
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց,
եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով, Հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները, եւ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդով բացուող Նոր Տարուան սեմին կ’ըսենք՝ Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. թող Նոր Տարին Աստուծոյ Որդւոյն աշխարհ բերած երկնային ճշմարտութիւններով, բարիքներով ու շնորհներով լեցուի մեր ազգին ու հայրենիքին կեանքը:
Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,
Անցնող տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր տարին Հայրապետական յատուկ Հռչակագրով նուիրեցինք մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն ու ընդհանրապէս կեանքին մէջ: Մեր թեմերուն ու ժողովուրդի զաւակներուն վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեր փորձառութիւնը ցոյց տուին, որ անոնք եղան մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը նոր հորիզոններու բացող, ինչպէս նաեւ նոր մտածելակերպեր ու գործելակերպեր յառաջացնելու ձգտող իւրայատուկ քայլեր: Արդ, մեկնելով այս քաջալերական երեւոյթէն, նոր բացուող 2026 տարին որոշեցինք հռչակել՝
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ
Պարագայական որոշում մը չէ սա, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն մը՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Արդարեւ, մտահոգիչ երեւոյթ մը, որ կրնայ մեզ հեռացնել մեր հոգեւոր արժէքներէն ու աւանդութիւններէն, մեր արմատներէն ու ինքնութենէն. այլ խօսքով՝ մեր կեանքին գոյութեան աղբիւրէն, Աստուծմէ:
Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը գրէ.– «Անոնք որ միա՛յն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղե-
կավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ’ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է»: Շարունակելով իր խօսքը, Առաքեալը կը հաստատէ՝ «Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ» (Հռ 8.5-8):
Առաքեալին համար հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հոգեւորը նկատել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աստուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռնանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած:
Ներկայ ժամանակներուն, համաշխարհայնացած, աշխարհայնացած եւ ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած աշխարհին մէջ, ի տես պատերազմներով ու բռնութեամբ լեցուն ընկերութեան կեանքին, կենսոլորտային վտանգներուն, տնտեսական եւ այլ բազմազան տագնապներուն, դէպի հոգեւոր կեանք շարժում մը սկսած է դառնալ ակներեւ ամէ՛ն տեղ եւ բոլոր կրօններէն ներս: Ոմանք դէպի հոգեւոր հակումը կը նկատեն նիւթական աշխարհին մէջ մարդոց ունեցած ձախողութեան արդիւնք: Ուրիշներ, զայն կը մեկնաբանեն մէկ կողմէն, որպէս ծայրայեղ ու արմատական կրօնական շարժումներու արտայայտութիւն ու միւս կողմէն՝ տակաւ աճող բռնարարքներու եւ ահաբեկչական երեւոյթներու հակազդեցութիւն: Կան նաեւ ոմանք, որոնք դէպի հոգեւոր շարժում հակումը կը մեկնաբանեն որպէս երկնային միջամտութիւն՝ երկինքէն հեռացած եւ նիւթականով տիրապետուած աշխարհին մէջ: Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի, հոգեւոր կեանքին նկատմամբ հետզհետէ աճող ձգտում մը, հետաքրքրութիւն մը, հոգեւոր սնունդի կարօտ մը նկատառելի է՝ փառքով, հաճոյքով ու նիւթականով յղփացած ներկայ աշխարհին մէջ:
Դրական նկատուող այս երեւոյթին դիմաց նաեւ կը տեսնենք հոգեւոր կեանքի շահագործում: Հեռատեսիլներու վրայ երբեմն ականատես կ’ըլլանք այնպիսի տեսարաններու եւ ընկերային ցանցերու ճամբով յաճախ կը լսենք այնպիսի երեւոյթներու մասին – օրինակ հիւանդութիւններու բուժում ու տարօրինակ գուշակութիւններ – որոնք մեծ մասամբ կեղծ են ու փաստօրէն կը հետապնդեն շահադիտական նպատակներ: Հոգեւոր արժէքները երբեմն կը շահագործուին բռնարարքներ կազմակերպելու եւ ատելութիւն սերմանելու նպատակով: Միւս կողմէն, ականատես ու ականջալուր կ’ըլլանք հոգեւոր կեանքին նկատմամբ արհամարհական մօտեցումներու, զայն նկատելով անիմաստ ու ժամանակավրէպ: Յիշեալ բացասական ու հակասական երեւոյթները ու մօտեցումները մեզ կը մղեն ճիշդ տեղեկութիւն, յստակ տեսակէտ եւ ուղղութիւն ունենալու հոգեւոր կեանքի իմաստին, նպատակին ու մանաւանդ անոր կարեւորութեան մասին:
ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԸ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ
Հոգեւոր կեանքը աշխարհի բոլոր կրօններու կենցաղակերպին, մտածելակերպին ու գործելակերպին էական մասը կը կազմէ: Այս ծիրէն ներս հասարակաց երեւոյթներու կողքին, կրօններու մօտ կան նաեւ տարբեր մօտեցումներ: Միաստուածեան երեք կրօններուն՝ հրէութեան, քրիստոնէութեան ու իսլամութեան մօտ նմանութիւնները տիրական են, բայց նաեւ շեշտաւորումի ու արտայայտութեան տարբերութիւններ գոյութիւն ունին: Հրէութեան մօտ հոգեւոր կեանքը կ’արտայայտուի Թովրայի նկատմամբ հաւատարմութեան ու աւանդութիւններու տառացի պահպանման մէջ, իսկ Իսլամութեան մօտ Քուրանի եւ Հատիս Նապաուի ուսուցումներուն անթերի գործադրութեան մէջ: Արեւելեան կրօններ՝ պուտիզմը, հինտուիզմը, Ճինիզմը ու Սիխիզմը, հետեւելով իրենց հիմնադիրներու կեանքին ու մտածողութեան, կը շեշտեն բարոյական սկզբունքներուն կիրառումը եւ միստիկ աւանդութիւններով – խոկում, եոկա, խիստ ծոմապահութիւն, ինքնազրկում, եւայլն – յատկանշուող վանական դրութիւնը: Ափրիկեան կրօններ հոգեւոր կեանքը կ’արտայայտեն երգի, պարի կամ մշակութի այլ ճիւղերու ճամբով:
Աշխարհի կրօններու շարքին քրիստոնէութիւնը իր ողջ պատմութեան ընթացքին իրեն յատուկ ուսուցումներու, սրբազան արժէքներու ու բարոյական սկզբունքներու շարքին նաեւ ներառած է այլ կրօններէն հոգեւոր կեանքի հետ աղերս ունեցող որոշ կերպեր ու աւանդութիւններ, անոնց տալով քրիստոնէական իմաստ, ինքնութիւն ու նկարագիր: Երեւոյթ մը, որ այնքան տիրական է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, մասնաւորաբար հեթանոսութենէն քրիստոնէութիւն դարձի ժամանակաշրջանին:
Շար.1
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
