եփեսացիներու վեցերորդ գլխուն մէջ։
Իսկ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խաչին վրայ, Իր մահուան պահուն, հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ Իր մօր հանդէպ՝ զայն Յովհաննէս առաքեալին վստահելով։ Աստուծոյ Որդին, մարդկային տառապանքի գագաթնակէտին մէջ, չմոռցաւ ընտանիքի պատասխանատուութիւնը։
Ուրեմն։ Հինգերորդ Պատուիրանը պարզ բարոյական կանոն մը չէ։ Ան աստուածային տեսլական մըն է ընտանիքի, հասարակութեան եւ մարդկային կեանքի համար։ Ան մեզ կը յիշեցնէ, որ փրկութիւնը անհատական փորձառութիւն մը չէ, այլ կը դրսեւորուի յարաբերութիւններու մէջ՝ յատկապէս ընտանիքին շրջանակին ներս։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան