Պատուիրան Չորրորդ (շարունակութիւն)

Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ անդրադարձանք, չորրորդ պատուիրանը կը շեշտէ հանգիստի կարեւորութիւնը եւ Աստուծոյ ժամանակ նուիրելու անհրաժեշտութիւնը՝ Անոր ներկայութեան մէջ մտնելու, Անոր մասին խորհելու եւ հոգեւորապէս նորոգուելու համար։ Տասը Պատուիրաններէն թերեւս այս մէկն է, որ այսօր ամենէն շատ հարցադրումներ ու վիճաբանութիւններ յառաջացուցած է. արդեօք քրիստոնեաները այսօր պարտաւո՞ր են բառացիօրէն պահել Շաբաթ օրը։

Աւետարանները կարդացողը շուտով կը նկատէ, թէ ինչքան վճռորոշ դեր ունէր Շաբաթ օրը Յիսուսի ժամանակներու հրեաներուն կեանքին մէջ։ Եօթներորդ օրը դարձած էր Յիսուսի եւ Փարիսեցիներուն միջեւ բազմաթիւ բախումներու բեմը. այնքան, որ երբ Աւետարանին մէջ կարդանք «Օրը Շաբաթ էր…» (Յհ 9․14), գրեթէ կանխազգացում մը կ’ունենանք, որ նոր վէճ մը պիտի ծագի։

Կարեւոր է շեշտել, թէ Յիսուս երբեք չխախտեց Աստուծոյ Օրէնքը։ Սակայն Ան բացայայտեց, որ Շաբաթ օրուան պատուիրանը սխալ կերպով կը մեկնաբանուէր։ Շաբաթը մարդուն համար էր, եւ ոչ թէ մարդը՝ Շաբաթին համար։ Հանգիստը այլեւս չէր սահմանափակուէր անգործութեամբ, այլ կը վերածուէր կենդանի հանդիպումի մը Աստուծոյ հետ։ Աւետարանը ուշադիր կարդացողը կը նկատէ, որ Շաբաթ օրուան շուրջ վէճերէն անմիջապէս առաջ Յիսուս կը հրաւիրէ բոլորին՝ ըսելով. «Ինծի՛ եկէ՛ք դուք բոլորդ՝ յոգնածներ եւ բեռնաւորուածներ, եւ ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի» (Մտ 11․28)։ Այս խօսքով Յիսուս կը բացայայտէ, որ ճշմարիտ հանգիստը օր մը չէ, այլ Ինքն է։

Եւ երբ Շաբաթ օրուան վէճերուն ընթացքին Յիսուս կ’ըսէ. «Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին» (Մտ 12․8), ան կը յայտարարէ հսկայական ճշմարտութիւն մը. Քրիստոսի մէջ ներկայ է Շաբաթ օրէն աւելի մեծ իրողութիւն մը։ Շաբաթը նշան էր, իսկ Քրիստոս՝ իրականութիւնը։

Այս նոյն ոգիով Պօղոս առաքեալը երբեք անհրաժեշտ չհամարեց Շաբաթ օրը պահել կամ պարտադրել հեթանոսութենէ դարձի եկած քրիստոնեաներուն։ Ան յարգանքով կը մօտենար Շաբաթը պահողներուն, սակայն խստօրէն կը հակառակէր այն գաղափարին, որ Շաբաթը պարտադրուի որպէս փրկութեան պայման կամ որպէս չափանիշ ուրիշներուն դատելու համար (տե՛ս Գղ 4․8–11, Կղս 2․16–17)։

Եբրայեցիներու նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ խոր եւ նոր աստուածաբանական բացատրութիւն մը կու տայ։ Չորրորդ գլուխին մէջ կը բացայայտէ, որ Շաբաթ օրը միշտ ալ կը մատնանշէր ապագայ եւ աւելի փառաւոր հանգիստ մը. Կ’ըսէ «Դեռ ուրիշ “հանգիստի օր” մը կայ, որ Աստուծոյ ժողովուրդին կը սպասէ։ Որովհետեւ Աստուծոյ պատրաստած հանգիստին հասնողը անոր օրինակով պիտի հանգչի իր գործերը աւարտելէ ետք, ինչպէս Աստուած ալ իր բոլոր գործերը աւարտելէ ետք “հանգչեցաւ”» (Եբր 4․9)։ Այս վերջնական հանգիստը վերջին այն օրն է, երբ ամբողջ արարչութիւնը պիտի մասնակցի Աստուծոյ փառքին, եւ մարդը պիտի հանգչի մեղքէն, ցաւէն ու մահէն։

Միեւնոյն ատեն, նամակը կը վկայէ, որ այս գալիք հանգիստին նախաճաշակը արդէն կը համտեսենք Քրիստոսի մէջ։ Անոր մէջ հաւատացողը արդէն կը սկսի «հանգչիլ իր գործերէն», ոչ թէ աշխատանք չընելով, այլ փրկութիւնը այլեւս սեփական ջանքերու չվերագրելով, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքին (Եփ 2.8):

Հետեւաբար, քրիստոնէական կեանքին մէջ հանգիստը նախ եւ առաջ հաւատքի հարց է, ոչ թէ օրացուցային կարգադրութիւն։ Շաբաթը մէկ օր անգործ մնալը չէ փրկութեան էութիւնը, այլ՝ Քրիստոսին վստահիլը։

Սակայն, այս բոլորը չի նշանակեր, որ քրիստոնեան Աստուծոյ ժողովուրդին հաւաքական պաշտամունքը երկրորդական է։ Ընդհակառակն, առաջին դարէն ի վեր, Եկեղեցին կը հաւաքուէր Կիրակի օրը՝ Տիրոջ Յարութեան օրը, որպէս «Տիրոջ Օր»։ Այդ օրը Շաբաթին փոխարինում չէր միայն, այլ՝ անոր լրումը Քրիստոսի Յարութեամբ։ Կիրակին դարձաւ այն օրը, երբ հաւատացեալները միասին կը մօտենան Աստուծոյ՝ Սուրբ Պատարագին, Սուրբ Հաղորդութեան եւ աղօթքի միջոցով։

Այս ճշմարտութիւնը գեղեցիկ կերպով կը հնչէ Յակոբոս առաքեալի խօսքին մէջ. «Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ Աստուած ինք պիտի մօտենայ ձեզի» (Յկ 4․8)։ Եկեղեցին, որպէս Քրիստոսի Մարմին, ամենէն պատշաճ վայրն է այս մօտեցումը ապրելու համար՝ այն սուրբ վայրը, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բառերով հրեշտակներու բնակարան եւ մեղքերու քաւարան է։

Ուստի, քրիստոնեան Շաբաթը չի պահեր որպէս Օրէնքի պարտադրանք, այլ կը սրբացնէ Կիրակին՝ որպէս Տիրոջ Յարութեան օր, եւ կը գտնէ իր ճշմարիտ հանգիստը ոչ թէ օրուան մէջ, այլ՝ կենդանի Քրիստոսի մէջ։

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան