ՏՕՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ  ՅԻՍՈՒՍԻ  ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Տէրունական անշարժ տօներէն է՝ Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնը, որ  կը նշուի Յունուարի 13-ին: Իսկ Յովհաննու Կարապետի Ծնունդը՝ Յունուարի 14-ին:

Ըստ Ղուկաս աւետարանիչին. 

Մարդացեալ Աստուածորդիին,  ծննդեան 8-րդ օրը, Յովսէփն ու Մարիամ Աստուածածինը Յիսուս մանուկը Տաճար կը տանին Աբրահամի եւ Աստուծոյ միջեւ դրուած ուխտի (Ծննդ. 17.4–14) համաձայն թլփատելու: Թլփատութեան ժամանակ մանուկին կ’անուանեն Յիսուս. «Եւ երբ ութ օրերը լրացան, եւ զայն թլփատեցին, անոր անունը Յիսուս կոչեցին, ինչպէս որ հրեշտակին կողմէ  ըսուած էր» (Ղուկ. 2.21):

Ս. Ծննդեան ութերորդ օրը Յիսուս Քրիստոսի անուանակոչութեան օրը, Գաբրիէլ հրեշտակապետի պատգամին համաձայն, որ տեղի ունեցաւ Աւետումին օրը, Յովսէփ եւ Մարիամ նորածին Յիսուսը տարին տաճար, հրէական օրէնքի համաձայն, թլփատել տուին եւ անունն ալ  կոչեցին Յիսուս։

Յիսուս անունը կը նշանակէ Փրկիչ, իսկ Քրիստոս՝ Օծեալ Տէր։ Յիսուս կ’անուանուի նաեւ. «Մեսիա, Քրիստոս, Էմմանուէլ, Փրկիչ եւ Վարդապետ»:

Հրեաներու մօտ սովորութիւն էր Աբրահամեան սերունդի պատկանող արու զաւակներուն աստուածային ուխտի դրոշմը տալու համար՝ թլփատել զանոնք, նոյն միջոցին նաեւ երեխային տալով նոր անունը, այսինքն անուանակոչումը կատարել:

Թլփատումը՝ հրեաներու համար, Աստուծոյ եւ Աբրահամի միջեւ կնքուած «ուխտ»ի յիշատակութիւնն է։

Քրիստոնէութեան տարածման սկզբնական շրջանին, նորադարձ  քրիստոնեայ հրեաներ շարունակեցին պահել իրենց այս աւանդութիւնը, որը աւելի վերջ Պօղոս առաքեալի կողմէ արգիլուեցաւ։ Յիսուսի թլփատումով  կը յարգուէր հաստատուած աւանդութիւն մը:

Համադրեց՝

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան