ՈՒԶԵՑԷՔ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԳԱՅ
Նոր տարուան արշալոյսին, երբ աղօթքը առաջին արեւին լոյսը կը դարձնենք եւ աղօթքի կը կենանք, որովհետեւ բարեպաշտութեամբ կը հաւատանք ամէն սկիզբ Աստուծմով սկսելու կարեւորութեան մասին, իւրաքանչիւրս իրեն հետ իր սրտի ցաւերը, երազներուն տեսիլքը, բարի ցանկութիւնները, իղձերը, փափաքներն ու յոյսերը կը բերէ։ Այդ բոլորը կը բերենք, քանի բարեգութ Աստուծոյ մասին մեր ըմբռնումը կը քաջալերէ զայն։
Սակայն, եկէք Աստուծոյ մասին մեր անհատական ըմբռնումները մէկ կողմ դնենք, եւ Աստուծմէ խնդրենք ա՛յն, ինչ որ Ինք կ’ուզէ մեզմէ խնդրել։ Մտածա՞ծ ես Աստուած Ինք ի՞նչ կ’ուզէ քեզմէ։
Օր մը մէկը Յիսուսի մօտենալով ըսաւ. Տէր, ըսէ՛ եղբօրս, որ մեր ժառանգէն բաժինս տայ ինծի։ Եթէ աւետարանի այս հատուածը անծանօթ է ձեզի, հաւանաբար պիտի ակնկալէք, որ ամենաբարին Աստուած, կանչէր եղբօրը, եւ ըսէր. Եղբօրդ իրաւունքը տուր իրեն։
Տարբեր էր Յիսուսի պատասխանը. Յիսուս ըսաւ. «ո՞վ ինծի դատաւոր եւ բաժանարար կարգեց ձեր վրայ»։ Եւ Յիսուս, անկէ ետք մարդկային մտահոգութիւններուն եւ երեւոյթներուն մասին անդրադարձաւ։ Պատմեց շտեմարանները լեցնելով զբաղուող մարդուն մասին, խօսեցաւ ինչպէս մարդիկ զուր տեղ կը մտահոգուին իրենց հագուելիքով, ուտելիքով, եւ նկարագրեց Աստուած ինչ գեղեցիկ կը հագցնէ դաշտի ծաղիկները կամ կը կերակրէ երկինքի թռչունները։ Եւ եզրակացուց ըսելով. «Ձեր հայրը գիտէ որ այդ բոլորին պէտք ունիք… ուզեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Ղկ 12։13)։
Ի՞նչ է արքայութիւնը, զոր Քրիստոս կը թելադրէ մեզի մեր մտահոգութիւններուն առաջինը դարձնել։ Ասոր պատասխանը կու տայ Պօղոս առաքեալ. «Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած։ Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ’ըլլայ» (Հռ 14։17-18)։

Այլ խօսքով, արքայութիւնը կը սկսի երբ մարդիկ սիրով շարժին ու հաճութեամբ ապրին։
Եթէ այսպէս է, ապա նոր տարուան շեմին մեր աղօթքն ու մեր ներքին կողմնացոյցը պէտք է ուղղուի ոչ թէ միայն այն բաներուն, որոնք կ’ուզենք Աստուծմէ ստանալ, այլ այն կեանքին, որ Աստուած կ’ուզէ մեզմով կերտել։
Աստուծոյ արքայութիւնը տեղ մը չէ, որուն կը հասնինք օր մը, այլ կեանքի ձեւ մըն է, որ կը սկսի այսօր՝ մեր սրտին մէջ։ Երբ արդարութիւնը կը դառնայ մեր որոշումներուն չափանիշը, երբ խաղաղութիւնը կը դառնայ մեր խօսքերուն շունչը, եւ երբ Սուրբ Հոգիէն ծնած խնդութիւնը կը յաղթէ վախին ու տրտմութեան, այն ատեն արքայութիւնը արդէն ներկայ է մեր մէջ։
Նոր տարին մեզմէ իւրաքանչիւրին առջեւ նոր էջ մըն է։ Սակայն հարցը այն չէ, թէ ի՛նչ պիտի գրենք այդ էջին վրայ, այլ՝ ո՛վ պիտի առաջնորդէ մեր գրիչը։ Եթէ մեր կեանքը առաջնորդուի միայն հաշիւներով, ապահովութիւններու փնտռտուքով ու վաղուան վախով, ապա նոյն դատարկ շրջանին մէջ պիտի դառնանք։ Բայց եթէ նախ Աստուծոյ արքայութիւնը ուզենք, ապա կեանքը կը ստանայ իր ճշմարիտ ուղղութիւնը։
Քրիստոս մեզ չի խոստանար կեանք մը առանց դժուարութիւններու, բայց կը խոստանայ իմաստ մը, որ կը գերազանցէ դժուարութիւնները։ Ան չի խոստանար հոգսերէ ազատ կեանք, այլ սիրտ մը, որ հոգսերուն մէջ իսկ կը գտնէ վստահութիւն եւ խաղաղութիւն։ Երբ մարդ իր տեղը կը գտնէ Աստուծոյ կամքին մէջ, այն ատեն անհրաժեշտը կը դառնայ բաւարար, իսկ բաւարարը՝ օրհնութիւն։
Ուրեմն աղօթեցէք ոչ միայն աւելի լաւ օրերու համար, այլ աւելի լաւ սրտերու համար։ Ոչ միայն յաջողութիւններու համար, այլ հաւատարմութեան համար։ Ոչ միայն երկար կեանքի համար, այլ կեանքի, որ լեցուն է Աստուծոյ արքայութեամբ՝ արդարութեամբ, խաղաղութեամբ եւ խնդութեամբ։
Յիսուս կը թելադրէ, որ «Թագաւորութիւնդ թող գայ» առաջին ցանկութիւնդ ըլլայ, վստահ ըլլալով, որ մեր Հայրը՝ որ գիտէ մեր պէտքերը, մեզի պիտի տայ ոչ միայն այն ինչ որ անհրաժեշտ է, այլ «աւելիով»՝ այն խաղաղութիւնը, այն խնդութիւնը եւ այն շնորհքը, որուն կարիքը ունի մեր հոգին։
Թող այս նոր տարին ըլլայ արքայութեան տարի մը մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր համայնքին մէջ եւ մեր անձնական կեանքին մէջ։ Ամէն։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան