
Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2026-ին, Ճրագալոյցի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Պատարագի ընթացքին, Հայր սուրբը ընթերցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբազան Արք. Չարեանի խօսքը Քրիստոս Սուրբ Ծննդեան առիթով, որուն մէջ շեշտուեցաւ Սուրբ Ծննդեան հոգեւոր խորհուրդը եւ Քրիստոսի գալուստով աշխարհին տրուած փրկարար լոյսը։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան նախատօնակը․ երգուեցաւ «Խորհուրդ Մեծ»-ը, եւ հաւատացեալները վառեցին իրենց մոմերը՝ խորանէն իջնող լոյսէն, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի Ծնունդով աշխարհ մտնող աստուածային լոյսը, որ կը ցրուէ խաւարը եւ կեանք կը պարգեւէ մարդոց։
Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց «Բարիքեան» կրտսերաց դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի։
