ԱՒԱԳ  ՍՈՒՐԲԵՐ

Սբ․ Ծննդեան տօնէն առաջ՝ դեկտեմբերի 20-30-ը, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ  Աւագ տօներ։ Անոնք կարգաւորուած են Սբ․ Հովհաննէս Օձնեցի Հայրապետի (688-728)թ.  կողմէ՝ Եկեղեցւոյ եօթը գլխաւոր սուրբերը յիշատակելու համար:

Անոնք են՝ Ս. Դաւիթ մարգարէն, Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալը, Ս. Ստեփանոս նախավկայ Սարկաւագը, Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալները, Որոտման որդիներ Ս. Յակոբ եւ Ս. Յովհաննէս աւետարանիչ առաքեալները:

Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալի յիշատակութեան օր:

Դաւիթ մարգարէն Բոասի և Հռութի ծոռն էր: Ան Աստուածաշունչ մատեանի Սաղմոսաց գրքի հեղինակն է: Ան հովիւ էր: Փղշտացիներու յարձակման ժամանակ յաղթեց  հսկայ Գողիաթին: Սաւուղի մահէն ետք Իսրայէլի թագաւոր կարգուեցաւ եւ հիմնեց Երուսաղէմ քաղաքը: Հին Կտակարանի ամենամեծ եւ ազդու դեմքերէն է: Աշխարհի Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս անոր սերունդէն է: 

Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալ, Աստուածաշնչական սուրբերու եւ «Գործք Առաքելոց»-ի սուրբերու միջեւ կապող օղակն է: Ան նախնական եկեղեցիին տիրական դեմքերէն է եւ Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսը: Յովսեփիոս հրեայ պատմիչը զինք «արդար» կ’անուանէ: Ան կը  խօսէր Յիսուս Մեսիայի մասին, որ նստած է Աստուծոյ Աջ կողմը, որ դարձեալ  պիտի գայ արդարութեամբ աշխարհը դատելու: Ըստ աւանդութեան, թաղուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ: Անոր անունով մեզի հասած է ընդհանրական մէկ թուղթ:

Հայ Եկեղեցին Դաւիթ մարգարէի յիշատակը կը տօնէ Յակոբոս Տեառնեղբօր հետ, որովհետեւ եթէ Դաւիթը Քրիստոսի «նախահայրն» էր ըստ մարմնի, իսկ Յակոբոսը՝ անոր ազգականը: Այս երկու սուրբերու անունները միասին կը տօնուին` որպէս խորհրդանիշ Հին եւ Նոր Ուխտերու միաձուլումը քրիստոնէութեան մէջ:  Հայ Առաքելական Եկեղեցին Ս. Դաւիթ մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալի յիշատակը կը տօնէ Սուրբ Ծնունդին նախորդող աւագ տօներու ժամանակ:

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ  ՆԱԽԱՎԿԱՅ  ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ

«Ստեփանոս Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն մարդ մըն էր, որ ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ եւ նշաններ կը կատարէր»: (Գրծ 6.8)

Համաքրիստոնէական եւ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ  սուրբերէն  ու Յիսուսի եօթանասուներկու աշակերտներէն էր Ս. Ստեփանոս Նախավկայ Սարկաւագը: Գործք Առաքելոց գրքին համաձայն, եօթը հոգիներ սարկաւագ կը ձեռնադրուին եկեղեցւոյ ծառայելու համար: Ընտրեալներուն մէջէն ամենէն շնորհալին Ս. Ստեփանոսն էր:

Ստեփանոս յունարէն կը նշանակէ պսակ կամ ծաղկեպսակ: Ս. Ստեփանոս իր արեան վկայութեամբ առաջին մարտիրոսը կը հանդիսանայ Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցւոյ: Ան իր նահատակութեամբ կը հաստատէ Յիսուս Քրիստոսի Աստուծոյ Որդին ըլլալը:

Աստուածաշունչ մատեանի Գործք Առաքելոց գիրքը կը վկայէ, թէ Ս. Ստեփանոս Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ անվախօրէն Քրիստոսի փրկագործութեան խորհուրդը  կը քարոզէր: Օրուան քահանաները եւ օրէնսգէտները Ս. Ստեփանոսի դէմ կը գրգռեն եբրայեցի ժողովուրդը եւ զայն կը յանձնեն բարձրագոյն ատեան: Անոնք քանի մը հոգիներ կաշառելով կ’ամբաստանեն, թէ «Այս մարդը անդադար հայհոյալից խօսքեր կ’ընէ այս սրբավայրին եւ Աստուծոյ օրէնքին դէմ» (Գրծ 6.13): Ս. Ստեփանոս ի պատասխան այդ զրպարտութիւններուն, Ս. Հոգիի ներշնչումով եւ զօրութեամբ, ատեանին մէջ կը սկսի մեկնել Հին Կտակարանը, բացատրելով բոլոր մարգարէներուն խօսքերը, որոնք մարգարէացած էին Մեսիային գալուստի մասին.(Գրծ 7.1-50):

Ատեանի քահանաները, Ս. Ստեփանոսի արտասանած խօսքերէն զայրացած, չեն ուզեր լսել զինք,  իսկոյն քարկոծելով կը սպաննեն  զայն: Սուրբը հոգին չաւանդած, կը բացականչէ ըսելով. «Ահա բացուած երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին, որ Աստուծոյ աջին կանգնած է» (Գրծ 7.56): Մինչ զինք կը քարկոծէին, թողութիւն կը խնդրէ Աստուծմէ, զինք քարկոծողներուն համար ըսելով. «Տէր ներէ ՛ իրենց այս մեղքը» (Գրծ 7.60 ) եւ այս գեղեցիկ տեսիլքին ներքեւ կ’աւանդէ հոգին:

Ս. Ստեփանոսի մահուան դատապարտուելու ցանկացողներէն էր Սօղոսը (հետագային Պօղոս Առաքեալը): Պօղոս Առաքեալ դարձի գալէն ետք կը գրէ. «Երբ Քու վկայիդ՝ Ստեփանոսի արիւնը կը թափէին՝ ես ալ իրենց կողքին էի, անոր մահը պահանջողներէն մէկն էի եւ սպաննողներուն վերարկուները ե՛ս բռնած էի» (Գրծ 22.20):

Գամաղիէլի եւ Նիկոդեմոսի վկայութեանց համաձայն, Սուրբը թաղուած է իրենց ագարակին մէջ:

Ս. Ստեփանոսի  մասունքները ժամանակ մը կը տեղափոխուին Կ. Պոլիս, որմէ ետք՝ Վենետիկ եւ կը տեղադրուի Ս. Գէորգ կղզիի մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամէն տարի կ’անմահացնեն անոր յիշատակը:

Հայ եկեղեցին Ս. Ստեփանոսը դասած է Աւագ Սուրբերու կարգին. զայն կը յիշատակէ դեկտ. ամսուան 25ին կամ յաջորդող օրը, ինչպէս նաեւ զայն հռչակած է «Սարկաւագներու» բարեխօսը: Արդարեւ, ամէն տարի, փառաշուք կերպով կը յիշատակուի թէ՛ վանական եւ թէ՛ թեմական եկեղեցիներէն ներս:

Ս. Ստեփանոս, որպէս անդրանիկ վկան, անձնուիրութեամբ, խիզախ ու աննկուն կամքով հարթեց այն ճանապարհը, ուրկէ պիտի քալէին այլ վկաներ ու մարտիրոսներ, վկայակոչելով մեր Տիրոջ Աւետարանին ու անոր սուրբ աւանդին մասին: Եկեղեցւոյ Հայրերը, ներբողներ հիւսած են Սուրբին մասին:

Սուրբերը առաքինի ապրելակերպով, աստուածահաճոյ վարքով, դարձան այն փայլող գիսաւոր աստղերը, որոնք մեղքով խաւարած երկնակամարը լուսաւորեցին:

Նոր Տարին դիմաւորելու համար անյետաձգելի պահանջք է լուսաւորուիլ, խաւարային  գործերէ հրաժարիլ, հաւատքը զգենուլ որպէս լուսազգեստ:

Պօղոս Առաքեալի խօսքերուն համաձայն, ունենալու համար լոյսի պտուղները. «Բարութիւնը, արդարութիւնը  եւ ճշմարտութիւնը» (Եփ 5.9):

St. Stephen the Protomartyr Deacon

“Stephen, a man full of God’s grace and power, was doing great wonders and signs among the people.” (Acts 6:8)

St. Stephen the Protomartyr Deacon was among the saints of the universal (catholic) Church and is counted among the seventy-two disciples of Jesus. According to the Book of Acts, seven men were ordained as deacons to serve the Church. Among the chosen, the most graced was St. Stephen.

“Stephen” in Greek means “crown” or “wreath.” By the witness of his blood, St. Stephen became the first martyr of the Church founded by Christ. By his martyrdom, he affirmed that Jesus Christ is the Son of God.

The Book of Acts testifies that St. Stephen, empowered by the Holy Spirit, fearlessly preached the mystery of Christ’s saving work. The priests and the teachers of the Law of that day stirred up the Hebrew people against St. Stephen and handed him over to the highest council. After bribing some men, they accused him, saying: “This man never stops speaking blasphemous words against this holy place and against the Law of God.” (Acts 6:13)

In response to these slanders, inspired and strengthened by the Holy Spirit, St. Stephen began, before the council, to interpret the Old Testament—explaining the words of all the prophets who had prophesied about the coming of the Messiah. (Acts 7:1–50)

The priests of the council, enraged by St. Stephen’s words, refused to listen to him and immediately stoned him to death. Before surrendering his spirit, the saint cried out: “Behold, I see the heavens opened, and the Son of Man standing at the right hand of God.” (Acts 7:56) While they were stoning him, he begged God’s forgiveness for those stoning him, saying: “Lord, do not hold this sin against them.” (Acts 7:60) And under this beautiful vision, he surrendered his spirit.

Among those who desired St. Stephen’s condemnation was Saul (later the Apostle Paul). After his conversion, the Apostle Paul wrote: “When the blood of your witness Stephen was being shed, I myself was standing there, approving, and I was guarding the cloaks of those who were killing him.” (Acts 22:20)

According to the testimonies of Gamaliel and Nicodemus, the saint was buried in their field.

St. Stephen’s relics were transferred for a time to Constantinople, and afterward to Venice, where they were placed in the main church on the island of St. George; there his memory is commemorated every year.

The Armenian Church has ranked St. Stephen among the Great Saints. It commemorates him on December 25 or the following day, and it has also proclaimed him the intercessor of deacons. Indeed, each year he is solemnly commemorated in both monastic and diocesan churches.

St. Stephen, as the first witness, with devotion, courage, and unshakable will, paved the path on which other witnesses and martyrs would walk—testifying to the Gospel of our Lord and to His holy tradition. The Fathers of the Church have composed hymns in praise of the saint.

By their virtuous way of life and God-pleasing conduct, the saints became shining, comet-like stars that illuminated the heaven darkened by sin.

To welcome the New Year, it is an urgent necessity to be enlightened, to renounce the works of darkness, and to put on faith as a garment of light. According to the Apostle Paul, in order to bear the fruits of light: “goodness, righteousness, and truth.” (Ephesians 5:9)

ՇԱՐԱԿԱՆ՝

ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՎԿԱՅ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻ

Քրիստոսի բարի նահատակ եղար այսօր մեր մէջ, եւ յաւիտենական խորհուրդի վերնատուն մտար:

Երկնային զօրքերուն դասակից ընտրուեցար, Թագաւորէն անթառամ պսակով պսակուեցար եւ քու սուրբ արիւնովդ մկրտուեցար սուրբ Ստեփանոս, առաջին վկայ Քրիստոսի եւ մեծ նախասարկաւագ:

Այսօր, թշնամիին դէմ մարտնչեցար եւ մարդկային ցեղի պարծանքին համար արիւնովդ արքայութիւնը գնեցիր ո՜վ ճգնաւոր քրիստոսի, գոհութի՜ւն սուրբ Երրորդութեան որ քեզ, իր վկան սուրբ Ստեփանոս՝ Վերին Երուսաղէմ ընդունեց:

Compiled by Archpriest Datev Mikaelian