ՊԱՏՈՒԻՐԱՆ ԵՐՐՈՐԴ

ԱՍՏՈՒԱԾ ԱՆՈՒՆ ՈՒՆԻ՞

Անցեալ յօդուածով կարգ մը մտածումներ բաժնեցինք երրորդ պատուիրանին շուրջ, որ եթէ պիտի ամփոփենք, կ’ըսէ Աստուծոյ անունը պարապ տեղ բերանդ մի առներ։ Եւ ըսի, «Աստուած» բառը Տիրոջ անունը չէ. «Աստուած» պարզապէս «գերագոյն էակ» կը նշանակէ, որուն համար նախաքրիստոնէական շրջանի մեր նախահայրերը Վահագնը, Աստղիկը, Անահիտն ու ուրիշներ «աստուած» կոչած են։ 

Ուրեմն ի՞նչ է Քրիստոնեաներուս Աստուծոյ անունը, Անոր՝ որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ Անուն ունի՞ Ան։

Առաջին անգամ այս մասին կը կարդանք, երբ Աստուած ինքզինք Մովսէսին յայտնեց, որպէսզի Իր ժողովուրդը Եգիպտոսէն դուրս հանէ, քանի «Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործաւորներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի…» (Ել 3։7)։ Այն ատեն, Մովսէս Աստուծոյ անունը հարցուց, եւ Աստուած պատասխանեց «Ես եմ ՈՐ ԷՆ…. իմ անունս յաւիտեան այս է» (Ել 3։14-15)։ Անուն մը, որ Աստուծոյ բացարձակ էութիւնը ցոյց կու տայ, որ ո՛չ սկիզբ, ո՛չ վերջ եւ ուրիշէն կախեալ չէ։ 

Աստուածաշունչին մէջ «Ես եմ ՈՐ Էն» (I AM WHO I AM) թարգմանուած է «Եհովա», իսկ անգլերէնով YAHEW բառով, որ եբրայերէն բառին թարգմանութիւնն է եւ կը նշանակէ «ԱՆ Է ՈՐ Է»։ Երբ Աստուած ինքնիր մասին կը խօսի, կ’ըսէ «ԵՍ ԵՄ». Իսկ երբ մենք կը խօսինք անոր մասին կ’ըսենք՝ «ԱՆ Է»։ Ուրեմն, երբ Աստուածաշունչին մէջ «Եհովա» կը կարդանք, կը նշանակէ «ԱՆ Է ՈՐ Է» կը կարդանք, այսինքն՝ «միշտ գոյութիւն ունեցողը», «յաւիտեան»ը, «ինքնաբաւ»ը։

Ինչո՞ւ համար Աստուած չուզեր, որ Անոր անունը զուր տեղ գործածենք։ Ասոր պատասխանը Եսայի մարգարէն է, որ լաւագոյնս կու տայ։ Մարգարէն կ’ըսէ, «Անոր անունը Սուրբ է» (Ես 57։15). Իսկ մարդացած Աստուծոյ համար, մարգարէն հետեւեալը կ’ըսէ. «Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի Որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ։ Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենական Հայր, Խաղաղութեան Իշխան» (Ես 9։6)։ Մատթէոսի մէջ, երբ հրեշտակը Յովսէփին կը յայտնուի կը կարդանք. «Որդի մը պիտի ծնի եւ զայն պիտի կոչես Յիսուս, որովհետեւ անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ» (Մտ 1։21). «Յիսուս» բառը Յունարէն դարձուածքն է «Յեսու» (Եհոշուահ) անունին, որ կը նշանակէ «Եհովան փրկութիւն է» կամ «Եհովան կը փրկէ»։
Յայտնութեան գիրքին մէջ հետեւեալը արձանագրուած է. «Անոր պատմուճանին եւ ազդրին վրայ գրուած անուն մը կար «ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵՒ ՏԷՐԵՐՈՒ ՏԷՐ» (Յյտ 19։16):

Շատ մը ուրիշ մէջբերումներ ալ կարելի է ընել Աստուածաշունչէն, Աստուծոյ անունին մասին. կան, որ կը խօսին Իր նախանձախնդրութեան մասին, յաւիտենականութեան մասին, «Այբը եւ Ֆէն, Սկիզբն ու Վախճանը» (Յյտ 21։6) ըլլալուն մասին։  

Ա՛յդ է Ան՝ Իր անունը, Իր իրականութիւնը, Իր աստուածային էութիւնը։ Զուր տեղ մի՛ գործածեր զԱյն կամ Անոր էութեան որեւէ կողմը, այսինքն՝ Անոր անունը։

«Զուր տեղը առնել»՝ ի՞նչ կը նշանակէ։

Կարճ ասած, զուր տեղը առնել կը նշանակէ չարժեւորել, չյարգել եւ լրջութեամբ չվերաբերուիլ Աստուծոյ իրականութեան եւ Անոր անունին հետ։

Այս մէկը կը նշանակէ, որ կրնանք Աստուծոյ անունը մեր մտքերուն, զգացումներուն, խօսքերուն եւ գործերուն մէջ ներառել, որպէսզի ըլլան օրհնուած եւ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, քանի առաքեալն ալ կ’ըսէ. «Թող Քրիստոսի խօսքը ձեր մէջ բնակի իր ամբողջ հարստութեամբ, որպէսզի կատարեալ իմաստութեամբ սորվեցնէք իրարու եւ իրար խրատէք, եւ սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր սրտերուն մէջ շնորհակալութեամբ զԱստուած օրհներգէք։ Եւ  ինչ որ ալ ընէք, խօսքով թէ գործով, միշտ Տէր Յիսուսի անունով ըրէք, անոր միջոցաւ գոհութիւն յայտնելով Հօր Աստուծոյ» (Կղ 3։1617)։ 

Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան