Այս բաժինով (2 յաջորդական թիւերով) կը ներկայացնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի յօդուածը՝ նուիրուած Վեհափառ Հայրապետի Silicon Valley տուած այցելութեան իր տպաւորութիւններով: Վստահ ենք, որ հոն արծարծուած նիւթերը խորհրդածութեան լայն առիթ կրնայ ստեղծել:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ՝ ՍԻԼԻՔՈՆ ՎԱԼԻ
Վերջին օրերուն, ընկերային առցանց հարթակներու վրայ, յատկապէս Facebook-ի եւ Instagram-ի պաշտօնական թէ՛ անձնական էջերու վրայ, լայն արձագանգ գտած եւ մեծերու թէ՛ երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը գրաւող դէպքի մը պիտի անդրադառնամ եւ պիտի փորձեմ անոր արժեւորումը կատարել: Իբրեւ ականատես Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Սիլիքոն Վալի (Silicon Valley) շրջանին մէջ հաստատուած ճարտարագիտութեան աշխարհահռչակ կեդրոններուն (Nvidia, Intel, Apple) տուած այցելութեան, դէպքը կը գտնեմ յատկանշական, աննախադէպ եւ պատմական: Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն հանդիսացաւ այն վեհափառը, որ կարողացաւ քայլ պահել մարդկային յարափոփոխ սերունդներուն (Millennials, Gen Z, Gen Alpha) հետ եւ երկխօսութիւն ստեղծել ճարտարագիտութեան օրօրոցին մէջ ճօճուող նոր սերունդին հետ:

Իսկ ինչո՞ւ Վեհափառ Հայրապետը որոշեց այցելել Սիլիքոն Վալի եւ այդ ալ՝ հովուապետական այցելութեան գերխճողուած օրերուն,– որովհետեւ Նորին Սրբութեան համար անիկա լաւագոյն առիթը պիտի ըլլար ծանօթանալու մարդկութեան ապագան ձեւաւորելու կոչուած նոր ոյժին, ինչպէս նաեւ սերտելու կարելիութիւնը ազգային աւանդը ժամանակակից գիտութեան կամրջելու եւ հնարաւորութիւնը՝ հայ ազգային արժէքները ճարտարագիտական բարձրագոյն ոլորտներով երիտասարդութեան առաւել մատչելի դարձնելու: Հարկ է խոստովանիլ, թէ Նորին Սրբութեան փափաքով իրականացած այս եզակի այցելութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւնը ընծայեց ճարտարագիտութեան եւ նորարարութեան աշխարհին նկատմամբ մեր միտքը չարչրկող հարցումներուն գէթ մասնակի պատասխաններ ունենալու, մեր ունեցած մակերեսային ծանօթութեան դոյզն հիմնաւորումներ ստանալու, անծայրածիր հորիզոնի մը դիմաց կանգնած ըլլալու եւ թաքուն մարտահրաւէրներով լեցուն ապագայի մը մասին մտածելու:
Սովորական վայր մը չէ Սիլիքոն Վալին, այլ՝ մարդկային մտքի տարողութիւնը արտայայտող ու թռիչքին ազատ խոյանք տուող աշխարհ մը: Նորարարութեան ու ճարտարագիտութեան մայրաքաղաքը նկատուած Սիլքիոն Վալիի հիմնադիրն է Stanford համալսարանը, որուն տնօրէնութիւնը 1891 թուականէն ի վեր իր երիտասարդ շրջանաւարտներուն փայլուն գաղափարները կ’արժեւորէ, անոնց երազանքներուն լայն կարելիութիւններ կ’ընծայէ եւ աննախընթաց ձեռնարկները կը քաջալերէ: 1970-ականներուն հովիտը կոչած են «Սիլիքոն», որովհետեւ առաջին անգամ հոն պատրաստուած է ճարտարագիտութեան անկիւնաքարը նկատուող չիբերը, որոնց հում նիւթն է Սիլիքոնը: 2018-ի տուեալներուն համաձայն, աշխարհի վրայ շուրջ 8 միլիոն գիտնական կը զբաղի ճարտարագիտութեամբ: Մասնագէտներուն կողմէ մեզի փոխանցուած այս հակիրճ պատմականը՝ առաւել սրեց մեր հետաքրքրութիւնը մեր այցելած վայրին եւ տուեալ մարզին մասին:
Աւելին, Սիլիքոն Վալիի ճարտարագիտութեան մարզին մէջ կ’աշխատին բացառիկ ներուժով օժտուած ու պայծառ գաղափարներով իրենց կարեւոր ներդրումը բերող հարիւրաւոր հայորդիներ: Այդ հոյլին կարկառուն դէմքերէն մէկն է Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, որ Synopsis ընկերութեան գլխաւոր ճարտարագէտն է, Synopsis Armenia հաստատութեան նախագահն է եւ Armenian Virtual College-ի (AVC) հիմնադիր նախագահն է: Ան մեծ ներդրում ունեցած է ճարտարագիտութեան զարգացման ու տարածման մէջ: Դոկտ. Զօրեան իր բնագաւառին մէջ համաշխարհային վարկ վայելող ճարտարագէտ մըն է, որ իր աշխատանքի արգասիքէն առիւծի բաժինը տուած է հայ ազգին: Առ ի գնահատանք իր գործունէութեան ու վաստակին, Սուրբ Աթոռիս գահակալ Հայրապետը Դոկտ. Զօրեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Ուրախութիւն էր նաեւ իմանալ, թէ Invidia ընկերութեան երկու փոխ նախագահները հայեր են եւ մեծ գոհունակութիւն էր տեսնել յիշեալ մարզին մէջ գործող հմուտ հայորդիներ, որոնց շարքին՝ ճարտարագէտ Գէորգ Քէշիշեան, որ Intel հաստատութեան գործադիր տնօրէններէն մէկն է:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խորազնին, ընդգրկուն եւ հետաքրքրական հարցումներ ուղղեց մասնագէտներուն: Նորին Սրբութեան եւ մասնագէտներուն միջեւ տեղի ունեցած երկխօսութենէն մի քանի շահեկան նշումներ.

Մարդկային բանականութիւնը եւ արուեստական բանականութիւնը նոյնը չեն: Սակայն, արուեստական բանականութիւնը այսօր հասած է իր չորրորդ հանգրուանին, այսինքն՝ օգնականի դերակատարութիւն ունի: Այսօր իւրաքանչիւր անձ իր բջիջայինին կամ համակարգիչին մէջ օգնական մը ունի: Այդ օգնականը մարդէն կը զատորոշուի յատկապէս իր արագութեամբ: Ան կրնայ արագօրէն եւ արհեստավարժ կերպով ենթակային օրակարգը կազմակերպել, նամակ խմբագրել, յօդուած մը պատրաստել, գրութիւնը նկարի վերածել եւ այլն: Հանգրուան մը, որ մեր առօրեան կը դիւրացնէ եւ ժամանակ կը խնայէ: Ինչ կը վերաբերի անոր զարգացումին, արուեստական բանականութիւնը այսօր կրնայ թուաբանական բարդ հարցեր լուծել: Քանի մը ամիս ետք, թուաբանական բոլոր հարցերը պիտի կարողանայ լուծել, իսկ անկէ ետք պիտի անցնի բնագիտութեան մարզին, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ այդ բնագաւառին յառաջդիմութեան: Արուեստական բանականութեամբ բանող դիտակներ կան, որոնք կը տեսնեն այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք չեն տեսնուիր մարդկային աչքով: Տարիներ առաջ կ’ըսէինք, թէ արուեստական բանականութիւնը կը համապատասխանէ 10 տարեկան մանուկի բանականութեան, իսկ այսօր Նոպէլեան մրցանակակիրի մը բանական տարողութեան հասած է: Մինչեւ ո՛ւր կը հասնի անոր զարգացումը, տակաւին կը սերտենք, քանի յստակ չէ մեզի համար:
— Ո՞ւր է ճարտարագիտութեան տեղը եւ ի՞նչ է անոր դերը համաշխարհային գետնի վրայ:
—— Համաշխարհային մաշտաբով, այսօր մարդկութիւնը իր ուշադրութիւնը սեւեռած է ճարտարագիտական նոր զարգացումներու եւ ընկերութիւններու վրայ: Միջազգային շուկան տիրապետուած է ճարտարագիտական հինգ ընկերութիւններու կողմէ: Մեծ պետութիւններ իրենց տնտեսութիւնը, քաղաքականութիւնն ու զինուորական ոյժը կեդրոնացուցած են ճարտարագիտութեան վրայ: Հին դարերուն, բացուած ճամբաներով, ճարտարապետութիւններով, զինեալ ոյժի քանակով կը չափուէին երկրի մը մեծութիւնն ու կարողութիւնը. մինչ այսօր՝ երկիրներու ելեւմուտը, ճարտարապետական հմտութիւնը եւ զինուորական ձիրքը կախեալ են տուեալ երկրին արտադրած ու զարգացուցած ճարտարագիտութենէն:
— Այսօր մարդկային ընկերութիւն մուտք գործած է եւ լայնօրէն կը տարածուի արուեստական բանականութիւնը (AI): Ի՞նչ է արուեստական այս գործօնը՝ իր առաւելութիւններով ու վտանգներով:
—— Արուեստական բանականութիւնը շուրջ յիսուն տարի է ի վեր գոյութիւն ունի: Ան թուաբանական հաշուարկ մըն է: Նախ օգտագործուած է զինուորական նկատումներու համար, ապա դրուած քաղաքացիներու տրամադրութեան տակ: Այստեղ հարկ է յիշել, որ յիսուն տարի առաջ գոյութիւն ունենալով հանդերձ, արուեստական բանականութիւնը դանդաղ գործած է: Վերջին տարիներուն, ճարտարագիտական նորարարութիւններու շնորհիւ, արուեստական բանականութիւնը մեծ ոստում կատարեց եւ ներկայութիւն դարձաւ առհասարակ բոլոր մարզերէն ներս, անոնք ըլլան գիտական, բժշկական, տնտեսական, ընկերային կամ այլ: Այսօր իւրաքանչիւր առցանց ծրագիր իր մէջ ունի AI-ի կոճակ մը: Նախապէս մենք մեր հեռաձայններուն եւ համակարգիչներուն հրահանգներ կու տայինք, որպէսզի բանին, սակայն այսօր մենք անոնց հետ կը զրուցենք, որպէսզի գործեն:
— Միաստուածեան կրօններու վարդապետութիւնը կ’ըսէ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց եւ զայն օժտեց բանականութեամբ: Բնականաբար մարդկայինը եւ արուեստականը նոյնը չեն: Մարդը կը ստեղծագործէ, նոր գիւտեր կը կատարէ: Արդեօ՞ք AI-ը օր մը պիտի հասնի մարդկային բանականութեան:
—— Մարդկային բանականութիւնը եւ արուեստական բանականութիւնը նոյնը չեն: Սակայն, արուեստական բանականութիւնը այսօր հասած է իր չորրորդ հանգրուանին, այսինքն՝ օգնականի դերակատարութիւն ունի: Այսօր իւրաքանչիւր անձ իր բջիջայինին կամ համակարգիչին մէջ օգնական մը ունի: Այդ օգնականը մարդէն կը զատորոշուի յատկապէս իր արագութեամբ: Ան կրնայ արագօրէն եւ արհեստավարժ կերպով ենթակային օրակարգը կազմակերպել, նամակ խմբագրել, յօդուած մը պատրաստել, գրութիւնը նկարի վերածել եւ այլն: Հանգրուան մը, որ մեր առօրեան կը դիւրացնէ եւ ժամանակ կը խնայէ: Ինչ կը վերաբերի անոր զարգացումին, արուեստական բանականութիւնը այսօր կրնայ թուաբանական բարդ հարցեր լուծել: Քանի մը ամիս ետք, թուաբանական բոլոր հարցերը պիտի կարողանայ լուծել, իսկ անկէ ետք պիտի անցնի բնագիտութեան մարզին, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ այդ բնագաւառին յառաջդիմութեան: Արուեստական բանականութեամբ բանող դիտակներ կան, որոնք կը տեսնեն այնպիսի հիւանդութիւններ, որոնք չեն տեսնուիր մարդկային աչքով: Տարիներ առաջ կ’ըսէինք, թէ արուեստական բանականութիւնը կը համապատասխանէ 10 տարեկան մանուկի բանականութեան, իսկ այսօր Նոպէլեան մրցանակակիրի մը բանական տարողութեան հասած է: Մինչեւ ո՛ւր կը հասնի անոր զարգացումը, տակաւին կը սերտենք, քանի յստակ չէ մեզի համար:
Շար. 1.