Երեքշաբթի, 6 Յունուար 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով նշուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ տօնին առիթով քարոզեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան։
Սուրբ խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրերը՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Միքայէլեանը։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ տիկին Ծովիկ Թէրզեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ երեսփոխաններ։
Ներկայ էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր հովիւ` Տ. Հայկ Քահանայ Շահինեան եւ քաղաքական դէմքեր՝ նախարար Սթիվըն Լեչչէ, երեսփոխաններ Արիս Պապիկեան եւ Ճոնաթըն Ցաօ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ սրբալոյս միւռոնով Ջրօրհնէքի արարողութիւնը՝ ի յիշատակ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութեան։
Ջրօրհնէքի արարողութեան աւարտին քաղաքական ներկայացուցիչները իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին եւ շնորհաւորեցին Հայ Համայնքը Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ