Կիրակի 21 Դեկտ. 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները «Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան» զոյգ տօները ցնծութեամբ տօնեցին:
Աւարտին, Կաղանդ պապուկի գալուստով, փոքրիկները երգեցին եւ արտասանեցին, իսկ Կաղանդ պապուկը գնահատեց նուէրներ բաժնելով եւ ուրախացուց զիրենք:
Ապա եկեղեցւոյս Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. յանուն Գերշ. Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Գերպտ.Հայր Սուրբին եւ Հոգաբարձութեան՝ շնորհաւորեց բոլորին Ամանորն ու Ս. Ծննդեան տօները:
Տէր Հայրը՝ յանուն եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին շնորհակալութիւն յայտնեց կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութեան ու ուսուցչական կազմին, որոնք ամբողջ տարին կամաւորաբար նուիրուած էին քրիստոնէական գիտելիքներ եւ դաստիարակութիւն ջամբելով աշակերտութեան:















