Քրիստոսի ծննդեան ժամանակաշրջանին, Իսրայէլ կը գտնուէր Հռոմէական կայսրութեան իշխանութեան ներքեւ: Օգոստոս կայսեր հրամանագիրով, Կայսրութեան տարածքին մարդահամար մը կը սկսի, ըստ որուն, իւրաքանչիւր անձ պէտք էր գրանցուէր իր ծննդավայրին մէջ, ուստի, Յովսէփ եւ Մարիամ Բեթղեհէմ կու գան եւ տեղի չգոյութեան պատճառով քարայրի մը մէջ կը գիշերեն: Նոյն գիշեր կը ծնի աշխարհի Փրկիչը` Յիսուս: Ս. Ծննդեան վկաները կը դառնան մօտակայ հովիւները, որոնք հրեշտակներէն կը տեղեկանան Փրկիչին ծնունդը:

Հրեշտակը կ’ըսէ անոնց. «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է: Հետեւեալը ապացոյց ըլլայ ձեզի.- հոն մանուկ մը պիտի գտնէք՝ խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած» (Ղկ 2.10-12): Յանկարծ այդ հրեշտակին կը միանան երկնային զօրքերու բազմութիւն մը, որոնք Աստուած կը գովաբանէն եւ կ՚ըսէն. «Բարձրունքներու մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղկ 2.14): Երբ հրեշտակները երկինք բարձրացան, հովիւները իրարու ըսին. «Եկէք Բեթղեհեմ երթա՛նք, եւ տեսնե՛նք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց» (Ղկ 2.15): Ուստի գացին աճապարելով, եւ գտան Մարիամն ու Յովսէփը, եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը:
Արեւելքէն մոգեր եկան` հետեւելով երկինքին վրայ փայլող աստղին: Անոնք ընծաներ նուիրեցին Յիսուս Մանուկին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր հոգեւոր խորհուրդը ունի.(Մտ 2.11):
-Ոսկին թագաւորներուն կը մատուցուէր, անիկա կը խորհրդանշէ Յիսուսի երկնային թագաւորութիւնը:
-Կնդրուկը խունկի ամէնէն անուշահոտ տեսակն է, որ Քրիստոսի նուիրելը կը խորհրդանշէ իր յաւիտենական քահանայապետ ըլլալը:
-Զմուռսը անուշահոտ նիւթ մըն է, որ կը պատէին մահացածներու մարմինը եւ կը խորհրդանշէ Յիսուսի մահը եւ մարմնին անապականութիւնը:
Քրիստոս երբ երեսուն տարեկան եղաւ եւ Յորդանան գետին մէջ մկրտուեցաւ, այն ատեն տեղի ունցաւ Աստուածայայտնութիւնը: Այս պատճառաւ է, որ Հայց. Առա-քելական Եկեղեցին միասին կը տօնէ Յիսուսի Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութիւնը՝ Յունուար 6-ին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան