ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (19 .11-28)

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՇԱՀԱՐԿԵԼ ԴՐԱՄԸ

Աւետարանական այս հատուածով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ուսուցանէ իր հետեւորդներուն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է շահարկել, բազմացնել եւ ծառայեցնել մեզի տրուած շնորհքները, շահելու յաւիտենական կեանքը հետեւեալ առակով:

Մեծահարուստ ազնուական անձ մը ճամբորդութեան գնաց, նախքան մեկնիլը, կանչեց իր պաշտօնեաները եւ իւրաքանչիւրին տասը ոսկի դրամ տուաւ եւ ըսաւ. «Շահարկեցէ՛ք այս դրամը, մինչեւ վերադարձս» (Ղկ 19.13): Ազնուականը երբ վերադարձաւ, իր առաջին գործը եղաւ տուած ոսկիներուն արդիւնքը իմանալ եւ պաշտօնեաները կանչեց, որպէսզի հաշիւ ներկայացնեն: Առաջինը յայտնեց թէ տասը ոսկիները օգտագործելով, տասը եւս շահած է: Տէրը գովեց զինք իր պարտաճանաչութեան համար եւ ըսաւ. «Ապրիս, բարի եւ հաւատարիմ՝ ծառայ» (Ղկ 19.17): Ծառային հաւատարմութեան եւ պարտաճանաչութեան համար տասը քաղաքներու վերակացու նշանակեց:

Երկրորդ ծառան յայտնեց որ տասը ոսկիները գործածելով հինգ եւս շահած է, ան ալ գովեստ ստանալով, հինգ քաղաքներու վերակացու  նշանակուեցաւ:

Երրորդ ծառան ըսաւ, թէ գործածելու վախցայ, մի գուցէ կորսնցնեմ, եւ տիրոջ բարկութեան արժանանամ, հիմա նոյնութեամբ կը յանձնեմ զայն քեզի: Տէրը ըսաւ. «Չա՛ր ծառայ, քու խօսքովդ պիտի դատեմ քեզ» (Ղկ 19.22): Երրորդ ծառան պէտք էր աշխատէր, գոնէ առած ոսկիները սեղանաւորի մը յանձնէր, որ գէթ անկէ առնելիք գումարը շահէր, բայց հիմա ապարդիւն եւ ձեռնունայն կը ներկայանայ իր Տիրոջ:

Տէրը իր սպասաւորներուն կ’ըսէ. «Առէ՛ք իրմէ ոսկիները եւ տուէք անոր՝ որ տասնապատիկը շահած էր» (Ղկ 19.24):

Առակը ունի իր բարոյական եւ հոգեւոր իմաստը, թէ ինչպէս պէտք է, Աստուծմէ մարդուն՝ տրուած շնորհքներն ու  բարիքները  ընդունիլ  իբրեւ աւանդ  եւ զայն  արդիւնաւորել, հոգիի փրկութեան համար: Կերպով մը տնտեսի առակին այլ օրինակն է որ կը յիշեցնէ մեզի, քանքարներու այս առակը: Իսկ սուրբ գրային իմաստով կը խորհրդանշէ Հին Կտակարանի մարդոց իրավիճակը, որոնք չկարողացան գիտնալ եւ հասկնալ երկնաւոր Հօր կողմէ իրենց պարգեւուած շնորհքները արդիւնաւորել եւ հաւատալ Մեսիային գալուստին: Չկարողացան իրենց յանձնուած Հին Ուխտի առանձնաշնորհումները արժեւորել եւ բազմացնել, ընդհակառակը անոնք փորձեցին խափանել Յիսուսի քարոզած երկնքի Արքայութեան վարդապետութիւնը. այդ իսկ պատճառաւ իրենցմէ առնուեցաւ եւ տրուեցաւ անոնց, որոնք հաւատացին Աստուծոյ եւ իր Միածին Որդիին: Իսկ Յիսուսի դէմ եղող հակառակորդները ստացան իրենց արժանի պատիժը  եւ պիտի ստանան բոլոր անոնք որոնք տակաւին կը շարունակեն:

Քանքարներու առակով, Յիսուս մեզի կը յիշեցնէ, թէ իւրաքանչիւրիս Աստուած տուած է շնորհքներ: Եթէ քեզի տուած է հինգ քանքար եւ եղբօրդ՝ տասը, երկուքդ ալ ձեզի տրուածը պարտաւոր էք շահագործել եւ բազմացնել, դուն որքանով որ վարձատրուիս նոյնքանով ալ պիտի վարձատրուի եղբայրդ:

Կարեւորը այն է, սիրելի հաւատացեալ, թէ դուն ի՞նչ տրամադրութեամբ կ’ընդունիս Աստուծոյ քեզի տուած շնորհքները եւ կ’արժեւորես զանոնք:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան