
Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը:

Սուրբ Պատարագին մասնակցելու նպատակով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աուն ուղարկեց իր ներկայացուցիչը՝ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։

Յընթացս Սուրբ Պատարագին, լուսարարապետ սրբազան հայրը, «Լոյս ի լուսոյ» շարականին երգակցութեամբ, Միւռոնաթափ Աղաւնին Սուրբ Երրորդութիւն խորանէն առնելով՝ յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ, իր կարգին, կատարեց Քրիստոս մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը յղեց իր հայրապետական պատգամը:
Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։